12/10/2026
ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի արխիւներ, 1955-1963
Մօտ ատենեն ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութիւնը պիտի յայտարարէ միութեան արխիւներու ներկայացման երրորդ բաժնի թուականը, ձեռնարկ Նոյեմբեր ամսուն, ուր պիտի բացայայտենք, 1955-1963 ժամանակաշրջանի միութեան գործունէութիւնը։ Շատ տարբեր Ժամանակաշրջան մը, որ դժբախտաբար պիտի յանգի մեր միութեան եւ ընդհանրապէս հայ բնակչութեան կարեւոր մէկ մասի վտարադին՝ Հայկական թաղամասէն։ Ներքեւ, ներածական մը տիրող մթնոլորտէն։
ՀԵՄ-ի հիմնադրութեան առաջին օրերէն սկսեալ, կիպրոս կղզին տեսակ տեսակ տագնապներէ անցաւ։ Բայց հպարտութեամբ ու պարծանքով կ’ըսենք, որ մեր միութեան երիտասարդները ձեռք ձեռքի տուած, տոգորուած նուիրումով եւ կարգապահութեամբ, հակառակ դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն, կարողացան աւելի քան երկու տասնամեակ (1934-1945) ոչ միայն պահել իրենց գոյութիւնը, այլեւ ընդարձակել իրենց ազգօգուտ գործունէութիւնը։ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի աւարտը, նոր իրավիճակ ստեղծեց, յոյս ներշչեց, խոյանք դէպի պայծառ ապագայ։ Միութեան երիտասարդները վատ օրերը հրապուրիչ օրերու դարձուցին, զով քամի մը փչեց, եւ այդ քամին իր հետ բերաւ նորարութիւններ, քաղաքական յստակ դիրքորոշում, մարմնակրթական թռիչք, ուր միահամուռ ջանքերով դարձաւ կղզիին հայկական ամենէ հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը։ Այդ խոյանքին անբաժան մաս կազմեց մարզական կեանքը՝ ֆուդպոլն ու հոքին, որոնք հիմք դարձան, որ մեր ակումբը իր մարզիկներուն միջոցաւ ճանչցուի ամբողջ կղզիի տարածքին։ Արդէն, 1945էն սկսեալ մարզական կեանքը սկսած էր վերելք արձանագրել, ապա, 1950-1955 թուականներուն այն նոր թռիչք ստացաւ, ուր կազմուեցաւ հոքիի խումբ, որ դարձաւ Միջին արեւելքի ախոյեան։ Այսպէս կը նկարագրէ օրուայ օտար մամուլը, AYMA-ի հոգիի խումբին մասին, «The Armenian Young Men's Association (AYMA) field hockey team from Nicosia, Cyprus, is a dominant regional powerhouse that won championships across Cyprus and the Near East during the 1940s and 1950s.
Բայց հասանք ճակատագրական շրջան մը, 1955 թուականը, ուր քաղաքական վերիվայրումները, խռովումներն ու EOKA-ի ազատագրական պայքարի ծաւալումը, պիտի ստիպեր որ մեր միութիւնը հարցերը դիտեր տարբեր ակնոցով։ 1961-ին, մեր միութիւնը տիրացաւ իր սեփական ակումբին, որու բացումը տեղի ունեցաւ Հոկտեբեր 7-ին, բայց յոյն-թուրք միջհամայնքային խռովումները պատճառ դարձան որ զայն լքենք։
(Շարունակութիւնը Նոյմբերի ձեռնարկին)