24/06/2026
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան այցելեցին ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց նախարար զօր. Ահմետ Հաժժարի, որուն հետ կատարեցին Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակի քննութիւնը եւ հաստատուած զինադուլի գործադրման ընտրանքը:
Յատուկ կարեւորութեամբ քննուեցաւ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով Պէյրութի եւ այլ շրջաններու մէջ գաղթականներու հարցը եւ զայն կանոնաւորելու խնդիրը: Արծարծուեցան նաեւ Պէյրութի եւ այլ քաղաքապետութիւններու հետ կապուած հարցերը:
Ներքին գործոց նախարարը լաւատեսութեամբ անդրադարձաւ գալիք փուլին` յոյս յայտնելով, որ գաղթականներու իրենց շրջանները վերադարձը կարելի արագութեամբ եւ պետական օժանդակութեամբ կ՛իրականանայ: