Organization of Istanbul Armenians (OIA)

Organization of Istanbul Armenians (OIA) Contact information, map and directions, contact form, opening hours, services, ratings, photos, videos and announcements from Organization of Istanbul Armenians (OIA), Charitable organisation, 19726 Sherman Way, Los Angeles, CA.

The OIA was established in 1976 to preserve the Armenian heritage, traditions, and culture through its literature, education, sports, and other benevolent methods.

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԳԻՐ – A Message of ThanksՕրունճաքճըէլ եւ Հըտըրշահ Ընտանիքներէն Սիրելի Ընտանիք եւ Բարեկամներ,Սոյն շնորհակալագրո...
10/03/2026

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԳԻՐ – A Message of Thanks

Օրունճաքճըէլ եւ Հըտըրշահ Ընտանիքներէն



Սիրելի Ընտանիք եւ Բարեկամներ,

Սոյն շնորհակալագրով կ՛ուզենք մեր խորին երախտագիտութիւնը յայտնել ձեզ՝ մեր սիրեցեալ մօր՝ Աղաւնի Հըտըրշահի մահուան առթիւ մեզի ցոյց տրուած սիրոյն եւ աջակցութեան համար:

Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք ներկայ գտնուեցան յուղարկաւորութեան արարողութեան, հեռաձայնելով կամ անձամբ այցելութեամբ, ծաղկեպսակներու առաքումով, նուիրատուութիւններով, կամ պարզապէս մեր ընտանիքը իրենց մտածումներուն եւ աղօթքներուն մէջ պահելուն համար:

Ձեր ազնուութիւնը, զօրակցութիւնն ու ներկայութիւնը մեզ համար մեծ նշանակութիւն ունեցան եւ մեծ մխիթարութիւն պարգեւեցին մեր ընտանիքին՝ այս դժուարին շրջանին: Իսկապէս երախտապարտ ենք ձեր իւրաքանչիւրին:

Սրտանց շնորհակալութեան զգացումներով,

Օրունճաքճըէլ եւ Հըտըրշահ Ընտանիքներ



A Message of Thanks from the Oruncakciel and Hidirshah Families

Dear Family and Friends,

We would like to express our sincere gratitude for the love and support we received following the passing of our beloved mother, Agavni Hidirshah.

Thank you to everyone who attended the funeral service, called or visited us, sent flowers, made donations, or simply kept our family in your thoughts and prayers.

Your kindness, support, and presence meant so much to us and brought our family great comfort during this difficult time. We are truly grateful to each and every one of you.

With heartfelt thanks,

The Oruncakciel Family
The Hidirshah Family

ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՐԱՐՈՒՄԻՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ.ՄԷԿԻ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ ԿՕՇԻՆ՝Ս. «ՍԱՀԱԿ-ՄԵՍՐՈՊ» ՇՔԱՆՇԱՆԻՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ«Ժամա...
10/03/2026

ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՐԱՐՈՒՄԻ

ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ.

ՄԷԿԻ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ ԿՕՇԻՆ՝

Ս. «ՍԱՀԱԿ-ՄԵՍՐՈՊ» ՇՔԱՆՇԱՆԻՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ
«Ժամանակը կը մաշեցնէ նիւթը, բայց միայն միտքն ու հոգին են, որոնք
յիշողութեան միջոցով կը յաղթեն մահուան։ Մշակոյթը ժամանակի

հանդէպ մեր հաւաքական ըմբոստացումն է։»

