05/26/2026
ARMENIAN followed by ENGLISH
ՀՕՄ-ի Գէմպրիճի «Մեղրի» մասնաճիւղը
արժանավայել կերպով նշեց յիշարժան երկու տօներ
«ՀՕՄ»-ի օր եւ «Մայրերու» օր
Նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, ներկայութեամբ՝ Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերապատիւ Տէր Գեղարդ Ծայրագոյն վարդապետ Քէօսպէքեանի, Գերաշնորհ Տէր Յակոբ վարդապետ Եագուպեանի, Գէմպրիճի Ս․ Նշան եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Նշան Քահանայ Մանուկեանի, ՀՅԴ Գ․ԿԿ․-ի անդամ ընկ․ Դրօ Թասլաքեանի, Գէմպրիճի «Արամ-Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ․ Վարանդ Զէյթլեանի եւ անդամներուն, Ազգային ժողովի ատենապետուհի՝ Տիկ․ Ծովիկ Թերզեանի, Պատգամաբեր ընկերուհի՝ Աննա Պուլկարեանի,
ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ․ Մարալ Միսիրեանի, ընկերուհիներ Վարդուկ Պարտագճեանի եւ Արաքսի Փիլաւճեանի, Ուղեկից Միութիւններու ներկայացուցիչներուն, հիւրերուն, ՀՕՄուհիներուն եւ ներկաներու հոծ բազմութեան։
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հայ Կեդրոնի «Փոստաճեան» սրահէն ներս, Կիրակի 3 մայիս 2026-ի յետմիջօրէի ժամը 1։30-ին։
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի օրհներգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած մայրերուն եւՀօմուհիներուն։
Հանդիսավարներու, Սալբի Քէլէշեան եւ Լոռի Թագուշեան, բարի գալուստի մաղթանքէն ետք, Հրաւիրուեցաւ երեց ընկերուհի Արշալոյս Այանեան մասնաճիւղին սովորութեան համաձայն մոմավարութեան, առաջին մոմը վառելու։
Սալբի Քէլէշեան խօսքը ուղղեց Մայերուն համարով մը
Հայոց աշխարհի մեր հզօր մայրեր,
մեր չքնաղ կանայք, հայոց աղջիկներ,
նազուկ ու քնքուշ հուրի փերիներ,
դուստրեր սիրասուն, ապագայ մայրեր,
միշտ եղէք չքնաղ, գեղեցիկ բարի,
որ հայ օճախի, ծուխը չմառի։
Ապա անդրադարցաւ, ՀՕՄ-ի ծնունդի կարեւորութեան ըսելով՝ «ՀՕՄ-ը ծնաւ հայ ժողովուրդի երկունքէն, այն օրերուն երբ որբ մնացած մանուկներ, անտէր ընտանիքներ կարիքը ունէին ամրակուռ ձեռքի մը որ փրկէր զիրենք մահէն, կորուստէն կամ ցուլումէն»։ Ունէր մարտահրաւէրներ, լեզուի եւ մշակոյթի պահպանում, որբերու խնամատարութիւն, կարիքաւոր ընտանիքներու օգնութիւն։ Այս ծանր պարտականութեան գիտակից, կազմեց իր մասնաճիւղերով համահայկական մեծ բանակ, որ պիտի իրագործէր իրեն վստահուած վեհ եւ ծանր պարտաւորութիւնները հայրենիքէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռք։ Ան ըլլալով կանացի կազմակերպութիւն իր շուրջը բոլորեց մեր անզուգական մայրերն ու կանայք։
Հայ մայրը կարելի է նկարագրել հետեւեալ քառեակով
Ձեր սիրտը նուրբ է եւ ուժեղ
Ձեր սէրը ուղեցոյց է ու պաշտպան
