09/24/2026
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» Մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ Երեքշաբթի, 22 Սեպտեմբեր, 2026-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, ներկայութեամբ ընկերուհիներու եւ համակիրներու։
Յանձնախումբի փոխ պատասխանատու՝ ընկհ. Լենա Փափազեան իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, իրենց մեծ թիւով ներկայութեան համար: Սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Հայ Դատի յանձնախումբէն Պրն. Ժան Մկրտիչեան եւ Պարոն. Աւօ Մէշիշեան, ինչպէս նաեւ ընկերակցեցան Քեպէգի Ագատական կուսակցութենէն, Ագատի շրջանի երեսփոխան՝ Պարոն. Անտրէ Ալպեր Մորէն, ինչպես նաե Քեպեգի Սէն Լորան շրջանի երեսփոխան՝ Վալէրի Ասուլին:
Ընկհ. Փափազեան հրաւիրեց Ընկհ. Սօսի Չնկրեանը, որ հակիրճ ձեւով մեր հիւրերուն ծանօթացնէ ՀՕՄ-ը եւ իր առաքելութիւնը։
Ապա խօսք առաւ Ազատական կուսակցութենէն Պարոն. Անտրէ Ալպէր Մորէն:
Տէրունական աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւնը:
Ճաշը նուիրուած էր Պարոն. Շահէն Մինասեանի կողմէ, իր տիկնոջ Ընկհ. Յասմիկ Մինասեանի յիշատակին: Օրուայ ճաշն էր Սու պօրէկ եւ աղցան, իսկ անուշեղէնը՝ պաղպաղակ:
Ճաշէն ետք տեղի ունեցաւ Պինկոյի խաղը ու յաղթական հանդիսացաւ Տիկ, Մարի Զարզավաճեան եւ ան ստացաւ գեղեցիկ նուէր մը: Բժիշկ Օհան Դապագեան իր մասնակցութիւնը բերաւ գեղարուեստական յայտագրին մեներգով։
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ ժամը 2:30ին: Ներկաները շատ հաճելի ժամանակ անցուցին, ինչպէս նաեւ վայելեցին յանձնախումբին պատրաստած համեղ ճաշը ու գոհունակ սրտով եւ շնորհակալական խօսքերով մեկնեցան հայ կեդրոնէն։
Յատուկ շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրենց սրտաբուխ նուիրատուութեամբ եւ ներկայութեամբ եկան եւ քաջալերեցին սոյն ձեռնարկը:
Վարձքը կատար յանձնախումբի բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք ինչպէս միշտ ճիգ չեն խնայեր ձեռնարկը յաջողցնելու եւ յատուկ գուրգուրանք ցուցաբերելու բոլոր ներկաներուն: