24/07/2026
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գահիրէի Մասնաճիւղ
ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գահիրէի Մասնաճիւղի վարչութիւնը սրտի անհուն կսկիծով կը գուժէ Կոկանեան Սրահի վարչութեան երկարամեայ անդամ եւ Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.- Նուպարի գործունեայ վարչական եւ պատասխանատու Ռուբէն Սիմոնեանի վաղաժամ եւ տխուր մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 24 Յուլիս 2026-ին։
Բոլորիս սրտերուն մէջ պիտի ապրի Ռուբիկը իր մնայուն գործերով, աշխոյժ նկարագիրով, սրամիտ կատակներով, հաճելի զրոյցներով ու անմոռանալի յուշերով։
ՀԲԸՄիութեան Գահիրէի մասնաճիւղի վարչութիւնը սրտագին իր վշտակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի տիկնոջ` Ասիային, զաւակներուն` Նուպարին, Արինին եւ Սեւակին, իր ծնողած` Տէր եւ Տիկ. Նուպար Սիմոնեանին, եղբօր` ՀԲԸՄիութեան Գահիրէի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ` Դոկտ. եւ Տիկ. Ճորճ Սիմոնեանին եւ քրոջ` Օր. Մարլօ Սիմոնեանին եւ բոլոր սգակիրներուն։
Յաւերժ անդորր, լոյս,
խնկաբոյր աղօթք ու անթառամ ծաղիկներ սիրելի Ռուբէնին հոգւոյն։
Յիշատակն Արդարոց Օրհնուէեամբ Եղիցի։
Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Շաբաթ, 25 Յուլիս կէսօրէն ետք ժամը 4ին ։ Ապա թաղման կարգը ժամը 5-ին Հելիոպոլսոյ Ամենայն Սրբոց գերեզմանատան մէջ։
Հանգուցեալ մեր սիրելի Ռուբէն Սիմոնեանի ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին Գահիրէի ՀՄԸՄ Նուպար ակումբին մէջ, Կիրակի, 26 Յուլիս, երեկոյեան ժամը 7:00-ին։