ARS Toronto Roubina Chapter

ARS Toronto Roubina Chapter Contact information, map and directions, contact form, opening hours, services, ratings, photos, videos and announcements from ARS Toronto Roubina Chapter, Nonprofit Organization, 45 Hallcrown Place, Toronto, ON.

The Toronto “Roubina” chapter, a vibrant organization with over 400 members, supports local, national and international programs as part of the Armenian Relief Society’s mission to promote education, provide social services and empower women.

10/04/2026
10/04/2026
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի «Ոսկեայ oղակ» խմբակը՝ կեանքը հարստացնող նախաձեռնութիւնՏիրուկ Մարգարեան ԿարապետեանՀՕ...
09/27/2026

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի «Ոսկեայ oղակ» խմբակը՝ կեանքը հարստացնող նախաձեռնութիւն
Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի «Ոսկեայ օղակ» խմբակը, որ հիմնադրուեցաւ մայիս 2025-ին, իր հիմնադրութեան երկրորդ տարեշրջանի ընթացքին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ոսկեայ տարիքի ընկերուհիներուն համար ստեղծելով այնպիսի միջավայր մը, ուր համախմբումը, բարեկամութիւնը, առողջ ապրելակերպը եւ շարունակական ուսուցումը կը միանան մէկ ընդհանուր նպատակի շուրջ՝ աշխուժ պահելով երէց անդամները։

«Ոսկեայ օղակ» խմբակը՝ ամսական դրութեամբ կը կազմակերպէ հաւաքներ՝ իւրաքանչիւր ամսուան երրորդ հինգշաբթի օրը։ Ամենայն բծախնդրութեամբ ծրագրուած հանդիպումները կարճ ժամանակի ընթացքին վերածուեցան սպասուած առիթներու, երբ միջին հաշուով երեսունհինգ-քառասուն ընկերուհիներ կը համախմբուին՝ մասնակցելու բազմաբովանդակ ծրագիրներու եւ ընկերային հաճելի հանդիպումներու։

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան նշանակած յանձնախումբը՝ ատենապետ Հուրի Նաճարեանի գլխաւորութեամբ, մեծ նուիրումով կը կազմակերպէ «Ոսկեայ օղակ»-ի իւրաքանչիւր հանդիպման աշխատանքները, եւ հաւաքներուն յաջողութեան ի խնդիր կը մշակուին առողջապահական, կրթական, մշակութային, հոգեւոր եւ ընկերային բնոյթի բազմազան ծրագիրներ։

Ամսական հաւաքներուն անբաժանելի մասը կը կազմէ Chair Yoga աթոռի մարզանքը, համագործակցութեամբ Fieldstone Health Center-ի անձնակազմի անդամներուն, որոնց կազմակերպած մարզանքները մասնակիցներուն համար դարձած են առողջ կենցաղի կարեւոր բաղադրիչներ։ Պարբերաբար կը հրաւիրուին այլ մարզիչներ նաեւ, որոնք իրենց մարզական ներդրումով առողջ ապրելակերպի գաղտնիքները կը փոխանցեն «Ոսկեայ օղակ»-ի անդամներուն։

Խմբակին հանդիպումները նաեւ գիտելիքի փոխանցման գեղեցիկ առիթներ են։ Անցեալ տարեշրջանի ընթացքին մասնագէտներ ներկայացուցին առողջ սննդակարգի, բնաբուժութեան, ատամներու խնամքի, տարեցներու ինքնաշարժ վարելու կանոններու, հեռաձայնային եւ ելեկտրոնային խաբէութիւններու կանխարգիլման, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու պատրաստուածութեան վերաբերող նիւթեր, որոնք դարձան տեղեկատուութեան եւ գործնական գիտելիքներու օգտակար ու հարուստ աղբիւրներ։
Ծրագիրին յատկանշական բաժիններէն մէկը ՀՕՄ-ի 115-ամեակի առթիւ ակնառու ՀՕՄ-ականներու կենսագրութիւններու ներկայացումն էր։ Ամիս առ ամիս լուսարձակի տակ բերուեցան կազմակերպութեան հիմնադիրներն ու նուիրեալ դէմքերը, որոնց կեանքն ու ծառայութիւնը ոգեշնչեցին ներկաները եւ նորովի արժեւորեցին ՀՕՄ-ի հարուստ ժառանգութիւնը։

Հանդիպումները զուգորդուեցան նաեւ հայկական եւ գանատական տօներու նշումով, տարեդարձներու տօնակատարութեամբ, խաղերով, վիճակահանութիւններով եւ ջերմ հիւրասիրութեամբ։ Այս բոլոր նախաձեռնութիւնները նպաստեցին ընկերային մթնոլորտի ստեղծման եւ ՀՕՄ-ի ընկերուհիներուն միջեւ աւելի ամուր կապերու ամրապնդման։
Անցեալ տարեշրջանին, «Ոսկեայ օղակ» խմբակի անդամները առիթը ունեցան նաեւ մասնակցելու Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Ճոնաթան Ցաոյի կողմէ կազմակերպուած երէցներու ամսուան թէյասեղանին։ Այս հանդիպումը ոչ միայն գնահատանքի արտայայտութիւն էր երէցներուն նկատմամբ, այլ նաեւ առիթ՝ լսելու պետական ներկայացուցիչին խօսքերը եւ ստանալու օգտակար տեղեկատութիւններ։

Յատկանշական էր նաեւ, որ յանձնախումբը ամբողջ տարեշրջանին գործեց տնտեսող ու նուիրեալ մօտեցումով։ Հիւրասիրութիւններու, նուէրներու եւ բազմաթիւ այլ կարիքներու զգալի մասը ապահովուեցաւ յանձնախումբի անդամներուն անձնական նուիրումով եւ մասնակից ընկերուհիներու աջակցութեամբ։

Անցեալ տարուան ընթացքին՝ խմբակին հաւաքները կայացան Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։ Այս առիթով յանձնախումբը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ եկեղեցւոյ հովիւներուն եւ հոգաբարձութեան, Հայ կեդրոնի տնօրէնութեան, ՀՕՄ-ի վարչութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր նուիրատուներուն եւ մասնակից ընկերուհիներուն, որոնց աջակցութեամբ ծրագիրը յաջողութեամբ կեանքի կոչուեցաւ։

Առաջիկայ տարեշրջանին համար յանձնախումբը նախատեսած է նոր նախաձեռնութիւններ՝ խաղերու առանձին օրեր, WhatsApp-ի հաղորդակցական խումբի ստեղծում, անդամներու տեղեկատուական ցանկի ամբողջացում եւ պտոյտներու կազմակերպում։

«Ոսկեայ օղակ» խմբակը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ոչ միայն ամսական հաւաքներու շարքով, այլ նաեւ ստեղծելով այնպիսի ջերմ հանդիպումներ, ուր ոսկեայ տարիքի ընկերուհիները յարատեւ պիտի գտնեն ընկերային մթնոլորտ, հոգատարութիւն, աշխուժութիւն, գիտելիքներու բազմազանութիւն եւ նոր ներշնչումներ՝ առողջ ապրելակերպի նոր միջոցներ որդեգրելու։

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի «Ոսկեայ օղակ» նախաձեռնութիւնը, հիմնադրումն ու ընթացող համախմբումները գեղեցիկ վկայութիւններն են այն իրողութեան, որ ՀՕՄ-ի ընտանիքին մէջ ծառայութիւնը, համերաշխութիւնը եւ ազգային ու մարդկային արժէքները կը շարունակեն միաւորել սերունդները։ ֍

***

Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի սեպտ. 2026 ( #229) թիւին մէչ: Լուսանկարները տրամադրած է ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը:

Կցուած կը գտնէք ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի 2026-2027 տարեշրջանի Կրթաթոշակ Մրցանակի յայտարարութիւնը, կը խնդրուի տարածել ձ...
09/16/2026

Կցուած կը գտնէք ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի 2026-2027 տարեշրջանի Կրթաթոշակ Մրցանակի յայտարարութիւնը, կը խնդրուի տարածել ձեր հարազատներուն եւ բարեկամներուն:
ԺԱՄԿԷՏ՝ 15 Հոկտեմբեր, 2026:
Attached you will find ARS Toronto “Roubina” Chapter’s 2026-2027 Scholarship Award announcement. Please share it with your family and friends.
THE DEADLINE IS OCTOBER 15, 2026.
To apply, please visit our website https://ars-canada.ca/ars-toronto-roubina-chapter-scholarship/

Երեքշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2026-ին, տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի 2026-2027 տարեշրջանի Անդամական Ա. Ժողո...
09/12/2026

Երեքշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2026-ին, տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի 2026-2027 տարեշրջանի Անդամական Ա. Ժողովը։

Ժողովի ընթացքին, Ընկհ. Անի Հոթոյեան-Ժոլիին ձեռամբ, Լիա Տէրտէրեանին յանձնուեցաւ մրցանակ-կրթաթոշակը։

Ապա, Ձեռարուեստի Յանձնախումբին կազմակերպած Մարաշի ասեղնագործութեան դասընթացքի աւարտողները ցուցադրեցին իրենց նրբագեղ ձեռագործ աշխատանքները։ Մասնակիցներուն նուիրումն ու աշխատասիրութիւնը արտացոլուած էին իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան մէջ։

Ցուցադրութենէն ետք, դասընթացքի աւարտողները ստացան իրենց վկայագիրները՝ արժեւորելով իրենց ձեռք բերած գիտելիքն ու հմտութիւնը։

Այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը ոչ միայն առիթ հանդիսացաւ նոր հմտութիւններ ձեռք բերելու, այլեւ՝ պահպանելու եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու Մարաշի ասեղնագործութեան հարուստ աւանդութիւնը։

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը ջերմապէս կը շնորհաւորէ իր մասնաճիւղի անդամ ընկերուհիները՝ Սիլվի Օհանեան...
09/02/2026

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը ջերմապէս կը շնորհաւորէ իր մասնաճիւղի անդամ ընկերուհիները՝ Սիլվի Օհանեան, Սոնիա Գրաճեան, Լիզա Շիշոյեան, Սինթիա Ասթարճեան Սարգիսեան եւ Արշօ Աստուրեան, որոնք 1 Սեպտեմբեր 2026-ին արժանացան Օնթարիոյի Կամաւորներու Մրցանակին։

Մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ձեր նուիրուածութեան եւ անշահախնդիր ծառայութեան։ Ձեր կամաւորական ոգին եւ նուիրումը կը հանդիսանան գեղեցիկ օրինակ՝ բոլորիս համար։

Կը մաղթենք, որ այս արժանի գնահատանքը նոր խթան հանդիսանայ՝ շարունակելու ձեր առաքելութիւնը նոյն ոգեւորութեամբ եւ նուիրումով։

Նշենք նաեւ, որ ընկհ. Արշօ Աստուրեան, երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով, չկրցաւ ներկայ գտնուիլ մրցանակներու բաշխման արարողութեան։



The Board of Directors of the Armenian Relief Society “Roubina” Chapter Toronto extends its heartfelt congratulations to members Sylvie Ohanian, Sonia Kradjian, Liza Shishoyan, Cintia Astardjian Sarkissian and Arsho Astourian, who were honored with the Ontario Volunteer Service Award by the Ministry of Citizenship and Multiculturalism on September 1, 2026, at the Toronto Reference Library.

We express our deep gratitude for their dedication and selfless service. Their volunteer spirit and commitment stand as a beautiful example for all of us.
We hope that this welldeserved recognition becomes a new encouragement as they continue their work with the same enthusiasm and devotion.
We also note that ungh. Arsho Astourian, due to being out of the country, was unable to attend the award ceremony.

Հայկականութեամբ յագեցանք…Հուրինա Պէրպէրեան ՎերտանեանՏարեշրջանի մը աւարտն է, վազվըզուք եւ անհամար աշխատանք։ Միութենականնե...
09/01/2026

Հայկականութեամբ յագեցանք…
Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեան

Տարեշրջանի մը աւարտն է, վազվըզուք եւ անհամար աշխատանք։ Միութենականներ կը վազվզեն, ելոյթներ պիտի ներկայացնեն հանդիսատեսին։ Մէկ տարուան աշխատանքը պիտի բեմականացուի թորոնթոհայ գաղութին եւ յետոյ պիտի փակեն դռները ծառայութեան եւ նուիրումին՝ սեպտեմբերին դարձեալ հանդիպելու յոյսով։

Սեպտեմբերէն մինչեւ մայիս, միութենական աշխատանքներ կը ծրագրուին, Հայ կեդրոնի յարակից եւ ուղեկից բոլոր միութիւնները առանց վարանելու մեղուի աշխատասիրութեամբ օրնիբուն կ'աշխատին։ ՀՕՄ-ականներ, ՀՄԸՄ-ականներ, համազգայնականներ եւ դպրոցակններ բազում ընելիք ունին․ ինը ամիս անդադար կ'աշխատին, անոնցմէ շատեր ելոյթներ պատրաստելով, բեմական աշխատանքներ ծրագրելով, ուտեստներ պատրաստելով եւ ծախելով, ժողովներ կատարելով եւ տակաւին անթիւ եւ անհամար աշխատանքներ, որոնք մեծ սրտով եւ ուրախութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած աշխատանքները։

