Armenian Community Centre of Toronto - Թորոնթոյի Հայ կեդրոն

Armenian Community Centre of Toronto - Թորոնթոյի Հայ կեդրոն Թորոնթոյի Հայ կեդրոն
The Armenian Community Centre of Toronto The grounds of the Armenian Community Centre are also home to the A.R.S.

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը բաբախող սիրտն է Թորոնթոհայ կեանքին: Հայ Կեդրոնը, Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանը, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Երեղեցինն ու Հայ Երիտասարդական կեդրոնը Գանատայի մէջ հայ մշակութային, ընկերային եւ քաղաքական կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկն է, որուն հովանիին ներքեւ կը գործէն զանազան կազմակերպութիւններ, միութիւններ եւ հաստատութիւններ:

From its beginnings in the early 1960s, the Armen

ian Community Centre of Toronto has been the hub of the Toronto-Armenian community since 1979. Armenian Private School, St. Mary Armenian Apostolic Church and the Armenian Youth Centre, which house several community organizations such as the Armenian Relief Society, Homenetmen Armenian General Athletic and Scouting Union, Hamazkyin Armenian Cultural and Educational Society, the Armenian National Committee of Canada, the Armenian Youth Federation, Armen Karo Student Association, the A.R.F. Junior Organization of Canada and the Armenian Senior Citizens Club.

Կազմակերպութեան Հայ կեդրոնի երէցներու ընկերակցութեան վարչութեան, յուլիս 21ին տեղի ունեցաւ  կիսօրեայ պտոյտ մը դէպի bluffe...
08/21/2026

Կազմակերպութեան Հայ կեդրոնի երէցներու ընկերակցութեան վարչութեան, յուլիս 21ին տեղի ունեցաւ կիսօրեայ պտոյտ մը դէպի bluffers scarborough ճաշարանը։

Գեղեցիկ տեսարանն ու կլիմայի օդասուն երեւոյթը հաճելի մթնոլորտ եւ բերկրալի զգացում պարգեւեց երէցներուն։ Անոնք ունեցան անմոռանալի պահեր, ճաշեցին համադամ ճաշեր եւ վայլեցին իրենց համար պատրաստուած յայտագիրը։

Մտերմիկ խօսակցութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները։

Պատմական երեկոյ, իշխանական նուիրատութիւն եւ նոր կեդրոնի անուանակոչութիւն. Թորոնթոհայութիւնը օժտուեցաւ  ՆԱՐԵԿ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ...
08/11/2026

Պատմական երեկոյ, իշխանական նուիրատութիւն եւ նոր կեդրոնի անուանակոչութիւն. Թորոնթոհայութիւնը օժտուեցաւ
ՆԱՐԵԿ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆով
Սալբի Սաղտըճեան

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ» — Սփիւռքի մէջ հայ դպրոցը, եկեղեցին ու համայնքային կեդրոնները եղած են ու կը շարունակեն մնալ գաղութի մը գոյատեւման, ինքնահաստատման եւ ծաղկումի կարեւորագոյն կռուանները։ Հայկական կեանքը կարելի չէ պատկերացնել եւ կամ երաշխաւորուած համարել առանց հայ հաստատութիւններու գոյութեան եւ անոնց զարգացման։

Ուրախութիւն է արձանագրել, որ թորոնթոհայութիւնը համարձակ եւ հպարտալի նախաձեռնութեամբ մը տէր դարձաւ կրթական-մշակութային նոր կեդրոնի մը. շուրջ քառասուն հազար քառակուսի ոտնաչափ մակերեսով եռայարկ կառոյց, որ նախապէս եղած է քոլէճ եւ որպէս այդպիսին ունի ժամանակակից կրթական միջավայր ապահովելու գրեթէ ամէն անհրաժեշտ ենթակառուցուածքները։

Մարտահրաւէրը աւելի քան երբեք հրամայական կը դարձնէր նման ծրագրի մը իրագործումը, երբ համայնքի թուական զգալի աճին բերումով կարիքը կար աւելի մեծ տարածքի՝ երիտասարդական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալելու համար: Եւ պատի'ւ համայնքի օրուան ղեկավարութեան, որ գիտակից յանձնառութեամբ եւ ապագայատեսիլ հեռատեսութեամբ ձեռնարկեց եւ յաջողցուց նման յանդուգն գործ մը։ Հպարտալի իրագործում, որ պիտի բաւարարէ համայնքի ե՛ւ կրթական կարիքները, ե՛ւ պիտի ապահովէ համայնքին կենսունակ հաւաքական-մշակութային գոյերթը։ Յաջողութիւն մը, որ ի յառաջագունէ խոստումնալից է։

Այդ իմաստով, շաբաթ, 4 յուլիս 2026-ին, 211 Consumers Road հասցէին վրայ գտնուող նոր կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հանգանակային երեկոն լաւագոյն ապացոյցն է, եւ պիտի մնայ յիշարժան` կեդրոնը անուանակոչելու «Նարեկ կրթական եւ մշակութային կեդրոն»-ով, Հասըրճեան ընտանիքի կողմէ համայնքի պատմութեան մէջ իշխանական մեծագոյն նուիրատութեամբ (հինգ միլիոն գանատական տոլար) եւ գալիք մեծ ծրագիրներու յայտնութեամբ` ինչպիսին են՝ 211 Consumers Road-ի շէնքը անհրաժեշտ յարմարութիւններով օժտելն ու Hallcrown Place 50 հասցէի վրայ գտնուող Երիտասարդական կեդրոնը ընդլայնելը, հաստատաքայլ ընթացքով իրագործելը։
Նոր ձեռք բերուած կառոյցէն ներս դրամահաւաքի երեկոյին ներկայ գտնուեցան Թորոնթոյի հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն ու հայ դպրոցի առաքելութեան հաւատացող պատկառելի թիւով թորոնթոհայեր։

Հանգանակային երեկոյին պաշտօնական բաժինը սկիզբ առաւ Հանգանակային արշաւի յանձնախումբի (ACC Beyond) ատենապետ եւ օրուան հանդիսավար Ռազմիկ Թիթիզեանի ողջոյնի խօսքով, որ վեր առաւ լայն մտածելու, մեծ ծրագիրներ իրագործելու համար մարտահրաւէրներէն չվախնալու, հեռապատկեր ունենալու կարեւորութիւնը եւ ներկաներուն յայտնեց, թէ՝ «նախանցեալ տարի երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնման ծրագիրը այսօր փոխարինուած է նոր կեդրոնի գնման աշխատանքով»։

Երեկոյի պաշտօնական բաժնի վերջաւորութեան կրկին անգամ խօսք առնելով, ան զեկուցեց յանձնախումբի կատարած աշխատանքներուն մասին, բարձր գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ մասնակից դարձան ծրագիրի յաջողութեան։ Երախտագիտութեամբ յայտարարեց մեծագումար նուիրատուութիւն կատարողներուն անունները, յայտնեց որ կատարուած են խոստումներ եւս, իսկ հանգանակութեան ընթացքը կը մնայ շարունակելի։ Ան իր խօսքը փակեց՝ ըսելով. «Անհերքելի իրականութիւն է, թէ երբ մեր համայնքը կը միանայ մէկ ընդհանուր տեսլականի շուրջ, կարելի կ’ըլլայ իրականացնել մեծ գործեր եւ մեծ նախաձեռնութիւններ»։

Բացման խօսքով հանդէս եկող, Հայ կեդրոնի նախագահ, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Գառնիկ Հասըրճեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ շէնքին ձեռքբերումը գաղութի նիւթական ներդրումով իրականացած է, բայց շէնքէն աւելի կարեւորը, թէ այս իրագործումով գաղութը ցոյց կու տայ, որ հաւատացողն է իր ապագային, հաւատացողն է հայ կրթութեան, համայնքի կենսունակութեան եւ ամենէն կարեւորը, որ պատրաստ է շարունակելու նախորդ սերունդներուն այն գործը, որ կատարած են դպրոց հիմնելով նորահաս սերունդներուն համար։ Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ համայնքի յառաջընթացը ապահովելու համար չեն վախցած մարտահրաւէրներէն, այլ ցուցաբերած են անհրաժեշտ հեռատեսութիւն ու խիզախութիւն գործը յաջողցնելու համար։ Սխրալի իրագործում մը, որ թորոնթահայութեան հզօրացման եւ անոր շարունակական զարգացման պիտի նպաստէ։ «Կու գան պահեր, երբ համայնքներ պէտք է ունենան հեռատեսութիւն եւ քաջութիւն որոշ վտանգներ ընդունելու, որովհետեւ երբեմն վտանգի չդիմելը աւելի մեծ վտանգ է, քան այն անորոշութիւնը, որ կրնայ զսպել համայնքի մը յառաջընթացը», նկատել տուաւ ան:

Հասըրճեան հաստատեց, որ ներկայիս թորոնթոհայը շատ աւելի արժէքներ ունի պահպանելու, եւ շատ աւելի բան կորսնցնելու, քան քառասուն տարիներ առաջ։ «Հիմա հերթը մերն է կառուցելու, մեր հերթն է ներդրում կատարելու, յաջորդ սերունդին արժէքաւոր ժառանգութիւն ձգելու», ըսաւ ան։ Իսկ խօսքի աւարտին երախտագիտութիւնը յայտնեց կամաւորներուն, կազմակերպութիւններուն, բարերարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց գիտելիքները, աշխատանքը եւ աջակցութիւնը տրամադրեցին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան համար։

Կրթականէն բացի, կառոյցը նախատեսուած է ըլլալու համայնքային, մշակութային-երիտասարդական կեդրոն, գաղութի հաւաքավայր, ուր միութիւնները պիտի կարենան համախմբուիլ, ուր աշխուժ մշակութային կեանքի կարելիութիւններ պիտի ստեղծուին, համայնքային ձեռնարկներ կազակերպուին, եւ ուր երիտասարդութիւնը պիտի գտնէ իր ինքնութեան ու ժառանգութեան ծանօթանալու հարազատ միջավայր եւ յարմարաւէտ կարելիութիւններ։

Ապա Հասըրճեան մեծ ուրախութեամբ յայտարարեց, որ այս շէնքը, որ պիտի ըլլայ կրթութեան, մշակոյթի եւ համայնքային կեանքի կեդրոնը, կ’անուանակոչուի «Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոն», ի պատիւ Գրիգոր Նարեկացիին, որովհետեւ արդէն հազար տարիէ աւելի է, որ «Նարեկ»-ը հայ ժողովուրդին համար կը խորհրդանշէ իմաստութիւն, գիտութիւն, հաւատք, ստեղծագործութիւն եւ մշակութային ժառանգութիւն։
«Անոր ժառանգութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ կրթութիւնը, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը պահպանուող արժէքներ չեն միայն. անոնք կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ, երբ համայնքները կը ներդնեն ապագային մէջ։ Կը հաւատանք, որ «Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոն» անունը կը մարմնաւորէ թէ՛ այս շէնքին առաքելութիւնը եւ թէ՛ մեր համայնքին ձգտումները», ըսաւ Հասըրճեան:

