Hamazkayin Canada

Hamazkayin Canada Hamazkayin Canada is a non-profit organization that aims to preserve and promote the Armenian culture; chapters in Montreal, Toronto, Cambridge, Vancouver.

Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած 2025-26 տարեշրջանի միջ-դպրոցական շարադրական մրցոյթին, Գանատայի տար...
06/19/2026

Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած 2025-26 տարեշրջանի միջ-դպրոցական շարադրական մրցոյթին, Գանատայի տարածքին հայկական վարժարաններու միջնակարգ բաժնի ԱՌԱՋԻՆ մրցանակը խլեց Թորոնթոյի A.R.S. Armenian Private School-էն Սեւանա Կարապետեանը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Սեւանային շարադրութիւնը։

Ինծի համար ազատ ըլլալը...

Ազատութիւնը յաճախ կը նկարագրուի որպէս ընտրելու կարողութիւն. բայց ան աւելի խոր իմաստ ունի։ Ազատ ըլլալը կը նշանակէ ապրիլ առանց մշտական վախի, ճնշումի կամ սահմանափակումներու տակ։ Ան է ներքին վսահութիւնդ թէ քու միտքերդ քեզի կը պատկանին եւ քու ձայնդ արժէք ունի։ Ազատութիւնը միայն արտաքին պայմաններու մասին չէ. այլ նաեւ ներքին վիճակ մըն է։ Մարդ կրնայ ունենալ անսահման հնարաւորութիւններ եւ դեռ զգալ կապուած կամ ունենալ շատ քիչ բան եւ զգալ ամբողջովին թեթեւ։ Այս իմաստով ազատութիւնը մտածելակերպ է, այնքան որքան իրականութիւն։
Ես ազատութիւն զգացած եմ այն պահերուն երբ ոչինչ արտասովոր չէր պատահեր, երբ մինակ կը քալէին առանց յստակ նպատակ մը ունենալու եւ ժամանակը կարեւոր չէր, միտքս ազատ կը զգար։ Չկային ակնկալութիւններ կամ ճնշումներ, միայն հանգիստ ներկայութիւն։ Նոյնիսկ փոքր բաներ - ինչպէս ճշմարիտ խօսիլ կամ ծրագիր փոխել – ինծի կու տային ազատութեան զգացում։ Այս պահերը ինծի սորվեցուցին, թէ ազատութիւնը միշտ մեծ կամ աղմկոտ չէ։ Երբեմն ան շատ լուռ եւ անձնական է։
Ազատութիւնը նաեւ կապ ունի պատասխանատուութեան հետ, ան կը թոյլատրէ մարդոց արտայայտուիլը եւ աճիլը, բայց նաեւ կը պահանջէ յարգել ուրիշները։ Ճշմարիտ ազատութիւնը ան չէ, որ մարդը ընէ ինչ ուզէ առանց հետեւանքներու։ Ան է ունենալ հնարաւորութիւն՝ ըլլալու այն ինչ ես եւ միեւնոյն ժամանակ յարգել ուիրշներուն իրաւունքները։ Այսպէս ազատութիւնը կը դառնայ կարեւոր բոլորին համար։ Երբ մարդիկ գիտեն իրենց ազատութեան արժէքը, անոնք աւելի զգոյշ կ՚օգտագործեն զայն։ Ազատութիւնը կը բերէ վստահութիւն բայց նաեւ կը բերէ պարտականութիւն՝ ճիշտ ընտրութիւններ ընելու եւ ուրիշներուն վնաս չպատճառելու։ Երբ այս հաւասարակշռութիւնը կայ, հասարակութիւնը կը դառնայ աւելի արդար եւ խաղաղ եւ մարդիկ կրնան միասին զարգանալ։

Սեւանա Կարապետեան
ՀՕՄ-ի Ամենօրեայ վարժարան
8-րդ Բ դասարան

Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած 2025-26 տարեշրջանի միջ-դպրոցական շարադրական մրցոյթին, Գանատայի տար...
06/18/2026

Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած 2025-26 տարեշրջանի միջ-դպրոցական շարադրական մրցոյթին, Գանատայի տարածքին հայկական վարժարաններու երկրորդական կարգի ԱՌԱՋԻՆ մրցանակը խլեց École arménienne Sourp Hagop-էն Զաւէն Չուլճեանը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Զաւէնին շարադրութիւնը։

