10/10/2026
ԿՐԹԱՍԻՐԱՑ Ս. ՉԷՄՊԷՐՃԵԱՆ ԵՐԿՐԴ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ
Սրբոց Թարգմանչաց տօնը եւ հայոց գիրերու գիւտը հայ ժողովուրդին ազգային ինքնութիւնը հաստատող եւ հայօրէն ապրելու ուխտը վերանորոգող սուրբ տօն է։ Այս գիտակցութեամբ, Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2026-ին, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի աշակերտները գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետներուն տօնը յիշատակեցին, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Փիւնիկ» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Հոգշ. Տ. Արմէն Վրդ. Գալաճեանի, վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, տեսչական, վարչական եւ ուսուցչական կազմերուն։
Օրուան հանդիսավարներն էին՝ 11-րդ կարգի աշակերտուհիներ Ռիթա Դերձակեան եւ Ծիլա Սարգիսեան։
Բացման խօսք արտասանեցին 11-րդ կարգի աշակերտներ։ Այնուհետեւ, 7-րդ, 8-րդ եւ 10-րդ կարգերու ուսանողներ յաջորդաբար ասմունքեցին Ժագ Յակոբեանի «Խօսէ՛ Հայերէն», Նայիրի Զարեանի «Հայոց Լեզուն» եւ Վահան Թէքէեանի «Հայ Լեզու» բանաստեղծութիւնները։
Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Հայ Գիրերու գիւտին արժէքը ներկայացնող տեսերիզ։
«Ազգ Իմ Փառապանծ» երգի երաժշտութիւնը նոագեցին 10-րդ կարգի ուսանողներ Սագօ Տիշոյեան (կիթառ), Կարէն Պիսմէճեան (երգեհոն), դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Մաթիա Զգոյշեանի։
Վարժարանի տնօրէն բժշկ. Ճորճ Դաւիթեան խօսք արտասանեց, դիտել տալով, որ հայերէն այբուբենի տառերը աստուածային տեսիլքով տրուեցան Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին, հետեւաբար, իւրաքանչիւր տառ սուրբ է եւ զայն սրբութեամբ պէտք է արտասանենք, այնպէս ինչպէս 19-րդ դարու անգլիացի բանաստեղծ Լորտ Ճորճ Պայրըն ըսած է. «Հայերէնը Աստուծոյ հետ խօսելու միակ լեզուն է»։
Ան աշակերտներուն պատուիրեց շարունակ հայերէն խօսիլ եւ տէր կանգնիլ մեր սուրբ լեզուին։
Պարոն տնօրէնը գնահատեց վարժարանի տեսչական-ուսուցչական կազմերուն եւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներուն տարած աշխատանքը, յատկապէս միջնակարգի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի տիկ. Մարիա Պէպէճեան-Մարգէեանի եւ երկրորդական կարգի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի տիկ. Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեանի, որոնց հետապնդումով պատրաստուեցաւ այսօրուան գեղարուեստական յայտագիրը։ Պարոն տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայր Սուրբին, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ վարժարանի հայակերտումի եւ մարդակերտումի առաքելութեան՝ կրօնագիտութիւն դասաւանդելով երկրորդական կարգին։
Աւարտին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Հայր Սուրբը։ Ան հրաւիրեց աշակերտները Սրբոց Թարգմանչաց ոգիով աշխատանքի լծուելու եւ տէր կանգնելու մեր լեզուին եւ մշակոյթին, որպէսզի գիտակից երիտասարդներ դառնալով ապագային ստանձնեն պատասխանատու պաշտօններ։
Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ Հայր Սուրբին «Պահպանիչ» աղօթքով։