Կրթական մարմինին անունով խօսք առած տոքթ. Կարնի Թաթիկեան (ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 2008 տարեշրջանի շրջանաւարտ), հակիրճ կերպով անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի ամենօրեայ վարժարանի հիմնադրութեան պատմութեան. 1979-ին, օրուան «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի որոշումով բացուած կրթօճախը սկսած է գործել ընդամէնը եօթանասունհինգ աշակերտներով` բողբոջէն երկրորդ դասարան։ Տարուէ տարի դասարաններու յաւելումով դարձած է երկրորդական վարժարան, որ առաջին շրջանաւարտները տուած է 2005-ին։ Իսկ 2026-2027 դպրոցական տարեշրջանին ցարդ արձանագրուած են եօթը հարիւր քսան աշակերտ։
Նոր կեդրոնը օժտուած պիտի ըլլայի մասնագիտական, ուսումնական արդիական յարմարութիւններով, պիտի ունենայ արուեստի, ռոբոտաշինութեան յարուկ աշխատանոցներ, ինչպէս նաեւ մուլտիմեդիայի յատուկ բաժին եւ մարզասրահ։

Հանգանակային երեկոյին յաջորդեց պատշաճ հիւրասիրութիւն` ընկերային մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ։ Ներկաները ծանօթացան կառոյցի բաժիներուն եւ յարմարութիւններուն։
Թորոնթոհայութիւնը անհամբեր կը սպասէ Նարեկ կեդրոնին պաշտօնական բացման, որ տեղի պիտի ունենայ 20 սեպտեմբեր 2026-ին։

Աւելցնենք, որ 7 յուլիս 2026-ին, ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի շէնքին ձեռքբերման նպատակով, իբրեւ մասնաճիւղի անդամակցութեան հաւաքական կամքի եւ նուիրումին արտայայտութիւն, «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին յանձնեց 500 000 տոլարի արժողութեամբ նուիրատուութեան կտրոնը։ Այս առատաձեռն նուիրատուութիւնը կը խորհրդանշէ մասնաճիւղին խոր հաւատքը ազգային կրթական, մշակութային եւ համայնքային արժէքներու պահպանման ու զարգացման գործին եւ կը վերահաստատէ ՀՕՄ-ի առաքելութեան անսակարկ նուիրուածութիւնը՝ ծառայելու հայ ժողովուրդի մնայուն ու համազգային շահերուն։ ֍

***

Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2026 ( #228) թիւին մէջ: Լուսանկարները՝ White Photo-ի. տրամադրած է ACC Beyond յանձնախումբը:

Քաղաքացիական տօնին առիթով, Հայ կեդրոնը փակ է, երկուշաբթի 3 օգոստոսին: Բարի եւ ուրախ երկար շաբաթավերջ:
07/31/2026

Քաղաքացիական տօնին առիթով, Հայ կեդրոնը փակ է, երկուշաբթի 3 օգոստոսին:
Բարի եւ ուրախ երկար շաբաթավերջ:

ARS Toronto Roubina Chapterը իր իշխանական նուիրատուութեամբ նեցուկ կը կանգնի կեդրոնիս նոր համալիր՝ Նարեկ հայ կրթական եւ մ...
07/23/2026

ARS Toronto Roubina Chapterը իր իշխանական նուիրատուութեամբ նեցուկ կը կանգնի կեդրոնիս նոր համալիր՝ Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի (Nareg Centre - Նարեկ կեդրոն) գնումի ծախսերուն:

Վարձքերնիդ կատար աննման ընկերուհիներ:
-
The ARS "Rubina" Chapter is proudly standing behind the Armenian Community Centre of Toronto's new campus, the Nareg Armenian Educational and Cultural Centre, with a generous donation in support of its acquisition.

Thank you for your remarkable support!

19 մայիս 2026ին, Սբ. Աստուածածին հյց. առաքելական եկեղեցւոյ հրաւէրով, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի պատուիրակութիւն մը ...
07/22/2026

19 մայիս 2026ին, Սբ. Աստուածածին հյց. առաքելական եկեղեցւոյ հրաւէրով, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի պատուիրակութիւն մը այցելեց եկեղեցի ուր հիւրընկալուեցաւ հոգեւոր տեսուչ՝ Հայր Գարեգին ծ. վրդ. Շխրտմեանի, հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Տաթեւ աւ. քհնյ. Միքայէլեանի եւ հոգաբարձութեան անդամներուն կողմէ: Անոնք իրենց անվերապահ աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին կոմիտէին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի նոր համալիր՝ «Նարեկ» հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնին գնումին առիթով եւ փոխանցեցին իրենց նուիրատուոթիւնը:

21 յուլիս 2026ին, Սբ. Երրորդութիւն հյց. առաքելական եկեղեցւոյ եւ «Բարեւ» կեդրոնի պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Գանատահայոց թեմի առաջնորդի փոխանորդ՝ Տէր Զարեհ աւ. քհնյ. Զարգարեանի, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին՝ «Նարեկ» կեդրոնին մէջ։ Պատուիրակութիւնը շրջեցաւ կեդրոնի տարածքին մէջ, ծանօթացաւ անոր տարբեր բաժիններուն եւ յետոյ իր սրտաբուխ նուէրը փոխանցեց նորակառոյց համալիրի առաքելութեան աջակցելու նպատակով։

-

On May 19, 2026, at the invitation of St. Mary Armenian Apostolic Church, a delegation from the Armenian Community Centre of Toronto's Board of Trustees visited the church, where they were welcomed by the Spiritual Leader Very Rev. Fr. Karekin Shkhrdmian, Pastor Rev. Archpriest Fr. Datev Mikayelian, and members of the Church Board. The church representatives expressed their unwavering support and solidarity on the occasion of the acquisition of the Armenian Community Centre of Toronto’s new campus, the Nareg Armenian Educational and Cultural Centre, and presented their generous donation in support of this important initiative.

On the 21st of July, a delegation from Holy Trinity Armenian Apostolic Church and the “Barev” Centre, led by the church’s pastor and Vicar of the Prelacy of Canada, Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian, paid a congratulatory visit to the Board of Trustees of the Armenian Community Centre of Toronto at its new campus Nareg Centre. The delegation toured the facility, became acquainted with its various departments and spaces, and presented their heartfelt donation in support of the mission and vision of the new centre.

Nareg Centre - Նարեկ կեդրոն
St. Mary Armenian Apostolic Church
Toronto Holy Trinity Armenian Apostolic Church
Barev Centre

Ամառնային տաք կլիման եւ Թորոնթոյի գեղեցիկ բնութիւնը վայելելու նպատակով, Հայ կեդրոնի երէցներու ընկերակցութեան վարչութիւնը...
07/15/2026

Ամառնային տաք կլիման եւ Թորոնթոյի գեղեցիկ բնութիւնը վայելելու նպատակով, Հայ կեդրոնի երէցներու ընկերակցութեան վարչութիւնը կազմակերպած է կիսօրեայ պտոյտ-ճաշ` Bluffers Scarborough Resturantի մէջ, ուր պիտի վայելէք համադամ ճաշեր եւ հմայիչ բնութիւն։

🗓️ Թուական` երեքշաբթի, 21 յուլիս 2026
🕓 Ժամ` 11։00
📍 Հաւաքավայր` Հայ կեդրոն։

Յաւելեալ տեղեկութեան համար դիմել
ընկհ. Արփի Վէսոյեանին։

Յապաղումով կը տեղադրենք նկարներ՝ Հայ կեդրոնի երէցներու ընկերակցութեան Հայրերու օրուան ձեռնարկէն, որ տեղի ունեցաւ 23 յուն...
07/14/2026

Յապաղումով կը տեղադրենք նկարներ՝ Հայ կեդրոնի երէցներու ընկերակցութեան Հայրերու օրուան ձեռնարկէն, որ տեղի ունեցաւ 23 յունիս 2026ին, St. Mary Armenian Apostolic Churchի «Յովնանեան» սրահին մէջ։

Հոգեւոր հայրերու, Թորոնթոյի միջ-յարանունական մարմինի ատենապետ՝ ընկ Յակոբ Ճանպազեանի, վարչութեան ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ մտերմիկ ճաշկերոյթ մը նուիրուած հայրերուն։ Ջերմեռանդ բարեմաղթութիւններով, հաճելի ներկայացումներով եւ օրուան նուիրուած հակիրճ յայտագրով, հարազատ պահեր անցուցին ներկաները եւ ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան իրենց տուները։

