19/09/2026
Dosyaların Söylemedikleri: Bağlam ve Dijital Koruma
Leontien Talboom
**Ծրարներուն չըսածը. իմաստ եւ թուային պահպանում**
Լէոնթիէն Թալպում
1 Հոկտեմբեր 2026, ժամը 17:00
- Ձեռնարկին լեզուն անգլերէն է։
- Ձեռնարկին մասնակցելու համար, կը խնդրենք արձանագրուիլ։
Հաւաք սրահ, Հրանդ Տինք Հիմնարկ, Անարատ Յղութիւն։ Փափա Ռոնքալլի փողոց, 128
**Ծրարներուն չըսածը. իմաստ եւ թուային պահպանում**
Լէոնթիէն Թալպում
Թուային նիւթը շատերու աչքին բոլորովին նոր բնագաւառ կը թուի, սակայն անալոկ նիւթին հետ կիսած մարտահրաւէրներէն շատերը նոյնը կը մնան։
Թուային պահպանումը ծրարները մատչելի պահելէն զատ, նաեւ՝ զանոնք հասկնալի դարձնող ենթահողին եւ գիտելիքին պահպանումն է։ Քէմպրիճի Համալսարանի գրադարաններուն եւ արխիւներուն մէջ տարուած աշխատանքէն մեկնելով՝ այս դասախօսութիւնը կը քննէ անձնական արխիւներէն ու ընկերութիւններու արձանագրութիւններէն մինչեւ սկաւառակներ ու տիսքէթներ երկարող հաւաքածոներու հետ աշխատելու դժուարութիւնները։ Անոնք յստակ զուգահեռներ ունին որմազդերու եւ լուսանկարներու պէս ոչ թուային հաւաքածոներու պահպանման հետ. ենթահողի, ծագումի եւ նկարագրութեան հարցերը նոր չեն, բայց թուային նիւթը կը բանայ զանոնք կորսնցնելու նոր ձեւեր։
Հարցումը հետեւեալն է. ինչպէ՞ս պահպանել ո՛չ միայն նիւթը, այլ նաեւ զայն իմաստաւորող գիտելիքը։
Լէոնթին Թալպում արհեստագիտական վերլուծաբան է Քէմպրիճի Համալսարանի Գրադարաններուն մէջ։ Դոկտորական աշխատանքը կատարած է Անգլիոյ Ազգային արխիւներուն եւ University College London-ի համատեղ ծրագիրին մէջ, կեդրոնանալով թուային պահպանման ընթացքին նիւթերու մատչելիութեան հարցին վրայ։