Մայիսին, հերթականութեամբ կը սկսին ելոյթները։ Գաղութը կը խայտայ հայկականութեամբ, կարծէք օտար ափերու մէջ չենք ապրիր։ Շաբաթական դրութեամբ համերգներ, ելոյթներ, պարային եւ եգչախմբային ներկայացումներ։ Համազգայինի սրահը կը բուրէ հայկականութեամբ։
Հայու նկարագիրն է ծառայել, աշխատիլ եւ յոգնիլ յանուն ազգային սկզբունքներու, միութենական ծրագիրներու իրագործան։ Կարծէք ծառայութեան դաշինքը դրոշմուած է հայու ինքնութեան հետ։

Աշխարհի որ երկիրը երթաս, որ անկիւնը որ հասնիս, ուր որ ալ ճամբորդես, հայը կը գործէ նոյն սկզբունքով. կը սիրէ ծառայել եւ տքնիլ յանուն ազգային սկզբունքին, հայ մնալու, ապրելու եւ հայութիւնը պահելու վեհ նպատակին։

Գանատայի թորոթոհայ գաղութն ալ անմասն չի մնար այս սկզբունքէն։ Միութենականներ իրենց առօրեայի այլազան աշխատանքներէն ետք, շաբթուան գրեթէ բոլոր օրերը կը ծառայեն միութենական գործերուն։ Ծառայութիւնը իր գագանակէտին կը հասնի երբ միութիւններ հանդէս կու գան ելոյթներով եւ զուտ հայկական ձեռնարկներով, որոնք կ'ոգեւորեն թորոնթոհայ գաղութը եւ հայկականութեամբ կը յագեցնեն ժողովուրդը։

Գաղութը եռուն է միութենական ձեռնարկներով։ Առաջներկը մայիսին է, երբ սկիզբ կ'առնէ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտական տարեկան երգչախումբի ելոյթը։ Աւելի քան վեց հարիւր աշակերտ-աշակերտուհիներ հանդէս կու գան հայրենասիրական եւ ազգային երգերով։

Անծայրածիր Գանատայի մէջ, զուտ անգլիախօս եւ ֆրանսախօս օտարներու կողքին մենք՝ փոքրաթիւ հայերս, ունինք մեզի պատկանող կառոյց, կեդրոն, հայ եկեղեցի ու դպրոց՝ իր ազգանուէր տնօրէնութեամբ եւ ուսուցչական կազմով, որուն դրոշմը կը տեսնենք, երբ աշակերտներէն իւրաքանչիւրը ուրախ դիմագիծով եւ բարձր տրամադրութեամբ կ'երգէ կամ կը նուագէ ազգային եւ հայրենասիրական երգեր։

Ելոյթի արգասիքը անխոնջ աշխատանքն է մէկ տարուան , երբ աշակերտներ դասապահերու կողքին կ՚ունենան նաեւ երաժշտական դասապահ մը, երբ կը սորվին երգեր եւ կը նուագեն փողային նուագարաններ։

Սպասուած ելոյթներ են դպրոցի երգչախմբային ներկայացումները. ծնողները ուրախութեամբ կը դիմաւորեն իրենց զաւակները, որոնք յաղթական քայլերթով եւ հպարտանքով մուտք կը գործեն սրահ ու եռեակներով կը զարդարեն հայ կեդրոնի սրահի բեմը։

Դաշնամուրի ընկերակցութեամբ ելոյթ կ՚ունենան դպրոցի բոլոր աշակերտները, որոնց երգացանկը անցեալի յուշեր կամ երբեմն քաղցր յիշատակներ կ՚արթնցնէ հանդիսատեսին մօտ։ Ինչպէ՞ս կարելի է որ փողային տասնեակ մը նուագարաններու հնչեղութիւնը ըլլայ այդքան սահուն, լսելի եւ հաճելի։ Աշակերտները հմտօրէն կը նուագեն հանդիսատեսին հրամցնելով հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները, եւ փոխարէնը անսահման ծափողջոյններով կը գնահատուին։

