29/05/2026
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի Կոչը Հայաստանի Առաջին Անկախութեան եւ Հանրապետութեան Հռչակման 108-րդ Տարեդարձի Առթիւ
____
Յանուն ինքնութեան ու պետականութեան:
Վեց դարերու ստրկութեան իրավիճակէն ու մեծ եղեռնի արհաւիրքէն ոտքի կանգնելով, հայ ժողովուրդը, 1918-ի Մայիս 28-ին, կերտեց ազատ ու անկախ հայրենիք:
Դիւրին չէր տեղի ունեցածը, որովհետեւ կրկին արիւն պիտի թափուէր Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ Ապարանի ճակատներուն, որպէսզի իրագործուէր անկարելին:
Արամ Մանուկեանի ու ընկերներու առաջնորդութեամբ եւ օրուան Կաթողիկոսի օրհնութեամբ կերտուեցաւ այս փառապանծ թուականը, հիմքը դնելով այսօրուան Հայաստանին:
Հայ ժողովուրդը փայփայեց այս թուականը, նոյնիսկ համայնավարական ապազգային քաղաքականութեան տարիներուն ու կը փայփայէ նաեւ այսօր, երբ ներկայ Հայաստանը իր ներկայ ղեկավարութեամբ, դարձեալ ապազգային դիրքորոշում եւ ուղղութիւն կուտայ անոր ընթացքին:
Ութը տարիներէ ի վեր, յարատեւ ընթացքով, հայ ժողովուրդի ինքնութեան ու ազգային դիմագիծի աղաւաղումը կը սպառնայ հայ ժողովուրդի հազարամեակներով կերտած պատմութեան, մշակոյթին եւ ուրոյն արժէքներու, երբ նուաստացման քաղաքականութեամբ կ'արժէզրկուին մարդկային ու ազգային արժէքներ, որոնք ձեռք բերուած են մեր մեծերու ստեղծագործութիւններով ու արեան գնով:
Պատմական ջրբաժանի առջեւ կանգնած է հայ ժողովուրդը այս օրերուն, երբ Յունիս 7-ին տեղի պիտի ունենան Հայաստանի Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները: Ճիշդ է որ Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիներն են որ կրնան քուէատուփերուն մօտենալ ու տալ իրենց ձայնը, բայց եւ այնպէս անոր, սրտատրոփ ու անձկագին կը սպասէ համայն հայութիւնը:
Իւրաքանչիւր քուէարկող քաղաքացի, հարկ է որ այդ օր մտածէ, որ իր տուած ձայնին մէջ պէտք է խտանայ առնուազն 3 հայրենակիցի իղձերն ու նպատակները, որպէսզի այդ ընտրութիւնը վերածուի 10 միլիոն աշխարհատարած հայութեան ձայնին, որոնք կը սպասեն արժէքներու վերադասաւորման ու լուսաշող ապագայի կերտման:
Ահա այսպիսի իրավիճակի մէջ է որ տեղի պիտի ունենան այս ընտրութիւնները եւ անոր արդիւնքը ճակատագրական պիտի ըլլայ համայն հայութեան:
Եթէ Մայիս 28 կերտեցինք թշնամիին դէմ ճակատամարտներու յաղթանակներով ու հերոսներու թափած արիւնով, այսօր այդպիսի յաղթանակի կարիքը ունի հայ ժողովուրդը պատասխանատու մօտեցումով իր քուէն տալու ու ո՛չ ըսելու նոյն թշնամիին ու անոր ծառայող ուժերուն. Ո՛չ ըսելու յանձնուողական ու պարտուողական վարքագծին. Ո՛չ ըսելու մեծապետական բոլոր ուժերուն, որոնք կը ձգտին իրենց շահերէն առաջնորդուելով մեր երկիրը դարձնել կռուախնձոր:
Որպէսզի Մայիս 28-ը շարունակէ գոյատեւել, հայ ժողովուրդին համար պէտք է անոր յաջորդէ որպէս հրաշագործ թուական Յունիս 7, յանուն ինքնութեան եւ պետականութեան: