09/09/2026
Պատմական օր մը՝ մեր համայնքին համար։ 🎉🇦🇲
Երէկ մեր աշակերտները առաջին անգամ մուտք գործեցին իրենց նոր դպրոցը։ Նոր միջավայր, նոր դասարաններ, նոր յոյսեր… ու ամէնէն կարեւորը՝ մեր մայրենի լեզուով կրթուելու եւ միասին մեծնալու նոր տուն մը։ ❤️
Աշակերտներուն խանդավառութիւնն ու փայլող աչքերը տեսնելը մեզի համար անգնահատելի պահ էր։ Այդ պահուն մէջ ամփոփուած էր տարիներու աշխատանքը, նուիրումը, հանգանակութիւնները, կամաւոր ջանքերը եւ մեր ամբողջ համայնքի հաւատքը՝ այս երազին նկատմամբ։
Այսօր երազը այլեւս միայն տեսիլք մը չէ։ Ան իրականութիւն է։ 🏫✨
Կը սպասենք ձեզի սեպտեմբեր 20-ին՝ Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի պաշտօնական բացումին՝ միասին տօնելու այս պատմական հանգրուանը եւ մեր համայնքին նոր տունը։
Եկէ՛ք միասին ըլլանք այս գեղեցիկ պատմութեան մէկ մասը։ ❤️🇦🇲
-
History has been made! 🎉 🇦🇲
Yesterday, our students walked through the doors of their brand-new Armenian school home for the very first time. Seeing their faces light up as they explored these modern classrooms made every fundraiser, volunteer hour, and community effort completely worth it. ❤️
Want to see the rest of the beautiful Nareg Educational and Cultural Centre? Join us for our official Grand Opening on September 20th! Let’s celebrate this incredible milestone together. 🏛️✨
#վերամուտ