07/03/2026
Խոր ցաւով կը յիշենք մեր սիրելի եւ երկարամեայ ընկերուհին, Մակի Իսթիլեան, որ յաւիտենական իր հանգիստը գտաւ մի քանի օրեր առաջ։
Տասնամեակներ շարունակ ան հանդիսացաւ Համազգայինի Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի նուիրեալ անդամներէն մէկը։ Իր ազնիւ հոգին, անսպառ նուիրումը, բարութիւնն ու ծառայասիրութիւնը մնայուն հետք ձգեցին մեր ընտանիքին մէջ։
Մակիին ներքին լոյսը, կենսասիրութիւնն ու մշտաժպիտ ներկայութիւնը վարակիչ էին եւ գեղեցկութեամբ կը լեցնէին բոլոր անոնք, որոնք բախտ ունեցան զինք ճանչնալու։ Անոր յիշատակը պիտի շարունակէ ապրիլ մեր սրտերուն մէջ՝ որպէս սիրոյ, ուրախութեան եւ անձնուիրութեան վառ օրինակ։
Համազգայինի Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղը իր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ընտանիքին, հարազատներուն եւ բոլոր սիրելիներուն։
Թող Ամենակալ Աստուած լուսաւորէ անոր հոգին եւ հանգչի խաղաղութեամբ։
Յիշատակը օրհնութեամբ մնայ։ 🙏🏼