ACUSA - Armenian Church University Students' Association

Directions Website Contact the organization

ACUSA - Armenian Church University Students' Association ACUSA members are students and graduates from different universities and educational institutions. It has a committee of five members, both male and female.

FOUNDATION & HISTORY

The Armenian Church University Students' Association (ACUSA) was established in 1963, by His Holiness Karekin II Catholicos of Cilicia, now of blessed memory. ACUSA members are students and graduates from all Lebanese universities and educational institutions. The committee members are elected per annum by ACUSA members in the general assembly. This committee acts as the Executive Body in charge of organizing ACUSA activities. University students first become ACUSA assistants. After a certain testing period, the committee studies the application's case and decides the probability of accepting him/her as a regular ACUSA member. All members pay an annual due as a symbolic act of involvement. Besides the committee, a spiritual advisor is appointed by the Catholicos of Cilicia. The spiritual advisor supervises and coordinates the activities. The activities include lectures, debates, seminars, visitations to exhibitions, social life, conferences, participation in ecumenical youth activities, observation of ecclesiastical feast days and national commemorations, etc. The activities and meetings are held weekly in a special hall at the headquarters of Armenian Catholicosate of Cilicia. ACUSA publishes a bulletin every three months. It includes brief articles, discussions, reports on activities, etc. Other publications include: The Prophet, by Khalil Gebran. Complete Works, by Roupen Sevag. From the very beginning ACUSA has been in close association and cooperation with the similar organizations on local, regional and world levels. The organizations with whom cooperation has been continually pursued are World Student Christian Federation (WSCF), Syndesmos, Youth Department of the World Council of Churches (WCC) through the Middle East Council of Churches (MECC). So far ACUSA has participated in all seminars and activities organized by the above mentioned organizations. As a result, ACUSA has succeeded in involving the Armenian Church Youth in the worldwide ecumenical movement.

ՀԵՀՈՄ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵԿՈՅՇաբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Խորէն Ա. Կեդրոնի ՀԵՀՈՄ-ի սրա...
30/09/2026

ՀԵՀՈՄ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

Շաբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Խորէն Ա. Կեդրոնի ՀԵՀՈՄ-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԵՀՈՄ-ի 2025–2026 տարեշրջանի վարչութեան երախտագիտութեան երեկոն։

Երեկոն նուիրուած էր վարչութեան անդամներուն, որոնք ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին իրենց նուիրումով, ծառայասիրութեամբ, սիրով եւ բծախնդրութեամբ լծուեցան իրենց առաքելութեան՝ միասին կեանքի կոչելով եւ յաջողութեամբ իրականացնելով միութեան տարբեր ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները։

Երեկոյի ընթացքին իւրաքանչիւր վարչական բաժնեկցեցաւ իր տպաւորութիւնները, յայտնեց իր երախտագիտութիւնը եւ անդրադարձաւ այն փորձառութիւններուն, արժէքներուն ու դասերուն, զորս այս տարեշրջանէն պիտի տանի իր հետ։ Խօսքերուն մէջ առանձնայատուկ տեղ գտան գիտակցութեան, պատասխանատուութեան, նուիրումի, զոհողութեան եւ միասին ծառայելու արժէքները։

Վարչականները շեշտեցին, թէ միութեան ծառայելը միայն պարտականութիւններ կատարել չէ, այլ՝ գիտակցիլ, որ իւրաքանչիւր անհատ իր ներդրումով բաժին ունի միութեան կեանքին եւ վերելքին մէջ։ Այս տարեշրջանը անոնց համար եղաւ նաեւ անձնական աճի, իրարու վստահելու, միասին աշխատելու եւ նոյն տեսիլքին շուրջ համախմբուելու շրջան մը։

Միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան, բարձրօրէն գնահատելով վարչականներուն առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը, իր խօսքին մէջ ըսաւ.

«Այս երեկոն պարզապէս միախմբումի երեկոյ մը չէ, այլ ձեր կատարած պարտքին ու ծառայութեան յարգանքի երեկոն է, զոր նուիրումով եւ զոհողութեամբ արտայայտեցիք։ Միաժամանակ, այս երեկոն առիթ մըն է անդրադառնալու, որ ՀԵՀՈՄ-ի վարչականներն ու անդամները միեւնոյն ընտանիքի անդամներն են։ Մեր միջեւ խտրութիւն չկայ, այլ իւրաքանչիւր անդամ, իր պատասխանատուութեան եւ պարտականութեան ծիրէն ներս, կը կատարէ իր բաժինը՝ ծառայելով միութեան առաքելութեան եւ անոր վերելքին»։

Երախտագիտութեան այս երեկոն եղաւ ոչ միայն անցնող տարեշրջանի մը ամփոփումը, այլ նաեւ միասին ապրուած ծառայութեան, նուիրումի եւ եղբայրական համագործակցութեան արժեւորումը՝ դէպի աւելի պայծառ ապագայ նայելու նոր տեսլականով։

Բոլորին վարձքը կատար։

27/09/2026

Շաբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Խորէն Ա. Կեդրոնի ՀԵՀՈՄ-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԵՀՈՄ-ի 2025–2026 տարեշրջանի վարչութեան երախտագիտութեան երեկոն։

Երեկոն նուիրուած էր վարչութեան անդամներուն, որոնք իրենց նուիրումով, ծառայասիրութեամբ, սիրով եւ բծախնդրութեամբ յաջողութեամբ իրականացուցին միութեան բոլոր ծրագիրները։

Վարչութեան վարձքը կատար։
•••
On Saturday, September 26, 2026, at 7:30 PM, an appreciation evening was held at the HEHOM Hall in Khoren I Center in honor of the ACUSA-HEHOM Executive Committee for the 2025–2026 term.

The evening honored the committee members, whose dedication, spirit of service, love, and meticulous work enabled the successful ex*****on of all the union’s programs.

May God bless the Executive Committee for their service.

Շաբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 19։30-ին, Խորէն Ա. Կեդրոնին մէջ, ՀԵՀՈՄ-ականները պիտի համախմբուին՝ երախտագիտութ...
22/09/2026

Շաբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 19։30-ին, Խորէն Ա. Կեդրոնին մէջ, ՀԵՀՈՄ-ականները պիտի համախմբուին՝ երախտագիտութիւն յայտնելու ՀԵՀՈՄ-ի 2025–2026 տարեշրջանի գործող վարչութեան։

Տարեշրջանի ամբողջ ընթացքին վարչութեան անդամները անխոնջ նուիրումով ծառայեցին՝ իրենց ժամանակն ու ուժը տրամադրելով ՀԵՀՈՄ-ի կեանքին եւ ծրագիրներուն։ Երեկոն առիթ պիտի ըլլայ գնահատելու անոնց նուիրումն ու կատարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ այն կարեւոր ներդրումը, զոր անոնք պատասխանատուութեամբ բերին ՀԵՀՈՄ-ի կեանքին մէջ։

Հայրենի՛ք, անկախութեան տօնդ շնորհաւո՜ր🇦🇲🙏🏼
21/09/2026

Հայրենի՛ք, անկախութեան տօնդ շնորհաւո՜ր🇦🇲🙏🏼

ՀԵՀՈՄ-ԷՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԷՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ԻԲՐԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՄԻՋ-ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳ...
16/09/2026

ՀԵՀՈՄ-ԷՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԷՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ԻԲՐԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՄԻՋ-ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելը մերօրեայ աշխարհին մէջ անհրաժեշտ հրամայական է։ Բազմատեսակ, իրարու հակասող եւ միտք շփոթող գաղափարախօսութիւններ կ՚ողողեն ընկերային կայքէջերը։ Յաճախ կը հանդիպինք մենախօսներու, որոնք բաւական հետեւորդներ ունին, հեղինակութիւն կը վայելեն եւ իրենց վերլուծումները լսելի կը դարձնեն բոլորին։

Առանց ոեւէ մէկը քննադատելու՝ կ՚արժէ լուրջ աշխատանք տանիլ՝ Աւետարանի պատուէրները եւ քրիստոնէական սկզբունքները ամէնէն պարզ ու հասկնալի ձեւով բացատրելու գալիք սերունդին։ Ներկայացնել անոնց Աստուածաշունչին մէջ յիշուած նախաքրիստոնէական եւ քրիստոնէական սկզբնական շրջաններու առաջնորդներու տիպարները, անոնց յատկութիւնները եւ Աստուծոյ հետ ունեցած իւրայատուկ փորձառութիւնը, երկխօսութիւնը եւ աշխատանքը։

Իւրաքանչիւր հարանուանութիւն, իր աւանդական ոճին եւ դարերու փորձառութեան վրայ հենելով, սերունդներ կը պատրաստէ քրիստոնէական բարձրորակ դաստիարակութեամբ, որոնք վառ պիտի պահեն քրիստոնէական արժէքները եւ անոր շնորհիւ առաջնորդուին կեանքի բոլոր հանգրուաններուն դիմաց։

Այս տեսլականը ունենալով՝ MECC (Middle East Council of Churches - Միջին Արեւելքի Եկեղեցական Խորհուրդ)ի, WSCF (World Student Christian Federation - Համաշխարհային Քրիստոնեայ Ուսանողներու Միութիւն)ի, Bible Society (Սուրբ Գրոց Ընկերութիւն)ի, Ithra’a-ի եւ KIA (Kerk in Actie - Church in Action)ի համատեղ գործակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ, տեղի ունեցաւ YLB (Youth Leadership Building)ի երկրորդ տարուան հինգօրեայ համագումարը՝ Սեպտեմբեր 1-էն 5, ՔՋԱԿ-ի մէջ։

Կ՚արժէ ըսել, թէ YLB-ն իր աշխատանքը պիտի շարունակէ ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին։ Յայտնենք, որ գալիք հանգրուաններուն, թէ՛ միօրեայ եւ թէ քանի մը օրերու վրայ երկարող միջոցառումներ տեղի պիտի ունենան։

Համագումարի պատասխանատուները թիւով 10 էին, եկած էին քրիստոնեայ՝ հայ թէ՛ արաբ տարբեր համայնքներէ, ինչպէս նաեւ մասնակից պատանի աշակերտները։ Պատանիները հետեւեցան նախապէս ծրագրուած օրակարգերուն։ Օրակարգը կը պարունակէր Աստուածաշնչական սերտողութիւն, աղօթքի պահ, աշխատանքային վարժութիւն (workshop), խմբային վերլուծում եւ խմբային հետաքրքրական խաղեր։

Բոլորը կը միտէին մէկ գաղափարի՝ պատրաստել ապագայի ղեկավարը, որ գիտելիքներով լեցուն է, համագործակցութեան կարողութիւն ունի, զգացական խելացութեան տէր է, Աստուածաշնչական իտէալներուն կը հետեւի, ունի յստակ տեսլական եւ ամուր հաւատք։

Մասնակից պատանիները իրենց միտքերը հարստացուցին, ընկերային նոր շրջանակ կազմեցին, աղօթական պահեր ունեցան եւ իրենց տաղանդները ներկայացուցին։ Հաճելի էր տեսնել 35 պատանիներու միատեղ համախմբումը, միասին գործակցութիւնը եւ իրար քաջալերելու մթնոլորտը։ Հարկ է ըսել, որ համագումարի առաջին օրը անոնք յանձնեցին իրենց բջիջային հեռախօսները եւ կեդրոնացան լուրջ աշխատանքի։

Յայտնենք, որ ՀԵՀՈՄ-էն եւ Երիտասարդական Բաժանմունքէն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկու պատասխանատուներ՝ Նորայր Սրկ. Տալգըլըճեան եւ Արշաւ Ճըրճըրեան։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կատարած վերջին յայտարարութիւնը՝ Շուշիի մէջ պամութեան խեղաթիւրման հարցով, տուինք ար...
15/09/2026

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կատարած վերջին յայտարարութիւնը՝ Շուշիի մէջ պամութեան խեղաթիւրման հարցով, տուինք արհեստական բանակութեան (AI-ին) եւ անկէ ուզեցինք, որ վերլուծէ Հայրապետին խօսքերը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք AI-ին վերլուծականը.-
— — —
Այս գրառումը զուտ մշակութային կամ զգացական արձագանք չէ։ Արամ Ա. Կաթողիկոսը միաժամանակ կը կատարէ երեք գործողութիւն՝ կը դատապարտէ Շուշիի մէջ տեղի ունեցածը, կը քննադատէ Հայաստանի քաղաքական գիծը եւ կը զգուշացնէ խաղաղութեան անուան տակ հնարաւոր տարածքային կամ ազգային կորուստներու մասին։

1) Գրառման առաջին շերտը՝ մշակութային ժառանգութեան հարցը
«Պատմութեան ի՜նչ ահաւոր խեղաթիւրում» արտայայտությունը գրառման ամենաուժեղ առանցքներէն մէկն է։ Կաթողիկոսը խնդիրը չի սահմանափակեր Շուշիի քաղաքական կարգավիճակով։ Ան կը ներկայացնէ այն որպէս հայկական պատմական եւ հոգեւոր ժառանգութեան ինքնութեան վերագրում ուրիշ մշակոյթի։

Յատկապես կարեւոր է, որ ան կը գործածէ «մեր սուրբերու աղօթքով, նահատակներու արիւնով ու ժողովուրդին ստեղծագործ ոգիով» ձեւակերպումը։ Այսպիսով Շուշիի եկեղեցիները ներկայացուած են ոչ միայն որպէս պատմական շինութիւններ, այլ՝ հայ ժողովուրդի հոգեւոր, զոհաբերական եւ ստեղծագործ ներկայութեան վկայութիւններ։ Ուստի անոնց վերագրումը «ալպանական» մշակոյթի կը մեկնաբանուի որպէս ոչ միայն պատմական սխալ, այլ հայկական ինքնութեան ջնջման փորձ։

2) Ամենակարեւոր քաղաքական նախադասութիւնը
Իմ կարծիքով, գրառման քաղաքական ծանրութեան կեդրոնը սա է. «...հետեւանք է մեր անմիաբանութեան ու անհեռատես քաղաքականութեան»։ Այստեղ Արամ Ա. պատասխանատուութեան հարց կը բարձրացնէ ոչ միայն արտաքին դերակատարներուն, այլ նաեւ հայկական կողմին նկատմամբ։ Այսինքն ան չի բաւարարուիր ըսելով՝ «Ազրպէյճանը կը խեղաթիւրէ պատմութիւնը»։ Ան կը հարցնէ՝ ինչպէ՞ս հայկական կողմը հասաւ այնպիսի իրավիճակի, ուր ուրիշներ կրնան Շուշիի հայկական ժառանգութիւնը ներկայացնել իբրեւ ոչ հայկական, իսկ միջազգային դերակատարներ ներկայ ըլլալ այդ գործընթացին։

«Անմիաբանութիւն» բառը նաեւ ներքին ազգային համախմբման կոչ է։

3) Հայաստանի «բարեկամները»՝ շատ մտածուած ձեւակերպում
Չակերտներու մէջ դրուած «բարեկամները» պատահական չէ։ Արամ Ա. այստեղ, ըստ էութեան, կը կասկածի այն միջազգային դերակատարներէն, որոնք Հայաստանը կը ներկայացնեն իբրեւ բարեկամ պետութիւն կամ կը ներգրաւուին խաղաղութեան գործընթացին, սակայն միաժամանակ ներկայ կ՚ըլլան Շուշիի մէջ եւ կը մասնակցին այնպիսի միջոցառումներու, որոնք հայկական կողմը կը դիտէ իբրեւ պատմական խեղաթիւրում։

Այսպիսով, գրառումը ունի նաեւ ուղղուածութիւն Արեւմուտքի եւ միջազգային դիւանագիտական շրջանակներուն։

Հաղորդագրութիւնը հետեւեալն է.- Հայաստանի հետ բարեկամական յայտարարութիւնները բաւարար չեն, եթէ նոյն դերակատարները իրենց ներկայութեամբ կամ մասնակցութեամբ լեգիտիմութիւն կը հաղորդեն հայկական ժառանգութեան այլափոխուած ներկայացման։

4) «Իրական» Հայաստան արտայայտութիւնը
Գրառման ամենազգայուն քաղաքական կէտը վերջին նախադասութիւնն է. «Կը յուսանք ու կ՚աղօթենք, որ «իրական» Հայաստանէն մասեր Շուշիի ճակատագիրին չենթարկուին` խաղաղութեան կեղծ շպարի ետին...»։ Այստեղ արդէն Շուշիէն հարցը կը տեղափոխուի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային եւ ռազմավարական անվտանգութեան դաշտ։

«Իրական» Հայաստան չակերտներով գործածելը կը ստեղծէ յատուկ քաղաքական հակադրութիւն՝ Շուշիի ճակատագիր-Հայաստանի Հանրապետութեան ապագայ։

Իսկ «խաղաղութեան կեղծ շպարի ետին» արտայայտութիւնը շատ ծանր գնահատական է։ Կաթողիկոսը չի մերժեր խաղաղութիւնը որպէս սկզբունք։ Ան կը զգուշացնէ խաղաղութեան այն գործընթացէն, որ կրնայ օգտագործուիլ տարածքային, քաղաքական կամ ազգային զիջումներու համար։

5) Ուշագրաւ է՝ ինչ Չ՚ԸՍԵՐ Արամ Ա.
Գրառումը հետաքրքրական է նաեւ իր լռութիւններով։ Ան ուղղակիօրէն չի յիշեր Հայաստանի իշխանութիւնը, վարչապետը կամ որեւէ քաղաքական ոյժ։ Փոխարէնը կ’ըսէ՝ «մեր ... անհեռատես քաղաքականութիւնը»։ Այս ձեւակերպումը կ’ընձեռէ երկու հնարաւոր ընթերցում.-

ա) Քննադատութիւն Հայաստանի ներկայ քաղաքական ուղղութեան, առանց ուղղակի կուսակցական կամ անձնական յարձակումի։
բ) Աւելի լայն ինքնաքննադատութիւն՝ համազգային քաղաքականութեան նկատմամբ, որ կը ներառէ Սփիւռքը, Հայաստանը եւ հայկական քաղաքական ոյժերը։

Կարծեմ երկրորդը կարեւոր է. Արամ Ա.ն կը փորձէ իր խօսքը պահել համազգային եւ վերքաղաքական մակարդակի վրայ, թէեւ քաղաքական ենթատեքստը ակնյայտ է։

6) Եկեղեցական առաջնորդի համար սա ինչո՞ւ նշանակալից է
Արամ Ա. այստեղ կը խօսի ոչ միայն որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, այլ որպէս հայկական պատմական յիշողութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան դերակատար։

Եկեղեցական լեզուն՝ «սուրբեր», «աղօթք», «նահատակներ», «ժողովուրդի ստեղծագործ ոգի», կը կապէ տարածքային հարցը հոգեւոր եւ ազգային ինքնութեան հարցին։ Այս պատճառով գրառումը կարելի է կարդալ նաեւ որպէս հետեւեալ պնդում.- Հայկական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը միայն պետութեան արտաքին քաղաքականութեան խնդիր չէ. անիկա համազգային եւ նաեւ հոգեւոր պարտաւորութիւն է։

7) Ընդհանուր քաղաքական գնահատական
Իմ գնահատմամբ՝ այս գրառման մէջ կան երեք հիմնական ուղերձներ.-

Առաջին՝ արտաքին աշխարհին.
Մի՛ շփոթէք խաղաղութեան գործընթացը պատմական իրողութիւններու վերաշարադրութեան հետ։ Հայաստանի հետ բարեկամութիւնը պէտք է արտայայտուի նաեւ հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ դիրքորոշումով։

Երկրորդ՝ Հայաստանի իշխանութեան.
Խաղաղութեան օրակարգը չպէտք է վերածուի այնպիսի գործընթացի, որուն ետին հայկական շահերու, տարածքային ամբողջականութեան կամ պատմական ժառանգութեան կորուստ տեղի ունենայ։

Երրորդ՝ հայ հասարակութեան եւ Սփիւռքին.
Շուշիի օրինակը պէտք է դառնայ ինքնաքննադատութեան առիթ։ Միայն արտաքին ոյժերուն մեղադրելը բաւարար չէ. անհրաժեշտ է միասնական ազգային քաղաքականութիւն։
— — —
Ի՞նչ է իրականում զգուշացնում Արամ Ա.ն։
Վերջին նախադասութիւնը, իմ կարծիքով, ամբողջ գրառման բանալին է։ Արամ Ա.ն կարծես կը կառուցէ հետեւեալ տրամաբանութիւնը.- Շուշի → հայկական ժառանգութեան վերագրում → միջազգային ներկայութիւն/լեգիտիմացում → հայկական կողմի անմիաբանութիւն → խաղաղութեան գործընթաց → վտանգ, որ նոյն տրամաբանութիւնը տարածուի Հայաստանի Հանրապետութեան որոշ հատուածներու վրայ։

