04/14/2024
Այս աշխարհին վրայ հայ մը չկայ որ չգիտնայ թէ ինչպիսի լուրջ եւ տագնապալի օրեր կ՚անցնենք Լիբանանի մէջ։ Ազգային կառոյցները խորագոյն տնտեսական տագնապի մէջ են, իրենց պաշտօնէութեան վարձատրութիւններն անգամ չեն կրնար կատարել։ Միւս կողմէ, հայ ժողովուրդի ցաւակներէն շատ-շատեր օրուան հացի կարօտ են, եւ կան նաեւ մեծ թիւով հայ ծերունիներ եւ ընտանիքներ, որոնք սովի սահմանին են։ Երբեմնի Պուրճ Համուտ հայահոծ աւանը այսօր բնակչութեան մեծամասնութեամբ Սուրիացի գաղթականներ են, ինչ որ պատճառ կը հանդիսանայ որ հայութիւնը աւելի մեծ թափով հեռանայ իր տուներէն եւ ապաստարան փնտռէ այլուր, մինչեւ իսկ արտագաղթելու դէպի Եւրոպա եւ այլուր։
Այս բոլորին ի տէս, Արամ Ա. վեհափառը ձեռնածալ է։ Աւելի ճիշտը,ան զբաղուած է քսանի մօտ «մասնագէտներ» հրաւիրելով ու տասնեակ հազարաւոր տոլարներ ծախսելով իբր թէ Արցախի իրավիճակն ու ապագան քննարկելու համար։ Արդ հարց կուտանք, Վեհափառին, թէ իր զաւակները թշուառութեան ձգած, ու ՞ր ելած է հարցեր «քննելու», երբ իրենց քննարկածը ԶԷՐՕՅԱԿԱՆ արժէք ունին Արցախի իրականութեան վրայձ
Ինչու ՞ Վեհափառ, այսքան անտարբերութիւն. աւելի ճիշտը ինչու ՞ այս չափերով Դաշնակցութեան քաղաքական եւ բրօ-ռուսական ծրագիրներուն մատակարարումը, երբ ձեր անմիջական շրջապատը սովամահ կը մեռնի։
Ինչու ՞ Վեհափառ, Դաշնակցութեան անճարակ եւ անճոռնի ցուցմունքներուն հետեւելով, ոտքի տակ առիր Լոս Անճելոսի առաջնորդը եւ անոր պաշտօնէն հանեցիր, միայն այն պատճառով որ ան մերժեց Դաշնակցութեան Պիւրոյին խաղալիքը դառնալ։
Ինչու ՞ Վեհափառ, այսքան մսխումներ երբ քու միաբաններուդ ընտանիքներն անգամ տնտեսական լրջագոյն կարիքի մէջ են, մինչ դուք հարիւրաւոր հազար տոլարներով կը ֆինանսաւորէք Հայաստանի Դաշնակցութեան պիւտճէական բացերը գոցելու համար։
Ինչու ՞ Վեհափառ, այսքանով դուք հեղինակազրկեցիք ձեր համբաւն ու աթոռը։
Ա ՞յս պիտի ըլլար ձեր ետին թողելիք աւանդը։ Մեր այս խօսքերը համարեայ բոլոր ազգի զաւակներուն մտածածն է, ուղղակի մենք կը համարձակինք զանոնք բարձրաձայնել։
Կը խնդրենք որ զգաստանաք եւ արդար ու ճշմարիտ ըլլաք ձեր ժողովուրդին հետ, այլ ոչ թէ ծառայէք միայն պալատականներու շահերուն։