AGBU AYA Damascus

AGBU AYA Damascus The Armenian General Benevolent Union (AGBU) is the world’s largest non-profit organization devoted to upholding the Armenian heritage

01/09/2026
27 Յուլիս 2026Օրը սկսաւ Օձունի Վանք այցելութեամբ, ուր արիները ծանօթացան վանքի հարուստ պատմութեան, հոգեւոր արժէքին եւ հայ...
28/07/2026

27 Յուլիս 2026

Օրը սկսաւ Օձունի Վանք այցելութեամբ, ուր արիները ծանօթացան վանքի հարուստ պատմութեան, հոգեւոր արժէքին եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան։

Այնուհետեւ խումբ մը սկաուտներ մասնակցեցան ՀԲԸՄ-ի կազմակերպած մարդասիրական նախաձեռնութեան՝ Օձուն գիւղին մէջ բնակող արցախահայ ընտանիքներուն սննդամթերքի փաթեթներ բաժնելով։ Անոնք սիրով ու նուիրումով իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերեցին ընտանիքներուն՝ մարմնաւորելով սկաուտական ծառայութեան եւ մարդասիրութեան ոգին։

Օրուան ընթացքին արիները մասնակցեցան նաեւ կաւագործութեան եւ խաչագործութեան աշխատանոցին, ուր ստեղծագործ աշխատանքի միջոցով աւելի մօտէն ծանօթացան հայկական աւանդական արուեստներուն։

Ապա այցելեցին Աղթալայի Վանք եւ շրջեցան անոր գեղեցիկ շրջակայքին մէջ՝ վայելելով պատմական միջավայրն ու բնութեան գեղեցկութիւնը։ ⚜️💙❤️

ՀԲԸՄ-ի Անդրանիկ բանակավայրի արիները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերո...
24/07/2026

ՀԲԸՄ-ի Անդրանիկ բանակավայրի արիները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին, ապա միասին աղօթեցին «Հայր մեր»-ը, անոնք այցելեցին նաեւ Եռաբլուր զինուորական պանթէոն՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու հայրենիքի համար իրենց կեանքը նուիրաբերած հերոսներու յիշատակին։🙏🏽
Փառք ու պատիւ մեր հերոսներին։ 🙏🏽

Մեր արիները այցելեցին ՀԲԸՄիութեան շէնքը՝ Մելիք Ադամեան, ուր իրենց դիմաւորեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Սփիւռքի երիտասարդական ծրագիրներու ղեկավար Տիկին Գայանէ Մանուկեանը։

Տիկին Մանուկեանը ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ծրագիրները, ինչպէս նաեւ յիշեցուց, որ այս տարի կը նշուի ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 120-ամեակը եւ ՀԵԸ-ի 95-ամեակը։

Անկէ ետք մասնակիցները ստացան մանրամասն տեղեկութիւններ ՀԲԸՄ-ի Հայկական համալսրանի (AGBU Armenian Virtual College) մասին։ Ներկայացուեցաւ, թէ ինչպէս այս առցանց կրթական հարթակը կը նպաստէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերուն եւ օտարազգիներուն՝ սորվելու հայերէն լեզու, ծանօթանալու հայկական պատմութեան եւ մշակոյթին։ ՀԲԸՄ Հայկական Վիրտուալ Քոլէճը առաջարկում է առցանց դասընթացքներ բազմաթիւ լեզուներով եւ կը կապէ աշխարհի տարբեր անկիւններու ուսանողներ իրարու հետ։

*21 Յուլիս 2026*տեղի ունեցաւ *Անդրանիկ Ճամբար 2026-ի *բացման հանդիսութիւնը։Ժողովը վարեց Հայաստանի ընդհանուր խմբապետ՝ եղբ...
22/07/2026

*21 Յուլիս 2026*

տեղի ունեցաւ *Անդրանիկ Ճամբար 2026-ի *բացման հանդիսութիւնը։

Ժողովը վարեց Հայաստանի ընդհանուր խմբապետ՝ եղբայր Միհրան Ներսէսեանը, ապա խօսքը փոխանցեց Անդրանիկ ճամբարի ընդհանուր պատասխանատու եղբայր Ռաֆֆի Չաղլասեանին, որ իր ողջոյնի եւ յաջողութեան մաղթանքները յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն։

Այնուհետեւ բոլոր արիները անցան բանակավայրի զարդարման աշխատանքներուն՝ պատրաստելով ճամբարը յաջորդ օրերու ծրագիրներուն համար։

