31/05/2026
Յարգարժան ընկերներ, սիրելի բարեկամներ, Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) նեցուկը վայելող Պէյրութի ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ԼԵՒՈՆ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Երկրորդական վարժարանը որ մէկ դարէ իվեր (1922) կը գործէ ի սպաս հայ ժողովուրդին եւ մշակոյթին, ձեռնարկած է կրթանպաստ ծրագիրի մը՝ նիւթապէս օժանդակել կարիքաւոր աշակերտներու։ Լիբանանի քաղաքական ճգնաժամը որ հետեւանքն է Միջին Արեւելքի ներկայիս անկայուն վիճակին, կը կարօտի մեր յատուկ ուշադրութեան։ Այսօր ձեզի կը դիմենք, ձեր լուման հասցնելու այդ աշակերտներուն, որպէսզի անոնք արժանավայել միջավայրի մը մէջ շարունակեն ու ամբողջացնեն իրենց ուսումնական հանգրուանը որպէսզի պատրաստ ըլլան, հոն, իրենց մատուցուած հայեցի դաստիարակութեան շնորհիւ, դիմագրաւելու կեանքի դժուարութիւնները եւ հոն, իրենց ստացած բարձր ուսման ընդմէջէն հասնին իրենց մասնագիտութիւններուն գագաթներուն։ Հանգանակութեան ձեւով պատրաստուած այս ծրագիրին իր օժանդակութիւնն ալ պիտի բերէ ՀԿԲՄ-Ֆրանսան։ Ան, Ֆրանսայի մէջ իր կազմակերպած դրամահաւաքին գումարը ամբողջացնելով պիտի տրամադրէ ծրագիրին աշակերտներուն։ Նուիրատուները պիտի ստանան իրենց յատկացուցած գումարներուն համապատասխանող CERFAներ։ Շնորհակալութիւն ձեր ուշադրութեան, շնորհակալութիւն ձեր մասնակցութեան։
Այլ տեղեկութեան համար կապուիլ
07 77 72 02 29 թիւին։
Chers amis, chers camarades, l’association de gestion du lycée SAHAGUIAN-LEVON MEGUERDITCHIAN à Beyrouth, actif depuis plus d’un siècle (1922) au service de la population arménienne et sa culture, a mis en place un projet de collecte de dons pour aider les élèves issus des familles nécessiteuses. La situation politique instable du Liban est la conséquence de la situation fragile du Moyen Orient. Votre participation financière est cruciale pour permettre à ces élèves de poursuivre leurs études dans une atmosphère sereine et adéquate. Achever leur formation supérieure leur permettra d’affronter la vie professionnelle et à travers leur spécialité, surmonter les défis. L’UBEA-France participera à cette collecte de dons en en organisant une en France. Comme à chaque collecte, les donateurs recevront des CERFAs correspondants à leurs dons, permettant de déduire les sommes de leurs impôts. En vous remerciant par avance.
Union de Bienfaisance et Éducative Arménienne - UBEA-France
Pour d’autres informations contacter le
07 77 72 02 29