08/09/2026
Ուրբաթ, 7 Օգոստոսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցի (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), ուր դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւ՝ ԳԵրպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի կողմէ։ Անոնք նախ միացան խումբ մը երիտասարդներու որոնք վերամուտի առթիւ յատուկ պահարաններ կը պատրաստէին համալսարանական ուսանողներու, ներփակելով աղօթքներու և օգտակար գիտելիքներու տրցակ մը: Այնուհետև անոնք այցելեցին խոհանոց, ուր Հոգաբարձութիւնը և կամաւորներ կը պատրաստէին համադամ ճաշեր Կիրակի օրուան դաշտագնացութեան համար:
Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Հայր Սուրբին գլխաւորութեամբ ժրաջան կերպով աշխատող բոլոր կամաւորները և մաղթեց որ ամենայն յաջողութեամբ պսակուի իրենց զոհողութիւնը:
On Friday, August 7, His Eminence Archbishop Anoushavan, Prelate, visited St. Stephen{s Church (Watertown, Mass.), where he was welcome by Very Rev. Fr. Hrant Tahanian, Pastor. They first joined a group of young people who were preparing special packages of prayers and useful information for college students. Afterwards, they visited the kitchen, where the Board of Trustees and volunteers were preparing meals for the Sunday picnic.
Archbishop Anoushavan highly appreciated the work of all volunteers headed by Very Rev. Fr. Tahanian and wished them success in their efforts.