Hamazkayin Ն.Աղբալեան

Hamazkayin Ն.Աղբալեան Նիկոլ Աղբալեան Մասնաճիւղ-Հալէպ

10/06/2025
01/03/2025

Սիրելի՛ համազգայինականներ ամենուրէք, ձեր ուշադրութեան կ'ուզենք յանձնել թէ դիմատետրի սոյն էջը յետայսու պիտի դադրի, հետեւաբար կը խնդրենք հետեւիլ մեր նոր էջին, տեղեկանալու մեր եւ մեր բոլոր ձեռնարկներուն մասին։
Մեր նոր էջը կը կրէ (Hamazkayin
《Նիկոլ Աղբալեան》 Մասնաճիւղ-Հալէպ) անունը, հետեւեալ յղումով

https://www.facebook.com/profile.php?id=61573790483847&mibextid=JRoKGi

ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

14/01/2025

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՀԱՒԱՔ

Համազգայինի մասնաճիւղի վարչութիւնը Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առթիւ, Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2025-ին, կազմակերպեց մասնաճիւղի յանձնախումբերու յատուկ հաւաք մը, ճաշարանէն ներս, ուր անդամները ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ միասնաբար հաճելի ժամանակ անցուցին։

Համազգայինի  մասնաճիւղի վարչութիւնն ու Պարախումբի յանձնախումբը իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Գազէզեան ընտանիքի...
05/12/2024

Համազգայինի մասնաճիւղի վարչութիւնն ու Պարախումբի յանձնախումբը իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Գազէզեան ընտանիքին, պարախումբի անդամներէն փոքրիկն Յարութ Գազէզեանի մահուան տխուր առթիւ։
Թող որ Յարութին անմեղ հոգին լոյսերու մէջ ննջէ եւ Աստուած անոր հարազատներուն մխիթարութիւն պարգեւէ։

19/11/2024
ՇՈՒՇԻ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ՓՈՔՐԵՐԸ  ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՑԻՆ ԴԷՊԻ ՀԵՔԻԱԹՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀՀամազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Շուշի» մ...
18/11/2024

ՇՈՒՇԻ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ՓՈՔՐԵՐԸ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՑԻՆ ԴԷՊԻ ՀԵՔԻԱԹՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀ

Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբը, պարուսոյցներ Լիլիթ Նալպանտեանի եւ Ալիսա Լախոյեանի ղեկավարութեամբ, 40 փոքրերու եւ պատանիներու մասնակցութեամբ յաջորդաբար ելոյթ ունեցաւ 16 եւ 17 Նոյեմբեր 2024-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս, արուեստասէր բազմութեան ներկայութեան։
Պարախումբը յաջողեցաւ ժամանակաւորապէս հանդիսատեսը անջատել առօրեայ մտահոգութիւններէն:
Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին։ Ձեռնարկի կազմակերպչական աշխատանքը տարած էր մասնաճիւղի Պարարուեստի Յանձնախումբը։ Ձեռնարկին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի ներկայացուցիչ հոգշ․ Տէր Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ․ Տէր Կոմիտաս Վրդ․ Տատաղլեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, ՀՀ Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, Ազգ․ իշխանութեան, Պատկան Մարմինի, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ արուեստասէր բազմութիւն մը։
Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգերով յայտարարուեցաւ ելոյթին բացումը:
Մարիա Մոմճեան-Աղպապեան հայերէն բացման խօսքով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի արուեստասէր էութեան, աւելցնելով, որ հայ ազգը հայրենիքէն հեռու՝ սփիւռքի մէջ ապրելով, տարիներու ընթացքին հայաշունչ հոգին պահած է շնորհիւ հայ մշակոյթին, իսկ Համազգայինը հայ սերունդները մշակութային գործունէութեան շուրջ համախմբելով ձգտած է անոնց հետաքրքրութիւնը շարժել հայ երգի, պարի, գրականութեան եւ մշակոյթի տարբեր ճիւղերուն նկատմամբ: Իր խօսքի աւարտին Աղպապեան շեշտեց, որ «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբի փոքրիկները տքնաջան աշխատանքէ եւ երկար փորձերէ ետք բեմ պիտի բարձրանան ներկայացնելու իրենց աշխատանքին արգասիքը:
Արաբերէն բացման խօսքով Արարատ Մազլումեան յայտնեց, որ պարարուեստը արտայայտութիւնն է ուրախութեան, մանաւանդ երբ կը ներկայացուի փոքրիկներու կողմէ: Ան դիտել տուաւ, որ փոքրերու ներաշխարհին զարգացումը մեր վզին պարտքն է, որովհետեւ անոնք են ազգին ապագան: Մազլումեան իր խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան այս ելոյթին: Երբ բեմահարթակին վարագոյրը բացուեցաւ, հեքիաթներու աշխարհ մը բացուեցաւ հանդիսատեսին դիմաց։
Հանդիսավար Մարիա Մոմճեան-Աղպապեան Սինտրելլայի պատմութիւնը կը պատմէր, որուն զուգահեռ փոքրիկները պարերով կը կենդանացնէին պատմութիւնը: Յայտագիրը կը բաղկանար երկու մասերէ, որոնք կ'ընդգրկէին հետեւեալ պարերը․ Ա. մաս
Lavender's Blue, So This Is Love, La Valse de L'amour, «Գայանէ»-Ա. Խաչատուրեան, La Valse D'amelie․ Բ. Մաս
Cha Cha (lets get loud), հայկական պար «Կիւմրի», արաբական պար, հայկական պար «Կէօզալ», խառն պար «Beggin» - «Մոկաց Հարսներ», հայկական պար «Արցախ», մանուկներու պար, հնդկական պար (chinki chameli), Նազ պար «Սարի Աղջիկ», եզրափակիչ պար «Աշխարհի Հայեր»:
Փոքրերը իրենց շարժուձեւերով, գեղեցիկ տարազներով, ժպիտով եւ աշխուժութեամբ զուարճալի պահեր ստեղծեցին: Բոլոր պարերն ալ յոյս եւ ուրախութիւն ներշնչեցին ներկաներուն, ի մասնաւորի եզրափակիչ պարը, որուն ընթացքին բոլոր փոքրերը համախմբուած ներկայացուցին հայկական մեր գեղեցիկ աւանդական պարը, եւ աւարտին բեմին վրայ ծածանեցուցին եռագոյն դրօշը:
Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Տէր Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի «Պահպանիչ» աղօթքով:

