AYA AGBU Aleppo Web page

  • Home
  • AYA AGBU Aleppo Web page
Call Directions Contact the organization

AYA AGBU  Aleppo Web page Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւն
Հ.Բ.Ը.Մ. Հ.Ե.Ը. Հալէպ

Հ.Ե.Ը.-ի Հալէպի Մասնաճիւղ
…………………………………………….
1932-ին Հալէպի ազդեցիկ ու հեղինակաւոր Առաջնորդը` Տ, Արտաւազդ Արք. Սիւրմէյեան, քաջ հովիւ` Տ. Ներսէս Ա. Քհնյ. Թաւուգճեան, Երուանդ Զօրեան, Բժ. Ֆիլիպ Յովնանեան, Բժ. Արմենակ Ապուհայաթեան, Բժ. Բարսեղ Սեւեան, կը հիմնեն Հ.Ե.Ը.-ի Հալէպի Մասնաճիւղը, քանի մը տասնեակ չափահաս որբերով ու Այնթապու Կրթասիրաց Երիտ. Միութեան անդամներով:
Նորակազմ Ընկերակցութիւնը շուտով կը վաւերացուի Սուրիական Իշխանութեան կողմէ: Կարճ ժամանակի ընթացքին, Ընկերակցութիւնը իր մասնաճիւղերը կ’ունենայ հայահոծ, այլ քաղաքներու և շրջաններու մէջ: 1934-ին Հ.Բ.Ը.Միութիւնը իր հովանաւորութիւնը կը շնորհէ նորակազմ Ընկերակցութեան:
Ընկերակցութիւնը հիմնական նպատակ ունեցաւ սատարել նոր սերունդի դաստիարակութեան և կազմաւորման, երիտասարդութեան մէջ զարգացնելու մարդկային, ազգային, և քաղաքացիական գիտակցութիւնը, սէր և նուիրում սերմանելու հայրենիքին, ազգին, եկեղեցիին ու մեր պանծալի մշակոյթին հանդէպ:
Հ.Ե.Ը.-ի վերոյիշեալ նպատակը կ’իրականացուի մշակութային, մարզական, սկաուտական և ընկերային գործունէութիւններու միջոցով, որոնք կ’իրագործուին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հ.Ե.Ը.-ի Գ. Կիւլպէնկեան կեդրոնէն ներս:

07/08/2026

 Մեծ ուրախութեամբ եւ յուզմունքով երէկ Գործադիրի ժողովասենեակ ընդունեցինք եղբայր Վիգէն Աթթարեանը։ Երկար տարիներ մեր միութ...
07/08/2026



Մեծ ուրախութեամբ եւ յուզմունքով երէկ Գործադիրի ժողովասենեակ ընդունեցինք եղբայր Վիգէն Աթթարեանը։ Երկար տարիներ մեր միութեան հին խմբապետին եւ ատենապետին։ Մարդ, ով տարիներու նուիրումով, անսահման սիրով եւ հաւատարմութեամբ կերտած է սերունդներ եւ իր անջնջելի հետքը ու դրոշմը ձգած Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան պատմութեան մէջ։
Այսօր, պատերազմի ծանր հետեւանքներու պատճառով, երբ մեր միութեան անդամներէն շատերը հեռացած են, իւրաքանչիւր վերադարձ եւ այցելութիւն դարձած է առանձնայատուկ պահ։ Այդպիսի այցելութիւնները մեր մէջ կ'արթնցնեն անցեալի գեղեցիկ ու ջերմ յիշողութիւնները։
Հակառակ որ Սկաուտի օրուայ հանդիսաւոր ձեռնարկին ժամանակ ան ներկայ չէր, սակայն հաճելի զուգադիպութեամբ այս օրերուն քանի որ կը գտնուի Հալէպ, ուստի յարմար նկատեցինք անձամբ յանձնելու այդ օրուան ընթացքին խմբապետներուն բաշխուած մետալը՝ որպէս փոքրիկ, բայց խորին երախտագիտութեան նշան անոր երկարամեայ ծառայութեան համար։
Պահը յուզիչ էր եւ լեցուած էր անկեղծ շնորհակալութեամբ եւ երախտագիտութեան զգացումներով։
Հանդիպման աւարտին եղբ. Վիգէնը մեզ փոխանցեց շատ պարզ եւ խորիմաստ պատգամ մը՝
«Սիրեցէք ՀԵԸ֊ը»։
Թող այս խօսքերը շարունակեն մեզ առաջնորդել, միաւորել եւ ոյժ տալ, որպէսզի նոյն նուիրումով շարունակենք միութեան ծառայելու մեր ճանապարհը։

 Կիրակնօրեայ Յայտագիր։Կիրակի, 2 Օգոստոս 2026:
04/08/2026



Կիրակնօրեայ Յայտագիր։

Կիրակի, 2 Օգոստոս 2026:

   #Դիլիջան  #հայաստան Շաբաթ, 1 Օգոստոս 2026։
01/08/2026



#Դիլիջան #հայաստան

Շաբաթ, 1 Օգոստոս 2026։

   #Դիլիջան  #հայաստան Ուրբաթ, 31 Յուլիս 2026։
01/08/2026



#Դիլիջան #հայաստան

Ուրբաթ, 31 Յուլիս 2026։

 Կիրակնօրեայ Յայտագիր։Կիրակի, 26 Յուլիս 2026:
01/08/2026



Կիրակնօրեայ Յայտագիր։

Կիրակի, 26 Յուլիս 2026:

 Կիրակնօրեայ Յայտագիր, Գայլիկ_Արծուիկ։Կիրակի, 19 Յուլիս 2026:
31/07/2026



Կիրակնօրեայ Յայտագիր, Գայլիկ_Արծուիկ։

Կիրակի, 19 Յուլիս 2026:

   #Դիլիջան  #հայաստան Հինգշաբթի, 30 Յուլիս 2026։
31/07/2026



#Դիլիջան #հայաստան

Հինգշաբթի, 30 Յուլիս 2026։

 Կիրակնօրեայ Յայտագիր, Սկաուտ_Արենուշ։Կիրակի, 19 Յուլիս 2026:
31/07/2026



Կիրակնօրեայ Յայտագիր, Սկաուտ_Արենուշ։

Կիրակի, 19 Յուլիս 2026:

Address


Telephone

+963212114294

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when AYA AGBU Aleppo Web page posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Organization

Send a message to AYA AGBU Aleppo Web page:

Shortcuts

  • Want your organization to be the top-listed non profit organization?

Share