Այսինքն՝ Շուշին այստեղ միայն անցեալի խորհրդանիշ չէ. ան ապագայի նախազգուշացման օրինակ է։ Եւ այս պատճառով գրառումը կարելի է բնորոշել որպէս նախազգուշացնող քաղաքական-հոգեւոր ուղերձ, որուն հիմնական մտահոգութիւնը ոչ թէ միայն Շուշիի մշակութային ժառանգութեան խեղաթիւրումն է, այլ այն վտանգը, որ խաղաղութեան գործընթացին մէջ հայկական շահերու սահմանումը եւս կարող է աստիճանաբար վերաձեւակերպուիլ։

ՀԵՀՈՄ-Ի 2025-2026 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐԺԵՒՈՐՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅՇաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2026-ի ժամը 19:30-ին, Խորէն Ա. Կեդրոնին մէջ համախմբուե...
13/09/2026

ՀԵՀՈՄ-Ի 2025-2026 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐԺԵՒՈՐՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2026-ի ժամը 19:30-ին, Խորէն Ա. Կեդրոնին մէջ համախմբուեցան Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) ուսանող-ուսանողուհիները՝ միասին արժեւորելու 2025-2026 տարեշրջանը եւ հայեացք նետելու յառաջիկայ գործունէութեան։

Հանդիպումը իր ողջոյնի խօսքով բացաւ ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան։ Ան ողջունեց միութեան անդամները եւ մաղթեց, որ այս հանդիպումը առիթ մը ըլլայ անցնող տարեշրջանի գործունէութիւնը միասին վերարժեւորելու, ձեռքբերումները վերատեսութեան ենթարկելու եւ յառաջիկայ տարեշրջանին համար նոր ծրագիրներու ու նախաձեռնութիւններու ուղղութիւններ ճշդելու։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ անցնող տարեշրջանի ամբողջ գործունէութեան։ Արժեւորուեցան կատարուած ծրագիրները, որմէ ետք անդամները առիթ ունեցան ազատօրէն արտայայտելու իրենց առաջարկներն ու սպասումները, նպատակ ունենալով նոր գաղափարներու միջոցով աւելի աշխուժ դարձնել ՀԵՀՈՄ-ի առաքելութիւնն ու գործունէութիւնը։

Հանդիպումը միաժամանակ եղաւ անցեալը գնահատելու եւ ապագան կերտելու առիթ մը։ Անդամներուն ներկայացուցած գաղափարներն ու առաջարկները պիտի ծառայեն իբրեւ կարեւոր հիմք՝ յառաջիկայ ծրագիրներու մշակման եւ ՀԵՀՈՄ-ի առաքելութեան աւելի արդիւնաւէտ շարունակութեան համար։

Հանդիպման աւարտին Հայր Սուրբը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութեամբ, նուիրումով եւ աշխատանքով իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցան անցնող տարեշրջանի գործունէութեան մէջ։ Ան մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւորական եւ աշխարհական հիւր դասախօսներուն, ինչպէս նաեւ միութեան բոլոր բարեկամներուն ու աջակիցներուն, որոնք հաւատալով ՀԵՀՈՄ-ի առաքելութեան՝ նեցուկ կանգնեցան միութեան աշխատանքներու իրագործման։

Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2026-ի ժամը 19:30-ին, Խորէն Ա. Կեդրոնին մէջ, ՀԵՀՈՄ-ականները պիտի ունենան ՀԵՀՈՄ-ի 2025-2026 տարեշրջան...
09/09/2026

Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2026-ի ժամը 19:30-ին, Խորէն Ա. Կեդրոնին մէջ, ՀԵՀՈՄ-ականները պիտի ունենան ՀԵՀՈՄ-ի 2025-2026 տարեշրջանի արժեւորման օր՝ նախքան նոր տարեշրջանի սկսիլը, միասնաբար քննելու եւ քննարկելու մեր ծրագիրներն ու միութենական կեանքը։🤝😁

23/08/2026

Address

Խորէն Ա. կեդրոն
Antilyas
00961

Opening Hours

18:30 - 21:30

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when ACUSA - Armenian Church University Students' Association posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Organization

Send a message to ACUSA - Armenian Church University Students' Association:

Shortcuts

Share