Homenetmen Laval

Itinéraire Contacter l’organisation

Homenetmen Laval Homenetmen Laval is a page where you can follow our sports and scouts activities and schedules . Also you can quickly get in touch with us.

Յիշեցում Mark your calendar.
10/27/2026

Յիշեցում
Mark your calendar.

Հ.Մ.Ը.Մ.  Լաւալի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն՝ եղբայր Պետիկ Հայրապետեան իր մահկանացուն կնքեց հինգշաբթի 22 Հոկտեմբեր,  2026-ի...
10/27/2026

Հ.Մ.Ը.Մ. Լաւալի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն՝ եղբայր Պետիկ Հայրապետեան իր մահկանացուն կնքեց հինգշաբթի 22 Հոկտեմբեր, 2026-ին։

Մեր սրտագին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանիքին, հարազատներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը սգան իր կորուստը։

Յաւերժ յիշատակ եւ խաղաղութիւն իր հոգիին։

Հ.Մ.Ը.Մ.  Լաւալ մասնաճիւղի Աշնանային բանակումի նմոյշներ
10/23/2026

Հ.Մ.Ը.Մ. Լաւալ մասնաճիւղի Աշնանային բանակումի նմոյշներ

10/17/2026

Պտոյտ մը դէպի... դիտենք եւ տեսնենք, թէ ու՞ր

10/17/2026

Մեր ամենահաճելի յայտագիրներէն մէկը

10/17/2026

Աշնանային Բանակում 2026,
Բարի լոյս արդէն սիրով լեցուն եւ աշխոյժ սկսանք մեր օրը ։

Հ.Մ.Ը.Մ Լաւալ մասնաճիւղի սկաուտները իւրայատուկ գործունէութիւն մը կատարեցին Շաբաթ 3 Հոկտեմբեր 2026-ին։ Որուն ընթացքին ներ...
10/12/2026

Հ.Մ.Ը.Մ Լաւալ մասնաճիւղի սկաուտները իւրայատուկ գործունէութիւն մը կատարեցին Շաբաթ 3 Հոկտեմբեր 2026-ին։

Որուն ընթացքին ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը, Ս.Զէյթլեան կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկերը, Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի շրջանային սկաուտ խորհուրդը եւ խմբապետը , Լաւալ մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ Սկաուտ խորհուրդը , ինչպէս նաեւ մեր սիրելի ծնողները։

Արարողութիւնը ընթացաւ հետեւեալ օրակարգով `
Տողանցքով մուտք գործող քոյրերն ու եղբայրները , կատարեցին բացման արարողութիւն , ապա հաճելի գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացնելէ ետք Արի-Արենոյշները ստացան իրենց գնահատագիրները , որոնց միացաւ նաեւ քոյր Մեղրի Հապիպ ստանալով իր գնահատագիրը իր ցուցաբերած աշխատանքին եւ նուիրուածութեան համար , ապա Քոյր Թիթառ Թովմասեան ստացաւ Վարիչ Առաջնորդի աստիճան իր ժրաջան աշխատանքին համար։

Ետքը տեղի ունեցաւ Արարատեան կարգ ստացող քոյր Ծովակ Սողանեէմէզեանի եւ եղբայր Րաֆֆի Դաւիթեանի պարգեւատրումները , ուր այս առթիւ սրտի խօսք ներկայացուց եղբ . Ռաֆֆի Խտրլարեան Շրջ.խորհուրդի Ատենապետ։

Աւարտին կատարուեցաւ նաեւ երախտագիտական նուէրներու բաշխում 4 ՀՕՄ-ական ընկերուհիներու , իրենց անսակարկ նուիրումին համար , որոնք հաճախ մեզի կ'օժանդակեն մեր ազատ օրուան աշխատանքներուն ։

Գործունէութիւնը վերջ գտաւ Շրջ. Խմբապետ եղբ. Րաֆֆի Դաւիթեանի փակման խօսքով։

10/01/2026

Le CNAQ est heureux de voir plusieurs membres de la communauté arménienne s’engager dans la vie politique québécoise et porter leur candidature dans le cadre de la prochaine élection provinciale.

Voir des Québécois d’origine arménienne s’impliquer, mettre leur expérience et leurs convictions au service de leur communauté et de l’ensemble de la société québécoise est une source de fierté pour nous.

À toutes et à tous les candidats d’origine arménienne qui se lancent dans cette campagne, nous souhaitons une excellente campagne, beaucoup de succès et une belle continuation dans leur parcours politique.

Bonne campagne à toutes et à tous!

—

Քէպէքի Հայ Դատի Յանձնախումբը ուրախութեամբ կ’ուզէ ընդգծել հայկական գաղութի ներկայացուցիչներու բուռն մասնակցութիւնը, իբրեւ երեսփոխանական թեկնածուներ, գալիք նահանգային ընտրութիւններուն ընթացքին:

Հպարտանալ կարելի է միայն այս երեւոյթով. տեսնել հայկական արմատներ ունեցող քէպէքցիներ ներգրաւուիլ Քէպէքի քաղաքական կեանքին մէջ, իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնները տրամադրելով ծառայելու ինչպէս իրենց համայնքին, այնպէս նաեւ Քէպէքի հասարակութեան:

Մեր թեկնածու հայրենակիցներուն կը մաղթենք որ ունենան պատուաւոր ընտրապայքար, առատաբուռն յաջողութիւն, ինչպէս նաեւ յարատեւ վերելք իրենց քաղաքական կեանքի ասպարէզներուն մէջ:

Յաջողութի՜ւն բոլորին:

10/01/2026
09/30/2026

Հպարտ ենք քեզմով` քոյր Ծովակ

Adresse

397, BoUlica Des Prairies
Laval-Des-Rapides, QC

Site Web

Notifications

Soyez le premier à savoir et laissez-nous vous envoyer un courriel lorsque Homenetmen Laval publie des nouvelles et des promotions. Votre adresse e-mail ne sera pas utilisée à d'autres fins, et vous pouvez vous désabonner à tout moment.

Contacter L’organisation

Envoyer un message à Homenetmen Laval:

Raccourcis

Partager

Organisations à But Non Lucratif à proximité