Շատերու համար համալսարանական վկայականը վերջնագիծ մըն է: Ինծի համար, անիկա այն սկզբնակէտն է, ուր պիտի ներկեմ կեանքիս մնացեալ պատկերին գոյները: Մինչ ոմանք հաշուապահութիւնը կը տեսնեն իբրեւ պաղ թիւերու եւ անշունչ սիւնակներու աշխարհ մը, ես զայն կը տեսնեմ իբրեւ կայունութիւն՝ որուն պիտի տիրապետեմ կերտելու համար ժառանգութիւն մը, որ կը գերազանցէ հաշիւի թուղթերը:

Իմ գերագոյն նպատակս է հիմնել սեփական հաշուապահական գրասենեակս: Ասիկա պարզապէս ձեռնարկութեան հարց մը չէ, այլ հայ գաղութին եւ ժողովուրդին համար հիմք մը ստեղծել: նիւթական ուղղութեամբ եւ նուիրուածակցութեամբ՝ նպատակս է առաջնորդել տեղական գործարարութիւններն ու ընտանիքները: Իմ յաջողութիւնս պիտի չչափուի գրասնեակիս եկամուտով, այլ պատանիները ներշնչելով, որպէսզի իրենք ալ իրականացնեն իրենց երազները ապագային:

Սակայն, կեանքս միայն հաշիւներ պիտի չըլլայ: Շաբաթ օրերը թերեւս պիտի գտնուիմ գրասենեակիս մէջ, բայց Կիրակիները միշտ եկեղեցիի մէջ պիտի գտնուիմ: Սուրբ Յակոբ Եկեղեցիի քարէ պատերուն միջեւ, խունկի բոյրը շնչելով եւ շարականները մտիկ ընելով պիտի գտնեմ իմ հոգեկան խաղաղութիւնս: Կը հաւատամ, որ քալելով հաւատքի եւ արդարութեան ճամբով, ի վերջոյ պիտի գտնեմ կեանքիս ընկերուհին՝ անհատ մը, որ քովս պիտի ըլլայ մինչեւ վերջին շունչս: Միասին մենք պիտի կերտենք ընտանիք մը: Մեր զաւակները պիտի դաստիարակենք, փոխանցելով հայկական մշակոյթն ու աւանդութիւնները: Զանոնք հայկական վարժարան ուղարկելով եւ հայկական համայնքին մէջ ներգրաւելով՝ պիտի երաշխաւորենք մեր ինքնութեան յարատեւումը գալիք սերունդներուն համար:

Ես կը նպատակադրեմ գործօն դերակատարութիւն ունենալ հայ համայնքին կեանքէն ներս: ես կուսակցական շարքերուն մէջ պիտի գտնուիմ, կարելիս ընելով իրենց օգտակար դառնալու համար: Իմ մասնագիտական յաջողութիւնս ինծի չի պատկանիր միայն: Ես կը հաւատամ բարեգործութեան ուժին, անոնք են որ մեր գաղութը ոտքի կը պահեն: Ուրեմն, կը փափաքիմ իմ յաւելեալ եկամուտս նուիրաբերել մեր ազգային կառոյցներուն: Ինծի համար հարստութիւնը արժէք ունի միայն այն ատեն, երբ անիկա կը ծառայէ ուրիշին եւ մեր հաւաքական ապագան շէնցնելու սրբազան գործին:

Ես կը տենչամ ճանչնալ աշխարհը իր բոլոր գոյներով: Կը փափաքիմ ճամբորդել երկրագունդի չորս կողմերը՝ տեսնելու բնութեան սքանչելի գեղեցկութիւնները, մարդու ձեռքով կերտուած հրաշալիքները եւ բացայայտելու տարբեր մշակոյթները: Այս ճամբորդութիւնները պիտի լայնցնեն հորիզոնս եւ ինծի պիտի տան նոր տեսանկիւններ, որոնք ի վերջոյ պիտի վերադարձնեն համայնքիս՝ զայն աւելի հարուստ գաղափարներով օժտելու համար:

Ի վերջոյ, կը փափաքիմ, որ կեանքս ըլլայ կատարելապէս հաւասարակշռուած: Մէկ կողմը՝ մասնագիտական յաջողութիւններով, իսկ միւսը՝ հաւատքով, ապագայ ընտանիքովս եւ այն համայնքով, որ զիս կերտեց:

Զաւէն Չուլճեան
Սուրբ Յակոբ Ազգ. Վարժարան
ԺԱ դասարան

06/17/2026

Կիրակի Յունիս 7-ին, Մոնթրէալի Claude Champagne համերգասրահին մէջ կայացած, դաշնակահար եւ յօրինող Serouj Kradjian-ի "ABBA meets Mozart" համերգին, իր մասնակցութիւնը բերաւ Hamazkayin ANI Dance Ensemble-ը, գեղ. ղեկավար Լեւոն Արապեանի։ Ձեզի հետ կը բաժնենք անոնց գեղեցիկ կատարումը՝ իր ամբողջութեամբ։

Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի Գուսան եւ Հայ Աստղեր երգչախումբերու «Թեւածող երգեր» խորագիրը կրող համերգը՝ լուսանկարներու ...
06/12/2026

Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի Գուսան եւ Հայ Աստղեր երգչախումբերու «Թեւածող երգեր» խորագիրը կրող համերգը՝ լուսանկարներու ընդմէջէն։ Խմբավար՝ Հռիփսիմէ Թովմասեան, դաշնակահարներ՝ Վանիկ Յովհաննէսեան եւ Թալին Արթինեան Գըլըպոզեան, հանդիսավար՝ Սարին Փօլատեան Աբիկեան։ Աւելին՝ «Թորոնթոհայ»ի յառաջիկայ թիւին մէջ։ Hripsime Tovmasyan Talin Artiniankelebozian Hamazkayin Central

06/03/2026

Այս կիրակի ♥️

06/02/2026

Համազգայինի «Գլաձոր» Մասնաճիւղը սիրով կը հրաւիրէ ձեզ անմոռանալի երեկոյի մը։ Ելոյթ կ՚ունենան «Հայ Աստղեր» մանկապատանեկան եւ «Գուսան» երգչախումբերը։

Ապահովեցէ՛ք ձեր տոմսերը առցանց՝

https://simpli.events/e/kousan

Եկէ՛ք միասին վայելենք հայ երգն ու մշակոյթը։ Սիրով կը սպասենք ձեզի։

Join us for an evening of beautiful choral music!
The Hamazkayin Klatsor Chapter proudly presents a joint concert featuring the Hye Astgher and Kousan choirs.

Tickets: Secure your seats online now at

https://simpli.events/e/kousan

Այսօր, ՀՀ Անկախութեան Տօնին նուիրուած Մայիս 28-ի տողանցքին, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամները ներկայ էին տեղւոյ...
05/31/2026

Այսօր, ՀՀ Անկախութեան Տօնին նուիրուած Մայիս 28-ի տողանցքին, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամները ներկայ էին տեղւոյս «Սանահին»ի վարչութեան անդամներու, յանձնախումբերու եւ պարախումբի անդամներու կողքին։

Ականաւոր հեղինակ ու գրականագէտ Գրիգոր Պըլտեան ԼՇՀ դասընթացքի ուսանողներուն կը ներկայացնէ տասնամեակներու վրայ երկարող իր ...
05/30/2026

Ականաւոր հեղինակ ու գրականագէտ Գրիգոր Պըլտեան ԼՇՀ դասընթացքի ուսանողներուն կը ներկայացնէ տասնամեակներու վրայ երկարող իր հետազօտած առնչութիւնները խորհրդապաշտութեան եւ հայ գրականութեան միջեւ։

Ականաւոր հեղինակ ու գրականագէտ Գրիգոր Պըլտեան ԼՇՀ դասընթացքի ուսանողներուն կը ներկայացնէ տասնամեակներու վրայ երկարող իր հետազօտած առնչութիւնները խորհրդապաշտո...

Address

Montreal, QC

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Hamazkayin Canada posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Organization

Send a message to Hamazkayin Canada:

Share