Անցնող օրերուն, հոգեւոր խորին վերելքով եւ խորհրդածութեամբ, կը
ծանուցանենք մեր համայնքին, թէ Արարատ-Էսքիճեան Թանգարանի եւ
Հետազօտական Կեդրոնի տնօրէնուհի եւ հոգաբարձու՝ Տկ. Մէկի Մանկասարեան
Կօշին ամենայն արժանաւորութեամբ արժանացած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակին եւ
բարձրագոյն՝ Ս. «Սահակ-Մեսրոպ» շքանշանին։
Այս վսեմաշուք պարգեւը, որ անոր շնորհուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի
Հայոց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս
Տէրտէրեանի ձեռամբ, աւելին է քան պարզապէս գնահատական: Անիկա
խորհրդանիշն է միտքի այն հաստատակամութեան, որ կը մերժէ անհետացումը
եւ անցեալի փոշիին տակէն կը վերայայտնաբերէ հայոց ինքնութեան անթառամ
լոյսը: Մէկի Մանկասարեան Կօշինի անցած ուղին ոչ թէ պարզապէս վարչական
կամ մշակութային գործունէութիւն է, այլեւ՝ ճշմարիտ հոգեւոր
ուխտագնացութիւն։
Իբրեւ տնօրէնուհի եւ պահապան՝ ան կերտեց միջոցներու եւ սերունդներու
միջեւ կամուրջ մը, ուր իւրաքանչիւր հաւաքուած արժէք դարձաւ գոյութենական
յաղթանակ՝ ընդդէմ մոռացումի խաւարին։ Թանգարանը անոր ձեռքով դարձաւ ոչ
թէ պարզապէս հին առարկաներու հանգրուան, այլ կենդանի խորան մը, ուր հայ
հոգին կը վերագտնէ իր իսկութիւնը:
Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան, Գործադիր Յանձնախումբի եւ
բոլոր ենթայանձնախումբերու անունով, խորին խոնարհումով եւ հպարտութեամբ
կը շնորհաւորենք Միութեան Պատուոյ Անդամ՝ սիրելի Մէկի Մանկասարեան
Կօշինը։ Կը մաղթենք, որ անոր միտքը մնայ յաւերժական ջահակիրը մեր
մշակութային ակունքներուն, եւ ան շարունակէ առաջնորդել մեզի դէպի այն
բարձրագոյն հորիզոնները, ուր գիտակցութիւնն ու արարումը կը միաւորուին:

Նշենք թէ` նոյն օրը Թանգարանին Հիմնադրութեան 30ամեակի
տօնակատարութիւնն էր եւ հետեւեալ անհատները թանգարանի անունով
ակադեմական շքանշան ստացան;
Փրօֆ. Թանէր Աքչամ, «Խոստումը» հայկական հիմնարկի (The Promise
Armenian Institute) Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծրագրի
հիմնադիր տնօրէն (վարիչ):
Դոկտ. Ուօլֆ Կրունէր, Շոա հիմնադրամի Ցեղասպանագիտութեան
առաջատար հետազօտութեանց կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն:
Մարք Մամիկոնեան, Ամերիկահայ հայագէտ, Հայոց ցեղասպանութեան
ժխտողականութեան, հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ինչպէս
նաեւ գրական եւ պատմական բազմաթիւ աշխատութիւններու եւ
հրապարակումներու վերաբերեալ:
եւ Ճէրի Փափազեան, «Հայ ֆիլմի հիմնարկութեան» (Armenian Film Foundation)
նախագահ:

ՄՄՕ

The Organization of Istanbul Armenians (OIA), its Board of Trustees, Executive Committee, and all of its committees exte...
09/18/2026

The Organization of Istanbul Armenians (OIA), its Board of Trustees, Executive Committee, and all of its committees extend our heartfelt condolences to Mr. and Mrs. Parunak Celikian and their entire family on the passing of Mr. Agop Terzian, the beloved father of their son-in-law.

Our thoughts and prayers are with the entire family during this time of sorrow. May his soul rest in eternal peace.

09/12/2026

Address

19726 Sherman Way
Los Angeles, CA
CA91306

Opening Hours

Monday 9am - 9pm
Tuesday 9am - 9pm
Wednesday 9am - 9pm
Thursday 9am - 9pm
Friday 9am - 9pm
Saturday 9am - 1pm
Sunday 9am - 9pm

Telephone

(818) 342-0110

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Organization of Istanbul Armenians (OIA) posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Organization

Send a message to Organization of Istanbul Armenians (OIA):

Shortcuts

Share