Օրուան ընթացքին հիւրընկալեցինք նաեւ Red Cross-ի ներկայացուցիչները, որոնք մասնագիտական ուսուցում եւ օգտակար տեղեկութիւններ փոխանցեցին մասնակիցներուն։

Երեկոն եզրափակուեցաւ ուրախ եւ աշխոյժ խաղերով, որոնք աւարտեցան հաճելի երգերով ու բարձր տրամադրութեամբ։❤️

Դամասկոսի ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի Պատանիներու  պատուիրակութիւնը յաջողութեամբ հասաւ Դիլիջան (Հայաստան)՝ մասնակցելու համար տարեկան աւան...
20/07/2026

Դամասկոսի ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի Պատանիներու պատուիրակութիւնը յաջողութեամբ հասաւ Դիլիջան (Հայաստան)՝ մասնակցելու համար տարեկան աւանդական Անդրանիկ սկաուտական բանակումին:
Տիկին Գարուն Եիրիքեանի առաջնորդութեամբ, խանդավառ պատանիները իրենց առաջին օրը անցուցին վրաններ լարելով, հայրենիքի սրտին մէջ տարբեր շրջաններէ եկած սկաուտներու հետ ծանօթանալով ու մտերմանալով🙏🏻:

ԳՈՅԺՀ.Բ.Ը.Մ.- ի Դամասկոսի Տեղական Մասնաժողովը եւ Հ.Ե.Ը.-ի Գործադիր Մարմինը սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն մահը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հա...
26/06/2026

ԳՈՅԺ
Հ.Բ.Ը.Մ.- ի Դամասկոսի Տեղական Մասնաժողովը եւ Հ.Ե.Ը.-ի Գործադիր Մարմինը սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն մահը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հաւատաւոր անդամ, նախկին վարչական, Հանգ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՖԷՐԻՄԵԱՆի( Պապա Տը Պուլոս), որ կնքեց մահկանացուն 26 Յունիս 2026-ին, Դամասկոսի մէջ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ 27 Յունիս 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3։30-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։
Յետ յուղարկաւորութեան արարողութեան ցաւակցութիւնները կ՜ընդունուին եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղեցի:

Համբարձման տօնին առթիւ, Հ.Բ.Ը.Մ-ի Տիկնանց Օժանդակ մարմինը պտոյտ մը կազմակերպեց դէպի Թարթուս։Պտոյտի ընթացքին' տիկինները Ս...
27/05/2026

Համբարձման տօնին առթիւ, Հ.Բ.Ը.Մ-ի Տիկնանց Օժանդակ մարմինը պտոյտ մը կազմակերպեց դէպի Թարթուս։
Պտոյտի ընթացքին' տիկինները Սուրիոյ տեսարժան վայրերը վայելեցին' այցելելով مزار سيدة الشرق սրբավանքը, և الغابة الاستوائية այգին։
Ետքը տիկինները ուղուեցան ծովեզր' سولاي ճաշարանը، ուրտեղ ճաշակեցին համեղ ձկնեղէնի տեսակները։ Ճաշէն ետք, տիկնանց կազմին վարչականները տօնեցին տարեդարձը իրենց փոխատենապետուհի Տիկ. Արմիկ Պարսումեանին։
Ըստ սովորութեան, համբարձման վիճակահանութիւնը կատարուեցաւ և այս տարուայ բախտաւոր տիկինն էր Տիկ. Սիլվա Եալնզեանը։
Տիկինները շատ ուրախ և գոհ մնացին։

Հոգեւոր Ճամբորդութիւն մը Դամասկոսի Մէջ։Վերջերս Դամասկոսի Հ.Ե.Ը. -ի Գործադիր մամինը կազմակերպեց մշակութային եւ հոգեւոր խո...
12/05/2026