Կարելի չէ հայկականութեան մասին խօսիլ եւ չանդրադառնալ աշակերտական երգչախմբային ելոյթներու յաջորդող Համազգայինի ելոյթներուն, որոնք մեծ հպարտանք եւ հրճուանք կը ստեղծեն հանդիսատեսին մօտ, որ ամէն շաբաթ հայկական ելոյթ մը պիտի վայելէ յագեցնելով իր ծարաւը եւ վերապրելով հայ մշակոյթը։
Համազգայինի ելոյթները ամենայն բծախնդրութեամբ կը հրամցուին հանդիսատեսին․ մեծահասակներն ու փոքրեր ամենայն լրջութեամբ եւ հմայիչ երգեցողութեամբ հանդէս կու գան հայրենասիրական երգերով, որոնք զգուշութեամբ լսելով, երբեմն իրենց հետ երգելով կ՚ապրիս հայ երգի եւ մշակոյթի քաղցրութիւնը։

Համազգայինի պարային ելոյթները տարբեր խանդ ու եռանդ կը ստեղծեն հանդիսատեսին մօտ։ Շուրջպարն ու բերդ պարը, նազ պարն ու մենապարի ներկայացումները հպարտանքի եւ հայու լինելիութեան զգացումը կը սերմանեն դիտողին մօտ։ Փոքրերու ճկուն շարժումները, իսկ մեծերուն արուեստավարժ խաղերը ինքնին արդիւնքն են պարուսոյցի եւ պատասխանատուներու հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքին։

Համազգայինի աշակերտական արտասանական մրցաշարքը մնայուն ծրագիր է աշակերտութեան, որ անգիր եւ արտասանական յատուկ ոճով կը մասնակցի սոյն մրցոյթին ապահովելով պատուաբեր արդիւնքներ։

Ելոյթներու որպէս եզրափակիչ ներկայացում կը հանդիսանայ դպրոցական միջնակարգի եւ երկրորդականի տարեկան աշակերտական հանդէսները։

Խինդ ու բերկրանք կայ բոլորին մօտ։ Մեծ թիւով աշակերտներ շրջանաւարտ պիտի ըլլան ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանէն։ Տարեկան հանդէսը կը վայելէ աշակերտութեան եւ ծնողներու ներկայութիւնը։ Ամէն տարի յատուկ յատկանշական կարգախօսով, բացման խօսքերով եւ ուղերձներով ելոյթ կ՚ունենան աշակերտները։ Արտասանութեան մրցանակով եւ շարադրական նուէրով կը պարգեւատրուին առաջնակարգները։ Վկայուողներ, ծնողներ եւ հիւրեր կը վայելեն խրախճանքի մթնոլորտը։ Գեղեցիկ երեկոյ՝ անմոռանալի յիշատակներով լեցուն։ Խրախճանքին մէջ բնորոշուած է հայկական երաժշտութիւնը, Եարխուշտայի նոյնանման շարժումներով ներկայացուած շուրջպարը աշակերտութեանց կողմէ, օրուան կարկանդակը, որ հայկական արուեստի մարմնացումն է։ Հայ երգի հնչեղութեամբ աշակերտներ բարձր տրամադրութեամբ կը պարեն եւ կամ կ՚երգեն հայերէն երգեր՝ հրաժեշտ տալով դպրոցին, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին։

Տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին։ Երկու ամսուան ընթացքին մարդիկ պիտի վայելեն ընտանեկան արձակուրդներն ու ամառնային պտոյտները։ Բարձր տրամադրութեամբ պիտի ներկայանան ամառնային փառատօնին, ուր կերուխումին ընդմէջէն դարձեալ պիտի լսեն եւ վայելեն հայակական երաժշտութիւն հայ երգիչներու կատարողութեամբ։
Ովկիանոսներ հեռու, գանատական հողերու վրայ ունինք ամբողջական իրաւունքը մնալու, ապրելու եւ գոյատեւելու որպէս հայ։ Անսահման է կարելիութիւնը ունենալ դպրոց, կեդրոն եւ եկեղեցի ու պահել հայ մշակոյթը։ Ազատ ես խօսելու, մտածելու եւ գործելու հայօրէն։ Գաղութ մը, որ հայկականութեամբ յագեցած է։ ֍

***

Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2026 ( #228) թիւին մէջ:

Address

45 Hallcrown Place
Toronto, ON
M2J4Y4

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when ARS Toronto Roubina Chapter posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Shortcuts

Share