Armenian Sanatorium Of Azounieh - Lebanon

Armenian Sanatorium Of Azounieh - Lebanon The Armenian Sanatorium was founded in 1923 .It is a charitable non profit organization. We treat chest disease patients and have a geriatric department.

X-Ray, lab and pharmacy.

30/04/2026
Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով Ազունիէի հայ Ազգային Բուժարանին մէջ կատարուեցաւ տնօրհնէք, ինչպէս նաեւ՝ ձիթենիի ճիւղերու օրհն...
14/04/2026

Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով Ազունիէի հայ Ազգային Բուժարանին մէջ կատարուեցաւ տնօրհնէք, ինչպէս նաեւ՝ ձիթենիի ճիւղերու օրհնութիւն։ Պատսպարեալները ստացան հաղորդութիւն։

Նկատի ունենալով երկրին անկայուն եւ անապահով վիճակը, Ազունիէի Տիկնանց օժանդակ մարմինը (Ա.Տ.Օ.Մ) իր արդէն իսկ աւանդութեան ...
07/04/2026

Նկատի ունենալով երկրին անկայուն եւ անապահով վիճակը, Ազունիէի Տիկնանց օժանդակ մարմինը (Ա.Տ.Օ.Մ) իր արդէն իսկ աւանդութեան վերածած այցելութիւնները եւ տօնական օրերու նշումը բուժարանէն ներս փոխարինեց մէկ այլ նախաձեռնութեամբ։

Արդարեւ, քիչ մը ժպիտ եւ քիչ մըն ալ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով, պատրաստուեցան 120 ծրարիկներ պատսպարեալներուն եւ բուժարանի պաշտօնէութեան համար։

Ծրագիրը ի գործ դնելու համար, Ա.Տ.Օ.Մ-ի տիկինները ժրաջան աշխատանքի լծուեցան, պատրաստելով տեսակաւոր քաղցրաւենիք, գունաւոր հաւկիթներ, նաեւ նուիրատու հաստատութեան մը կողմէ ստացան զատկուան հաւկթաձեւ տուրմ եւ այլ անուշեղէններ։
Այս բոլորը զետեղուեցան բծախնդրօրէն զարդարուած տոպրակներու մէջ։

Բերնի համով ուտեն մեր պատսպարեալները եւ վարձքը կատա՛ր բոլոր աշխատողներուն եւ նուիրատուներուն։

Despite the country’s ongoing instability and security challenges, the Ladies’ Auxiliary of the Armenian Sanatorium of Azounieh (ADOM) has proudly continued its cherished tradition of visiting the Sanatorium to mark special occasions, and has prepared thoughtful gifts for both residents and staff.

On the occasion of Easter, the ladies assembled beautifully presented individual packages containing colored eggs, homemade sweets, chocolate eggs, and other festive treats.

ADOM extends its sincere appreciation to all organizations whose generous contributions help bring joy to our beloved elderly residents and dedicated staff.

May these gifts convey our heartfelt care and affection, and may all who contributed, both volunteers and donors, be warmly acknowledged for their kindness and support.

03/03/2026
Հայ Ազգային Բուժարանի Ի Նպաստ Բարեսիրական ՀամերգԿիրակի, 1 Մարտին, Լիբանանահայ հանդիսատեսը առիթը ունեցաւ ներկայ գտնուելու...
03/03/2026

Հայ Ազգային Բուժարանի Ի Նպաստ Բարեսիրական Համերգ

Կիրակի, 1 Մարտին, Լիբանանահայ հանդիսատեսը առիթը ունեցաւ ներկայ գտնուելու իւրայատուկ համերգի մը, որուն կատարողներն էին հայրենի IM Project խումբի երգիչները։ Արդարեւ համերգը կազմակերպուած էր Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանի խնամակալութեան կողմէ, որուն հրաւէրին ընդառաչելով Պէյրութ ժամանած էր հայրենի արուեստագէտներու խումբը։

Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած համերգին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան՝ Սարմէն Պաղտասարեան, Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտոսեան, հոգեւոր հայրեր, պետական ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններ ու նախարարներ, հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով երաժշտասէր հայորդիներ։

Բուժարանի խնամակալութեան անունով խօսք առաւ Տիկին Սօսի Փօլատեան, որ հակիրճ զեկուցում մը տուաւ բուժարանին մասին ու բացատրեց բարեսիրական այս նախաձեռնութեան նպատակը, որ արժանավայել կեցութիւն ապահովելն է պատսպարեալներուն։ Ապա, հանդիսատեսները դիտեցին բուժարանին մասին պատրաստուած տեսերիզ մը։

Պաշտօնական բաժինէն ետք բեմ բարձրացան IM PROJECT-ի անդամները եւ մօտաւորապէս երկու ժամուան տեւողութեամբ անոնք առիթը տուին ներկաներուն վայելելու հայերէն մաքուր երաժտութիւնն ու երգերը՝ բացառիկ կատարողութեամբ երգիչներուն։

Ներկաները վայելեցին շարանը երգացանկի մը, որ կ՚ընդգրկէր ազգայինը, սիրայինը, ազգագրականը, հայրենասիրականն ու յատկապէս Երեւանի նուիրուած երգեր։ Հանդիսատեսները խանդավառուեցան, յուզուեցան, միացան երգերուն, պարեցին ու ծափահարեցին՝ ըմբոշխնելով հայկական հարազատ ու գեղեցիկ արուեստը, իրենց կարգին յուզելով նաեւ երգիչները, որոնք սրտի ջերմ խօսքեր արտասանեցին պարբերաբար եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին այս առիթին համար։

Կիրակի օրուան համերգը վերահաստատեց Լիբանանահայ հանդիսատեսին սէրը եւ գնահատանքը մաքուր ու գեղեցիկ արուեստին։

03/03/2026
Հայրենի IM PROJECT խումբը այսօր  Երեւանէն ժամանեց Պէյրութ։ Այսօր երեկոյեան ժամը  8:00-ին, նախատեսուած բարեսիրական համերգ...
01/03/2026

Հայրենի IM PROJECT խումբը այսօր Երեւանէն ժամանեց Պէյրութ։

Այսօր երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախատեսուած բարեսիրական համերգը տեղի պիտի ունենայ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ։

Կազմակերպութեամբ Ազունիէի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին (Ա.Տ.Օ.Մ.), Շաբաթ 21 Փետրուար 2026-ի առաւօտեան, Բուժարանի պատսպարեալն...
25/02/2026

Կազմակերպութեամբ Ազունիէի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին (Ա.Տ.Օ.Մ.), Շաբաթ 21 Փետրուար 2026-ի առաւօտեան, Բուժարանի պատսպարեալները ապրեցան ուրախ պահ մը: Սրահին մէջ հաւաքուած, անոնք երգեցին, պարեցին ու զուարճացան, իրենց համար յատուկ պատրաստուած խաղեր խաղացին օրուան այցելու՝ հտպիտին հետ:
Օրուան յայտագիրը պատրաստեցին ու ներկայացուցին, կամաւորաբար, տիկիններ Սալբի Հանտեան եւ Թամար Պագգալեան: Անոնք իսկական տօնական պահ մը ստեղծեցին պատսպարեալներուն համար:
Ընթացքին տեղի ունեցաւ քաղցրեղէնի եւ հիւթի հիւրասիրութիւն:
Ա.Տ.Օ.Մ.-ի անդամները գեղեցիկ գաղափարը ունեցան նոյն օրը, պատսպարեալներուն օրուան ճաշը իրենց ճարտար ձեռքերով պատրաստելու. ուստի աւանդական «Հերիսա»ն եղաւ Բուժարանի պատսպարեալներուն կէսօրուան ճաշը:

Կազմակերպութեամբ՝ Ազունիէի Ազգային Բուժարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմնին (Ա.Տ.Օ.Մ.), Շաբաթ 31 Յունուար 2026-ին Բուժարանին մէ...
03/02/2026

Կազմակերպութեամբ՝ Ազունիէի Ազգային Բուժարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմնին (Ա.Տ.Օ.Մ.), Շաբաթ 31 Յունուար 2026-ին Բուժարանին մէջ նշուեցաւ Ս. Սարգիս եւ Ս. Յովհաննու Կարապետ տօները:
Սրահին մէջ հաւաքուած պատսպարեալները վայելեցին իրենց համար պատրասուած հաճելի հայկական գեղարուեստական պահ մը:
Մենապարերով հանդէս եկան օրիորդներ՝ Աստղիկ Կիրակոսեան եւ Սինտի Թուփէյեան, իսկ օր. Սելա Սվաճեան ջութակով մեկնաբանեց հայկական խանդավառ եղանակներ: Պահը այնքան հաճելի թուեցաւ ներկաներուն, մինչեւ իսկ անոնք երգեցողութեամբ միացան եղանակներուն, վերյիշելով իրենց երիտասարդութիւնը:
Յանձնախումբը շնորհաւորելով ներկաներէն օրուայ անուանակոչութիւններու տէրերը, զանոնք ուրախացուց նուէրներով, ապա հիւրասիրեց բոլոր ներկաները, օրուայ յատուկ քաղցրեղէնով՝ «Քումպա» եւ օշարակ:
Մօտ օրէն, դարձեալ տեսնուելու խոստումով, իւրաքանչիւրը բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցաւ սրահէն:

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանին Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի (Ա.Տ.Օ.Մ.) նորանշանակ կազմը, իր առաջին այցելութիւնը տուաւ յիշեալ...
13/01/2026

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանին Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի (Ա.Տ.Օ.Մ.) նորանշանակ կազմը, իր առաջին այցելութիւնը տուաւ յիշեալ հաստատութեան, Շաբաթ 10 Յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 9։00-ին։

«Ա.Տ.Օ.Մ.»-ականները իրենց պատրաստած անուշեղէններն ու պտուղը անձամբ բաժնեցին պատսպարեալներուն, եւ առիթը ունեցան աւելի մօտէն ծանօթանալու իւրաքանչիւրին, տաքուկ զրոյցներ ունենալով ի յայտ բերին անոնց հետաքրքրութիւններն ու կարիքները:

Այս հաճելի եւ օգտաշատ հանդիպումէն ետք յանձնախումբը բուժարանէն ներս գումարեց իր հերթական ժողովը մշակելու համար իր երակամեայ ծրագիրը:

Address

Azounieh
Aley

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Armenian Sanatorium Of Azounieh - Lebanon posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Organization

Send a message to Armenian Sanatorium Of Azounieh - Lebanon:

Share