18/12/2025
ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 13-ՐԴ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻ
ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ԵՌՕՐԵԱՅ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումի նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս, 4-6 Դեկտեմբերին, եռօրեայ հանդիպումներ տեղի ունեցան Հայաստանի մէջ՝ մասնակցութեամբ բանակումի խմբապետական կազմին (ընդհանուր խմբապետ եղբ. Ռուբէն Նալպանտեան, փոխ խմբապետներ եղբ. Սեւակ Նազարեան եւ քոյր Ալիք Տէր Պետրոսեան-Մելքոնեան) եւ Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտական կորիզի ներկայացուցիչներուն։
Ժողովներու ընթացքին մանրամասնօրէն քննարկուեցան բանակումին առնչակից բոլոր հարցերը՝ մասնակցողներու թիւ, յայտագիրներ, շրջապտոյտներ, ազգային դաստիարակութիւն, բացման եւ փակման հանդիսութիւններ եւ այլն։
Խմբապետական կազմը, Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներն ու Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան անդամները այցելեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայր, որ 24 Յուլիսէն 2 Օգոստոս 2026 պիտի հիւրընկալէ աւելի քան 800 սկաուտներ։