Հոգեւոր Ճամբորդութիւն մը Դամասկոսի Մէջ։

Վերջերս Դամասկոսի Հ.Ե.Ը. -ի Գործադիր մամինը կազմակերպեց մշակութային եւ հոգեւոր խորունկ ձեռնարկ մը՝ «Նարեկացի» վաւերագրական ֆիլմի մասնաւոր ցուցադրութիւնը։
Երեկոն սկիզբ առաւ Հ.Ե.Ը. -ի Գործադիր Մարմնի ատենապետուհի՝ Տիկ. Լիլա Պօղոսեանի բացման խօսքով, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ պատրաստեց անոնց երեւակայութիւնը՝ թեւածելու դէպի 10-րդ դարու Վանայ լիճն ու Նարեկավանքը, ուր ապրած ու գործած էր Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին: Իր խօսքի աւարտին, Տիկ. Պօղոսեան հրաւիրեց Պրն. Շանթ Քէշիշեանը՝ փոխանցելու համառօտ ներածական մը Գ. Նարեկացիի՝ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակուելու պատմական կարեւորութեան մասին։ Ան նաեւ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց հոգեւորական եւ մեծանուն մտաւորական Հայր Սահակ Քէշիշեանին, որ ձեռնարկած էր «Նարեկ»ը ֆրանսերէնի թարգմանելու վսեմ գործին:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ խորհրդաւոր մթնոլորտի մը մէջ, երբ սրահին մէջ հնչեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի հեղինակած «Յաւուն Յաւուն» տաղը։ Աշխարհահռչակ ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեանի վիրտուոզ կատարմամբ հնչած այս երաժշտութիւնը դարձաւ վսեմ ներածական մը՝ ծանօթանալու համար այն ճգնաւորին, որ թէ՛ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սիւներէն է եւ թէ՛ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակուած է Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ։
Հեղինակ Ռուզաննա Մանուկեանի նպատակն է այս վաւերագրականով արթնցնել գիտակցութիւնը Նարեկացիի փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան հանդէպ։ Դարեր շարունակ «Մատեան Ողբերգութեան»ը (Նարեկը) պահուած է բարձերու տակ՝ որպէս բուժիչ կամ պահպանիչ մասունք։ Այս ֆիլմը կը ջանայ «Նարեկ»ը բարձին տակէն փոխադրել դէպի մարդոց միտքն ու հոգին՝ քաջալերելով հայորդիները սերտելու եւ ապրելու սուրբին պատգամները, փոխանակ զայն լոկ լուռ սբեղանի համարելու։
ֆիլմի Ցուցադրութենէն ետք, Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանդեան ներկայացուց Նարեկացիի կեանքի եւ 10-րդ դարու վանական հարուստ կեանքի մանրամասն վերլուծականը։ Մշակութային գեղեցիկ քայլով մը, ՀԲԸՄ -ի «Լեւոն Եագուպեան» գրադարանը ներկաներուն նուիրեց «Նարեկ»ի նիզար Խալիլիի կողմէ կատարուած արաբերէն թարգմանութեան օրինակներ ապա Սրբազան Հայրը յաւուր պատշաճի աղօթքով օրհնեց նուիրուած գիրքերը եւ Գործադիր Մարմնի կողմէ պատրաստուած յատուկ մոմերը, որոնց վրայ տպուած էր Նարեկեան աղօթքը։
Արժէ յիշել թէ ՀԲԸՄիութիւնը հանդիսացած է ֆիլմի հովանաւորներէն մէկը, Դամասկոսի անդամները ալ իրենց կարգին սատարեցին ֆիլմի յաջողութեան՝ գնելով այդ օրհնուած մոմերը։ Հաւաքուած ողջ հասոյթը փոխանցուեցաւ «Նարեկացի» ֆիլմի հիմնադրամին՝ սատարելու համար անոր տարածման աշխատանքները։
Երեկոն փակուեցաւ ներկաներու միջեւ ծաւալած խորունկ եւ բազմակողմանի զրոյցով, ուր հնչեցին անհատական գաղաբարներ, վերլուծումներ ու տպաւորութիւններ։
Ներկաներուն ու միութեան անունով մեր սրտագին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք ֆիլմի հեղինակ եւ արտադրող Ռուզաննա Ղազարեանին, որ այս բացառիկ առիթը ընձեռեց վայելելու իր տեսլականով ստեղծուած այս աշխատանքը։
Վերջապէս, յատուկ շնորհակալութիւն Հ.Ե.Ը.-ին, որ միշտ կը կազմակերպէ ձեռնարկներ, ուր հայ մշակոյթը կը հանդիսանայ հիմնական նպատակակէտը՝ առիթ տալով մեր համայնքին հաղորդակից դառնալու իր հոգեւոր եւ մտաւոր արմատներուն։

Ruzanna Ghazaryan Նարեկացի/Narekatsi

SOLD OUT!
06/05/2026

SOLD OUT!

Address

Al Hamra
Damascus

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when AGBU AYA Damascus posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Shortcuts

Share