07/28/2026
On this day in 1983, five young Armenian men from Lebanon gathered to make a statement to the world. With the bombing of the Turkish Embassy in Lisbon, Portugal, the Lisbon 5 sacrificed their lives to send a message: Turkey’s decades-long policy of denying the Armenian Genocide would not go unchallenged. Below is their full statement.
🇦🇲
Հայ ժողովուրդի զաւակներն ենք մենք։
Բրտութեան դիմելու մեր որոշումը արդիւնք է թրքական պետութեան եւ անոր զօրավիգ կանգնող ուժերու կողմէ հայ ժողովուրդի արդար եւ խաղաղ պահանջները քննելու մերժումին։
Արհամարհանքն ու սինիզմը, զորս Թուրքիան եւ միջազգային հասարակութիւնը կը ցուցաբերեն Արդարութեան եւ Միջազգային Օրէնքներուն հանդէպ, մեզ աւելի եւս համոզեցին, որ մեր արդար Դատի հետապնդման համար մնացած միակ միջոցը զինեալ պայքարն է։
Տասնամեակներ ամբողջ հայերը սպասեցին, որ միջազգային արդարութիւնը լուծէ Հայկական Հարցը։ Հայերը քայլարշաւներ կազմակերպեցին, ցոյցեր ըրին եւ յուշագիրներ հասցէագրեցին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ մեծ ուժերուն։
Բայց ո՛չ մէկ արդիւնք։ Շօշափելի ո՛չ մէկ արդիւնք՝ հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ հողային իրաւունքներու ճանաչման ի խնդիր։ Մեր Դատին շուրջ բարձրացուած լռութեան պատը անխորտակելի ըլլալու չափ հաստ էր։
Այժմ, Հայկական Հարցը անտարբերութեամբ դիտելու եւ զայն խաղաղ միջոցներով լուծելու մերժումին պատճառով, որոշած ենք ստիպել Թուրքիան, որ ընդունի հայ ժողովուրդին հետ բանակցիլ՝ Հայկական Հարցը լուծելու համար։
Թող թրքական պետութիւնը եւ իր դաշնակիցները մերժեն ընդունիլ Ցեղասպանութեան եւ հայկական իրաւունքներու իրականութիւնը։
Թող միջազգային հանրային կարծիքը մեզ անուանէ արկածախնդիրներ, ոճրագործներ կամ ահաբեկիչներ։
Այդ բոլորը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունին մեզի համար։
Մենք գիտենք, թէ՝ ինչ կþընենք։ Գիտենք նաեւ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել ապագային։
Ազատատենչ եւ յեղափոխական հայ երիտասարդութիւնը որոշած է նոյնիսկ ակնթարթ մը դադար չտալ թշնամիին։
Մեր ժողովուրդի ինքնորոշումը ապահովող միակ միջոցը զինեալ պայքարն է։ Կորսնցուցած ենք ամէն ինչ, նոյնիսկ մեր ինքնութիւնը, սակայն, բարեբախտաբար, տակաւին կը պահենք մեր յեղափոխականութիւնը։
Մենք որոշեցինք այս շէնքը օդը հանել եւ մնալ փլատակներուն տակ։
Անձնասպանութիւն չէ այս, ոչ ալ խելագարութիւն, այլ՝ մեր զոհողութիւնը՝ ազատութեան բագինին։
Կեցցէ՛ ազատատենչ հայ ժողովուրդը։
Կեցցէ՛ Հայկական Յեղափոխութիւնը։
🇺🇸
We are the sons