24/10/2026
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ԽՕՍՔ
Գլարա Մարկոսեան Հիմնադրամին՝ Varouj Altebarmakian, Տօքթ. Վարուժ Ալթըպարմաքեանի գլխաւորութեամբ, մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք վերջին չորս տարիներուն Պէյրութի մէջ 150 պարագաներու դեղորայքի ապահովման իր նուիրական եւ մարդասիրական նախաձեռնութեան համար։
Լիբանանի` Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը սիրայօժար յանձն առած է իւրաքանչիւր անհատին դեղագիրին համապատասխան դեղորայքի ծրարներ պատրաստելու եւ զանոնք անձամբ բաժնելու պատասխանատուութիւնը։
Այսօր, առաւօտեան ժամը 8։30-էն մինչեւ 11։30, անհատները ժամանեցին Տանձիկեան Հրայր Հաստատութիւն Մքալլէս, եւ ստացան իրենց անհրաժեշտ դեղորայքը։
Մեր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Տօքթ. Վարուժ Ալթըպարմաքեանին՝ իր բարեսիրտ, մարդասիրական եւ շարունակական գործունէութեան համար, որուն շնորհիւ կարիքաւոր մեր հայրենակիցները կը ստանան իրենց անհրաժեշտ դեղորայքը։
Թող այս գեղեցիկ ծառայութիւնը շարունակէ իր օրհնաբեր առաքելութիւնը՝ յոյս, առողջութիւն եւ մխիթարութիւն պարգեւելով բոլորին։
Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում
24֊Հոկտեմբեր֊2026
#ՍուրբԷջմիածին #ԿրօնասէրՏիկնանցՀամախմբում #ԳլարաՄարկոսեանՀիմնադրամ #Բարեգործութիւն #Առողջապահութիւն #Լիբանահայ #Օգնութիւն