12/08/2026
Ալիբունար գիւղ/Տիարպէքիր
Ալիբունարը պատմական հայաբնակ գիւղ մըն է որը կը գտնուէր Տիարպէքիրի (Ամիտ) վիլայէթի Տիարպէքիրի գաւառին մէջ, Տիգրիս գետի աջ ափին, Տիարպէքիր քաղաքի շրջակայքը (Արեւմտեան գիւղախումբ կամ Ղարպ նահիէ):
Գիւղը իր անունը ստացած է իր սառնորակ և յորդառատ աղբիւրի շնորհիւ որ Թուրքերէնէ թարգմանաբար կը նշանակէ «ջուրի 50 ակ»: Յայտնի է նաեւ Ալի Փունար եւ Այնաթաննոռ անուններով:
Բնակչութիւնը, XIX դարի վերջերուն, եղած է սակաւաթիւ մշտական հայ բնակչութիւն ունեցող եզակի գիւղերէն մէկը տարածաշրջանին մէջ: Ան ունէր 15 տուն հայ, ինչպես նաև ասորի և քիւրտ բնակիչներ:
Ալիբունարի մէջ կար Ս. Աստուածածին անունով հայկական եկեղեցի, կառուցուած՝ 1256 թուականին: Ասորիները եւս ունէին իրենց եկեղեցին որուն միայն աւերակները կ'երեւին
ներկայիս: