ՀՄԸՄ Ակումբ - Homenetmen Lokal

ՀՄԸՄ Ակումբ - Homenetmen Lokal Kontaktinformation, kartor och vägbeskrivningar, kontaktformulär, öppettider, tjänster, betyg, foton, videor och meddelanden från ՀՄԸՄ Ակումբ - Homenetmen Lokal, Medborgarhus, Kokillgatan 3, Västerås.

«Հ.Մ.Ը.Մ.» ակումբը Շուէտի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վեսթերոս մեկուսի շրջանի կեդրոնն է։ Հիմնուած է Նոյեմբեր 2024-ին եւ ներկայիս կը հանդիսանայ Վեսթերոս քաղաքի միակ հայկական կեդրոնը։

Յարգելի հայրենակիցներ,Նկատի ունենալով որ այս շաբթուան գրեթէ բոլոր օրերը ակումբի սրահը գրաւուած է՝ անձնական միջոցառումներ...
10/06/2026

Յարգելի հայրենակիցներ,
Նկատի ունենալով որ այս շաբթուան գրեթէ բոլոր օրերը ակումբի սրահը գրաւուած է՝ անձնական միջոցառումներու համար, ակումբը մինչեւ Կիրակի 14-6-2026 թուականը փակ պիտի ըլլայ։
Շնորհակալութիւն ձեր հասկացողութեան համար։

24/05/2026

«Այսօր, երբ վտանգուած են հայկական մշակոյթը, հայկական եկեղեցին, հայկական լեզուն եւ հայկական ինքնութիւնը, այստեղ՝ այս ակումբէն ներս, մեր պատանիներն ու երիտասարդները պիտի ստանան հայեցի դաստիարակութիւն, պիտի լսեն ու խօսին հայերէն լեզուն, պիտի աղօթեն, երգեն ու պարեն հայերէն, եւ պիտի սորվին ու ծանօթանան Հայաստանի, հայոց պատմութեան եւ հայկական մշակոյթի մասին։

Այստեղ պիտի կասեցնենք օտարութեան մատնուած մեր ժողովուրդին ինքնութեան սպառնացող սպիտակ ջարդը եւ արմատախիլ պիտի ընենք օտարամոլութիւնը, օտար լեզուները հայերէնէն աւելի սիրելու, օտարին հաճոյանալու եւ օտարէն աւելի օտար ձեւանալու ամէն տեսակի հիւանդութիւնները։

Այս բոլորը, սակայն, կարելի է իրականացնել միայն գիտակից ծնողներու եւ ազգանուէր դաստիարակներու անվերապահ ճիգերով, համախմբուած պայքար տանելով, վճռականութեամբ, յստակ ճանապարհային քարտէսներով եւ նիւթաբարոյական շարունակական օժանդակութիւններով։

Եթէ կը հաւատանք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութեան եւ դերակատարութեան, ի մասնաւորի՝ մեր սերունդներու վերելքին, հայակերտմանն ու հայապահպանման մէջ, ժամանակն է, որ հաւաքաբար նեցուկ կանգնինք այս ակումբին եւ անոր ետին կանգնած վարչական, սկաուտական, ընկերային, մարզական, մշակութային եւ ուրիշ զանազան ոլորտներու հսկայական աշխատանքներ տանող կամաւորներուն, որոնք, ի հեճուկս հակառակորդներու, գիշեր-ցերեկ, ամէնօրեայ դրութեամբ կանգնած են պատնեշի վրայ՝ միութեան պայծառ ապագայ ու նորանոր յաղթանակներ կերտելու միտումով։

Մենք այսօր շատ լաւատես ենք, եւ մեր լաւատեսութիւնը երբեք բարի ցանկութիւններէ կամ անիրաւ երազներէ չի բխիր, այլ՝ մեր աշխատանքէն, կամքէն, համոզումէն եւ պատրաստակամութենէն, հայութեան եւ Հայաստանին անմնացորդ ծառայելու մեր երդումէն։ Եւ թող այս ակումբի բացումը ամէնամեծ փաստը ըլլայ այսօր բոլոր կասկածամիտներուն, որ ՀՄԸՄ Վեսթերոսի գնացքը մեծ արագութեամբ ճամբայ ելած է եւ կանգ առնելու նպատակ չունի...»։

- Հատուած՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.» ակումբի բացման պաշտօնական հանդիսութեան Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսի վարչութեան խօսքէն (17 Մայիս 2025, Վեսթերոս):

17/05/2026
Յարգելի հայրենակիցներ,Այսօր՝ Երեքշաբթի 12-5-2026, ակումբի սրահը գրաւուած է՝ անձնական միջոցառման համար։ Հետեւաբար, ակումբ...
12/05/2026

Յարգելի հայրենակիցներ,
Այսօր՝ Երեքշաբթի 12-5-2026, ակումբի սրահը գրաւուած է՝ անձնական միջոցառման համար։ Հետեւաբար, ակումբը փակ է։
Շնորհակալութիւն ձեր հասկացողութեան համար։

Յարգելի հայրենակիցներ,Այսօր՝ Շաբաթ 25-4-2026, ակումբի սրահը գրաւուած է՝ անձնական միջոցառման համար։ Հետեւաբար, ակումբը փա...
25/04/2026

Յարգելի հայրենակիցներ,
Այսօր՝ Շաբաթ 25-4-2026, ակումբի սրահը գրաւուած է՝ անձնական միջոցառման համար։ Հետեւաբար, ակումբը փակ է։
Շնորհակալութիւն ձեր հասկացողութեան համար։

05/04/2026

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վեսթերոս մեկուսի շրջանի վարչութիւնը Ս. Զատկուան տօնի առթիւ կը շնորհաւորէ համայն հայութեան, մասնաւորապէս Շուէտի եւ Վեսթերոսի հայկական համայնքին, մաղթելով առողջութիւն, յաջողութիւն, սէր եւ միութիւն ամէնուրեք։

Յարգելի հայրենակիցներ,Այսօր եւ Շաբաթ օրը ակումբի սրահը գրաւուած է՝ անձնական միջոցառումներու համար։ Առ այդ, սոյն թուականն...
02/04/2026

Յարգելի հայրենակիցներ,
Այսօր եւ Շաբաթ օրը ակումբի սրահը գրաւուած է՝ անձնական միջոցառումներու համար։ Առ այդ, սոյն թուականներուն ակումբը փակ պիտի ըլլայ։
Շնորհակալութիւն ձեր հասկացողութեան համար։

09/03/2026

🏓🏆🇦🇲

24/02/2026

Մեծ ուրախութեամբ կը հրաւիրենք բոլոր մեր քոյրերուն՝ մասնակցելու Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսի վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած ազգագրական պարի դասին, որուն հիմնական նպատակը հայ մշակոյթի պահպանումն ու սերունդէ սերունդ փոխանցումն է։ Այս պահը առիթ պիտի հանդիսանայ համախմբուած կերպով արժեւորելու մեր ազգային պարերու հարուստ գանձարանը, միասնաբար սորուելու եւ ինչու չէ նաեւ ապագային զանոնք ներկայացնելու մեր միութենական զանազան հանդիսութիւններունն ու մշակութային ձեռնարկներու ընթացքին։

Մասնակցութիւնը ամբողջովին անվճար է։

Եկէ՛ք միասին վերապրինք հայկական պարի ոգին, զօրացնենք մեր ազգային ինքնութիւնը եւ ամրապնդենք մեր մշակութային արմատները։

🗓️ Շաբաթ, 28-2-2026
🕚 Առաւօտեան ժամը 11:00-ին
📍 ՀՄԸՄ Ակումբ - Homenetmen Lokal

Յ.Գ. Նախադէպը կարող է վերածուիլ հերթական դասընթացքներու՝ եթէ մասնակցողներուն մօտ նման պահանջք կամ ցանկութիւն յառաջանայ։

Adress

Kokillgatan 3
Västerås
72133

Webbplats

Aviseringar

Var den första att veta och låt oss skicka ett mail när ՀՄԸՄ Ակումբ - Homenetmen Lokal postar nyheter och kampanjer. Din e-postadress kommer inte att användas för något annat ändamål, och du kan när som helst avbryta prenumerationen.

Dela