Իւրաքանչիւր նուէր կ՛ամրապնդէ այն հիմքերը, որոնց վրայ պիտի կերտուին գալիք սերունդները։Միացէ՛ք մեզի՝ շաբաթ, 4 յուլիս 2026-...
07/06/2026

Իւրաքանչիւր նուէր կ՛ամրապնդէ այն հիմքերը, որոնց վրայ պիտի կերտուին գալիք սերունդները։

Միացէ՛ք մեզի՝ շաբաթ, 4 յուլիս 2026-ին, ժամը 19:00-ին:
📍 211 Consumers Rd.
-
Every gift strengthens the foundation upon which future generations will stand.

Join us on Saturday, July 4, 2026, at 7:00 PM
📍 211 Consumers Rd.

Ինչո՞ւ «Նարեկ hայ կրթական եւ մշակութային կեդրոն»:Նարեկ անունը ներշնչուած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիէն՝ մեր ժողովուրդի մեծագ...
07/05/2026

Ինչո՞ւ «Նարեկ hայ կրթական եւ մշակութային կեդրոն»:

Նարեկ անունը ներշնչուած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիէն՝ մեր ժողովուրդի մեծագոյն մտածողներէն, գրագէտներէն եւ հոգեւոր առաջնորդներէն ։ Արդէն հազար տարիէ աւելի է, որ Նարեկը հայ ժողովուրդին համար կը խորհրդանշէ իմաստութիւն, գիտութիւն, հաւատք, ստեղծագործութիւն եւ մշակութային ժառանգութիւն։

Անոր ժառանգութիւնը մեզ կը յիշեցնէ, որ կրթութիւնը, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը պահպանուող արժէքներ չեն միայն. անոնք կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ, երբ համայնքները կը ներդնեն իրենց ապագային մէջ։

Կը հաւատանք, որ «Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոն» անունը կը մարմնաւորէ թէ՛ այս շէնքի առաքելութիւնը եւ թէ՛ մեր համայնքի ձգտումները։

-

Why “Nareg Armenian Educational and Cultural Centre”?

The name Nareg is inspired by Saint Gregory of Nareg, one of the greatest thinkers, literary figures, and spiritual leaders of the Armenian people. For more than a thousand years, Nareg has symbolized wisdom, knowledge, faith, creativity, and the rich cultural heritage of the Armenian nation.

His legacy reminds us that education, culture, and identity are not merely values to be preserved; they are treasures that must be passed from one generation to the next through the commitment and investment of the community in its future.

We believe that the name Nareg Armenian Educational and Cultural Centre embodies both the mission of this building and the aspirations of our community.

We are proud to announce the official name of our new home at 211 Consumers Road:NAREG ARMENIAN EDUCATIONAL AND CULTURAL...
07/05/2026

We are proud to announce the official name of our new home at 211 Consumers Road:

NAREG ARMENIAN EDUCATIONAL AND CULTURAL CENTRE

A new home for education, culture, and community.
-
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք 211 Consumers Road-ի մեր նոր կեդրոնին պաշտօնական անունը՝

ՆԱՐԵԿ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆ

Նոր օճախ մը՝ կրթութեան, մշակութային եւ համայնքային կեանքին համար։

Address

45 Hallcrown Place
Toronto, ON
M2J4Y4

Opening Hours

Monday 9am - 11:30pm
Tuesday 9am - 11:30pm
Wednesday 9am - 11:30pm
Thursday 9am - 11:30pm
Friday 9am - 11:30pm
Saturday 9am - 2pm
Sunday 9am - 2pm

Telephone

416-491-2900

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Armenian Community Centre of Toronto - Թորոնթոյի Հայ կեդրոն posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Organization

Send a message to Armenian Community Centre of Toronto - Թորոնթոյի Հայ կեդրոն:

Shortcuts

Share