Քաղուած պաշտօնաթերթէն

16/11/2024

Live in Aleppo
#ՈՒՂԻՂ #Հալէպ

Սիրելի հետեւորդներ,
Ռատիօ Երազը ուղիղ եթերով պիտի սփռէ՝
մանկապատանեկան պարարուեստի դպրոցի ելոյթը որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 17 Նոյեմբեր 2024-ին ժամը 7:00-ին > սրահէն ներս։
Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի։

Մնացէք միշտ Ռատիօ Երազի ունկնդիր հետեւելով մեզ մեր պաշտօնական կայքէջէն ու դիմատետրի էջերէն։ www.radioyeraz.com
https://tunein.com/radio/Radio-Yeraz-s144095/
https://play.google.com/store/apps/details...

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «Ն․ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԷՍԴՐԱՏԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ԻՐ ԵԼՈՅԹՈՎ ՄԵԾԱՐԵՑ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԸՀամազգայինի «Ն․ Աղբալեան» ...
12/11/2024

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «Ն․ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԷՍԴՐԱՏԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ԻՐ ԵԼՈՅԹՈՎ ՄԵԾԱՐԵՑ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԸ

Համազգայինի «Ն․ Աղբալեան» մասնաճիւղի Էսդրատային նուագախումբը կրկին ի մի բերած էր երիտասարդ արուեստասէրներ՝ այս անգամ համերգով մը մեծարելու համաշխարհային համբաւ վայելող երգիչ, երգահան եւ դերասան Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակը, երգելու անոր երգերը, վայելելու անոր եզակի արուեստին հմայքը եւ ծանօթանալու Ազնաւուրի կեանքի ուղիներուն։
Համերգը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին։ Համերգի կազմակերպչական աշխատանքը տարած էր մասնաճիւղի Երաժշտական յանձնախումբը։

Երեկոյթին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի ներկայացուցիչ հոգշ․ Տէր Արմէն Աբղ․ Գալաճեան, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ․ Տէր Կոմիտաս Վրդ․ Տատաղլեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան մեթր Մարիա Գաբրիէլեան, ՀՀ Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, Ազգ․ իշխանութեան, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ երաժշտասէր բազմութիւն մը։

Հայերէն բացման խօսքով Սարին Պօղոսեան յայտնեց, որ «Համազգայինի «Ն․Աղբալեան» մասնաճիւղի էսդրատային խումբը իր համերգը նուիրեց Ազնաւուրին, որպէսզի բոլորս բաժնենք այն մեծ ժառանգութիւնը, որ մեզ թողուց իբրեւ հայ ժողովուրդի եւ համաշխարհային երաժշտութեան անմար աստղ։ Այս երեկոյ, վայելելով Ազնաւուրի սրտառուչ երգերը, եկէ՛ք շնորհակալ ըլլանք անկէ, աշխարհի բոլոր բեմերուն վրայ մեզ հայ պահելուն համար», աւելցուց Պօղոսեան։

