Beşiktaş Kilisesi Vakfı

Beşiktaş Kilisesi Vakfı Contact information, map and directions, contact form, opening hours, services, ratings, photos, videos and announcements from Beşiktaş Kilisesi Vakfı, Nonprofit Organization, İlhan Sok. No: 28, 34353 Beşiktaş, Istanbul.

*ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ*Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, 6 Մարտ 2026, Ուրբաթ առաւօտ կատարուած արեւագալի արարողութ...
07/03/2026

*ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ*
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, 6 Մարտ 2026, Ուրբաթ առաւօտ կատարուած արեւագալի արարողութեանց նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեղեաց քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ դպրապետ Բրշ. Արման Սրկ. Մարաշլեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Նարեկացի Դպրաց Դասու կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Էտվին Սրկ.Կալիպեանի։ Պոլսոյ զանազան թաղերէ փութացած ուխտաւորներ եւ Կարօ Վարժապետեանի ատենապետած թաղային խորհուրդը եւս մասնակցեցան արարողութեանց։
Հայր Սուրբը, արարողութեան աւարտին քարոզեց Անառակի Կիրակիին խորհուրդին անդրադառնալով։ Յիշեցուց, որ անկում կը նշանակէ ժառանգէ մը զրկուած ըլլալ։ Մինչ այդ սատանան կը մօտենայ ժառանգութեան տէր անձերուն, որպէսզի խլէ իրենց ժառանգը։ Իսկ եկեղեցական իմաստով իւրաքանչիւր անհատ հարուստ կը նկատուի հոգեպէս, արժանացած ըլլալով Տիրոջ շունչին եւ պատկերը ըլլալու շնորհքին։ Հետեւաբար մեղաւորը այն անձն է, որ այս հարստութեան շնորհքէն զրկուած կը մնայ։ Իսկ ապաշխարողը այն անձն է, որ վերստին կը վերագտնէ իր հոգեւոր այս արժանիքը, շնորհիւ՝ Խաչեալի եւ իր փրկութեան վարդապետութեան։
Իր խօսքերու ընդացքին անդրադարձաւ նաեւ Ս. Աստուածածնին ունեցած կարեւորութեան, առաջին եկեղեցւոյ կազմաւորման մէջ։ Յիշեցուց, որ Ս. Աստուածածինը նաեւ եղած է այն հաւատացեալը, որ հետեւելով Քրիստոստի վարդապետութեան միասնական պահած է առաքեալները եւ հաստատ պահած՝ եկեղեցին։ Մաղթեց, որ Ս. Աստուածածինը բարեխօս դառնայ Հայ ժողովուրդին համար եւ անհատական ու միասնական հոգեւոր ու բարոյական մեր գանձերը կրկին անգամ վերագտնելու շնորհքին արժանանք։
Արարողութեան աւարտին կատարուեցաւ խաչահանգիստի արարղութիւն։ Կրօնական արարողութեան աւարտին ներկաներ տիկնանց կազմին կողմէ հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ։

Paregentan 2026Բարեկենդան 2026
14/02/2026

Paregentan 2026
Բարեկենդան 2026

25/01/2026
Geleneksel Yeni Yıl ve Noel Konseri
06/01/2026

Geleneksel Yeni Yıl ve Noel Konseri

ԱՄԱՆՈՐԻ եւ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ  ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ
06/01/2026

ԱՄԱՆՈՐԻ եւ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Minik misafirlerimizi 13 Aralık Cumartesi günü kilisemizde gerçekleşecek olan “Pip and Posy- The Christmas Tree🎄” hikaye...
01/12/2025

Minik misafirlerimizi 13 Aralık Cumartesi günü kilisemizde gerçekleşecek olan “Pip and Posy- The Christmas Tree🎄” hikayesi üzerine okuma ve yılbaşı temalı etkinlikler atölyesine bekliyoruz.

13 Դեկտեմբեր 2025 Շաբաթ օր, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երդիքին տակ կազմակերպուելիք «Pip and Posy-The Christmas Tree🎄» ընթերցանութեան եւ կաղանդի թէմայով գործունէութիւններու աշխատանոցին կը սպասենք մեր փոքրիկ հիւրերը։

Address

İlhan Sok. No: 28, 34353 Beşiktaş
Istanbul
34200

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Beşiktaş Kilisesi Vakfı posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Share