08/19/2026
ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՔԵՐՄԷՍ 2026
Ուրբաթ, 14 եւ Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2026-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին առիթով, տեղի ունեցաւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ տարեկան Քերմէսը Հայ Կեդրոնի շրջաբակին մէջ՝ համախմբելով մեծ թիւով հաւատացեալներ եւ հայորդիներ։
Քերմէսի երկու օրերուն ընթացքին ներկաները վայելեցին ճոխ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Երգիչներ Աննա Հարպոյեան եւ Գէորգ Գատէհճեան իրենց կատարումներով ստեղծեցին ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ, իսկ Անդրանիկ Մինասեան եւ Գէորգ Մանուկեան թմբուկի եւ զուռնայի կենդանի հնչիւններով աւելի աշխուժացուցին տօնական մթնոլորտը։ Ներկաներ նաեւ վայելեցին համեղ եւ աւանդական ճաշատեսակներ, որոնք պատրաստուած էին Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան եւ Հայ Կեդրոնի «Համով Հոտով» ճաշարանին կողմէ։
Ուրբաթ երեկոյեան, Քերմէսի պաշտօնական բացումը կատարեց Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեան։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Փաթիլ Մկրտիչեան, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ յաջողութիւն մաղթելով Քերմէսի ձեռնարկներուն։
Շաբաթ երեկոյեան, ներկաները ողջունեց Փաթիլ Սիմոնեան, որ իր բացման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ հաճելի ու ուրախ ժամանց մաղթեց։
Քերմէսը ներկայ եղան եւ իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին Դաշնակցային Խորհրդարանի Պատգամաւոր Ժան Եիփ (Jean Yip), Օնթարիոյի Նահանգային Խորհրդարանի Պատգամաւոր Արիս Պապիկեան եւ Ճանըթըն Ցաօ (Jonathan Tsao)։
Իսկ Շաբաթ երեկոյեան Քերմէսին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեան, իր կողքին ունենալով Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հայրերը՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանն ու Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանը, ինչպէս նաեւ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանն ու Արժ. Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեանը, Հոգաբարձութեան անդամները եւ Ազգային Երեսփոխանները։
Սրբազան Հայրը իր հանդիսաւոր խօսքով շնորհաւորեց Սուրբ Աստուածածնայ Ուխտի Շաբաթը, ողջունեց հաւատացեալ ժողովուրդը եւ իր գնահատանքը յայտնեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար, որ ամէն տարի առիթ կու տայ հայորդիներուն համախմբուելու եւ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ միասին տօնելու Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր մասնաւոր գնահատանքը փոխանցեց նաեւ Քերմէսի Յանձնախումբի անդամներուն, կամաւորներուն, սարկաւագներուն, դպրաց դասին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ծառայութեամբ եւ նուիրումով նպաստեցին ուխտի շաբթուան եւ Քերմէսի յաջողութեան։
Այցելութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ մատաղի պատրաստութեան աշխատանքները կատարողներուն, զրուցեց եւ խորհրդակցեցաւ ընտանիքներուն հետ, ապա այցելեց նաեւ Kids Zone-ը՝ մօտէն ծանօթանալու երեխաներուն համար պատրաստուած ծրագիրներուն եւ գործունէութիւններուն։
Սուրբ Աստուածածնայ Քերմէսը եւս մէկ անգամ առիթ հանդիսացաւ եկեղեցւոյ եւ համայնքի անդամներուն միասին համախմբուելու, պահպանելու մեր ազգային ու հոգեւոր աւանդութիւնները եւ Սուրբ Աստուածածնայ հովանիին ներքեւ ապրելու հայ համայնքային կեանքի ուրախութիւնն ու ջերմութիւնը։