Արաբերէն բացման խօսքով Սարո Ղազարեան ըսաւ, որ Ազնաւուր անկրկնելի արուեստագէտ մը եղաւ։ Ան տարբեր առիթներով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նաեւ Սուրիոյ Հանրապետութեան՝ հայութիւնը գրկաբաց ընդունելուն եւ անոր կենսունակութեան եւ գոյատեւման անհրաժեշտ պայմաններն ու միջավայրը ստեղծելուն համար։
Բեմի վարագոյրը բացուեցաւ ու հանդիսականներուն ներկայացաւ մասնաճիւղի Էսդրատային նուագախումբը, ղեկավարութեամբ բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեանի։ Խումբը կը բաղկանար լարային, հարուածային եւ փողային գործիքներ նուագող երիտասարդներէ, իսկ մենակատարները կ՛ապրեցնէին իւրաքանչիւր երգի շունչն ու ոգին։

Օրուան հանդիսավար Վանայ Պարմաքսըզեան Ազնաւուրի կենսագրական հակիրճ գիծերը ներկայացնելէ ետք, մերթ ընդ մերթ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը հրամցնէր իւրաքանչիւր երգի մասին։
Բեմի պաստառին վրայ կը շողշողար պատկերը Շարլ Ազնաւուրի, որ երգերուն միջոցաւ կը վերապրէր «Եսայեան» սրահի բեմահարթակին վրայ։

Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր հետեւեալ երգերը․
1. Մաս
I l'amour bon dieu l՚amour, մեներգող՝ Կարօ Պէրէճիքլեան
2 Mourir d'aimer, մեներգող՝ Բիւզանդ Պէպէճեան
3 Que c'est triste Venise, մեներգող՝ Մեղեդի Փամպուքեան
4 lis sont tombè, մեներգող՝ Արշի Տիլպէրեան
5 Je t'attends, մեներգող՝ Կարօ Պէրէճիքլեան
6 Yesterday when I was young, մեներգող՝ Կարպիս Աւագեան
7 Alliez val Marseille, մեներգող՝ Լիւսի Յովհաննէսեան- Այվազեան։

Բ. Մաս
1 Les deux guitares, մեներգող՝ բժշկ. Պերճ Գասապեան
2 Quand tu m'aimes, մեներգող՝ Կասիա Պաղտիկեան
3 Les Plaisirs dèmodeʼs, մեներգող՝ Արգինա Շէoհմէլեան
4 She, մեներգող՝ Մարինէ Մարգարեան
5 La Bohème, մեներգող՝ Ակաբէ Ֆրանքեան
6 Pour toi Armènie, խմբային երգ։

Խումբը իր նուագողներով եւ մեներգողներով յաջողեցաւ ապրիլ ու ապրեցնել Շարլ Ազնաւուրի արուեստը, հանդիսատեսին փոխադրել Ազնաւուրի հետաքրքրական աշխարհ, առնչել անոր բարձր արուեստին ու մէկուկէս ժամ տեւող համերգով հանդիսատեսի հոգիին մէջ վերապրեցնել գեղեցիկն ու հմայիչը՝ արուեստի վայելքին հաղորդ դարձնելով զայն։

Գեղարուեստական ղեկավար Ռաֆֆի Ապէճեան կարճ ժամանակի մը մէջ յաջողած էր երաժշտական հետաքրքրական գործիքաւորումներ կատարել, մարզել խումբը ու ստեղծել տպաւորիչ ներդաշնակութիւն մը։

Նախքան վերջին երգը, Ապէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսականներու քաջալերական ներկայութեան համար, ապա ներկայացուց նուագախումբի անդամները։

Յայտագրի աւարտէն ետք, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Սրբ․ Աշգարեանի անունով շնորհաւորանքի եւ երախտիքի խօսք ուղղեց հոգշ․ Տէր Արմէն Աբղ․ Գալաճեան, շեշտելով որ Ազնաւուրի երգն ու երաժշտութիւնը միապաղաղ մեր առօրեայէն մեզ դուրս բերելով հոգեփոխեցին ու մեր սրտերը արուեստին պարգեւած խաղաղութեամբ պարուրեցին։

Քաղուած պաշտօնաթերթէն

Address

Aleppo

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Hamazkayin Ն.Աղբալեան posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Share