20/09/2026
(Հայերէն ստորեւ)
WSC was honoured to take part in the commemorative celebrations marking the 75th anniversary of the founding of the Armenian Catholic Church and School of the Holy Assumption in Jordan, on this historic occasion.
The celebration was attended by our Chairman, Ms. Maral Nersessian, and was graced by the outstanding participation of the WSC Scout Marching Band; the Fanfare, under the leadership of Scout Group Leader and WSC Secretary Mr. Edward Kechijian.
The ceremony took place at the Church and its hall on Friday, 18 September 2026.
ԱՄՄ-ը իր մասնակցութիւնը արցանագրեց Յորդարանի Ս.Վերափոխման Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եւ Դպրոցի Հիմնադրութեան 75-րդ ամեակի պատմական օրուա հանդիսութեան, ներկայութեամբ միութեանս Ատենապետ՝ Ընկերուհի Մարալ Ներսէսեանի եւ ԱՄՄ-ի Սկաուտութեան ֆանֆարի փայլուն մասնակցութեամբ, ղեկաւարութեամբ Ընկեր Սկաուտապետ եւ Ատենադպիր՝ Էտուարտ Քէչիճեանի։
Հանդիսաւոր յայտագիրը տեղի ունեցաւ Եկեղեցւոյ ու սրահին մէջ, Ուրբաթ 18 Սեպտեմբեր 2026-ին,
Հովանաւորութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-րդ, Պատրիարք Կաթողիկոս Տան Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց,
Օրհնութեամբ՝ Լեւոն ԺԴ-րդ Սրբազան Քահանայապետին, յանձին Առաքելական Նուիրիրակին՝ Ճովաննի-Պիէտրո ԴէլԹօզօյին,
Նախագահութեամբ՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու մայրավանքի Մեծաւոր՝ Գերպ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեանի,
Ներկայութեամբ տեղւոյն առաջնորդի՝ Գերպծ. Հայր Նարեկ Ծ. Վ. Նաամոյեանի, Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Հայ Կաթողիկէներու Պատրիարքական Եկզարքի եւ Յորդանանի Հայ Կաթողիկէներու Հոգեւոր Հովիւի,
Կազմակերպութեամբ՝ Գերպ. Հ. Եղիա Վրդ. Դերձակեան, Յորդանանի Հայ Կաթողիկէներու Ժողովրդապետի
Մասնակցութեամբ՝ Յորդանանի Եկեղեցիներուն, ինչպէս Հոգեշն. Տ. Տիրան Վրդ. Յակոբեանի, Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռո Սրբոց Յակոբեանց Պատրիարքարանի Միաբանութեան անդամ, Եւ Ներկայացուցիչ Ամմանի Հայ Համայնքի Հոգեւոր Առաջնորդի, նաեւ Նախարարներու եւ Միութիւններու ներկայացուցիչներուն,
Օժանդակութեամբ՝ Արեւելեան Քրիստոնեաներուն Օգնական Կազմակերպութեան։