Ձեր ուժը լուռ է բայց հսկայական
Դուք ընտանիքի սիրտն էք ու կեանքի լոյսը
Աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, որ իր նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կրկնակի արժեւորուեցաւ այս ձեռնարկը։
Խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Միսիրեան,
Հայ Օգնութեան Միութիւնը եղած է եւ պիտի մնայ նպատակասլաց միութիւն մը, միշտ հաւատարիմ իր նպատակներուն։
Իր հիմնադրութեան օրերէն ի վեր, ՀՕՄը 27 մասնաճիւղերով, տարբեր երկիրներու մէջ, կամաւոր աշխատանք տանող կազմակերպութիւն մըն է: Զինուորական կարգապահութեամբ եւ ազգային ոգիով տոգորուած, միշտ եղած է Ժողովուրդիս հետ Ժողովուրդիս համար նշանաբանով։
ՀՕՄ-ի Գէմպրիճի «Մեղրի» մասնաճիւղը, կարեւոր անդամ մըն է ՀՕՄԻ մեծ ընտանիքին, իր իւրայատուկ անցեալով՝ գործած է որպէս ամէնառաջին մասնաճիւղերէն մէկը Գանատայի տարածքին: Իր ժրաջան ու աշխոյժ անդամներով «Մեղրի» մասնաճիւղին նպատակը միշտ եղած է պահել ու պահպանել Հայ լեզուն, հայ մշակոյթը: Ան մեծ դեր կը կատարէ հայախօս սերունդներ պատրաստելու աշխատանքին մէջ ,որուն ամենամեծ փաստը կը տեսնենք ու կը վայելենք այսօր ՀՕՄի «Մեսրոպ Թիթիզեան» շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտներուն մէջ:
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան «Մեսրոպ Թիթիզեան» շաբաթօրեայ վարժարանի
աշակերտները նաեւ
Գաղութիս նորակազմ «Կիլիկիա» երգչախումբը ղեկավարութեամբ Արժանպատիւ Տէր Նշան Քահանայ Մանուկեանի։ Ներկայացուցին փունջ մը երգեր։
օրուան պատգամաբեր՝ ընկհ․ Աննա Պուլկարեանի կենսագրականի ընթերցումէն ետք, ան ներկայացուց իր պատգամը,
Ողջոյնի խօսքէն ետք ըսաւ,
«Այսօր մենք հաւաքուած ենք նշելու ապրո՛ղ եւ շնչո՛ղ ոգի մը, որ կը մարմնաւորէ ծառայութիւն։
զոհողութիւն, մայրական գուրգուրանք եւ կազմակերպական խոհեմութիւն։
«Հայ Օգնութեան Միութեան Օր»-ը պարզ հանդիսութիւն չէ՛։
Ան ուխտի՛ նորոգում է։ Ծառայելու ժողովուրդին, պաշտպանելու արժանապատուութիւնը,
Ուխտ՝ պահպանելու մեր ազգային ինքնութիւնը»։
Կազմակերպութիւն մը կը դիմանայ ժամանակի փորձութեան, երբ ունի երեք հիմնասիւներ՝
Յստա՛կ առաքելութիւն։ Կազմակերպական կարգապահութի՛ւն։ Մշտակա՛ն վերանորոգում։
Այս երեքը եղած են «ՀՕՄ»-ի գոյատեւման գաղտնիքը։
Նշելով այսօրուայ սփիւռքին ըսաւ, «Այսօր Սփիւռքը փոխուած է։ Փոխուած է նաեւ Գաղութներու կազմը, Ընտանիքներու կեանքի ձեւը, եւ Երիտասարդութեան մտածելակերպը։
Պէտք է ստեղծել այնպիսի միջավայր, ուր երիտասարդը զգայ, թէ՝ իր ներդրումը արժեւորուած է, իր գաղափարը լսուած՝ եւ իր մասնագիտութիւնը օգտակար է։
Հայերէն լեզուի, հայկական ինքնութեան եւ աւանդութիւններու պահպանման գործը կենսական է։ Հայ կինը՝ որպէս մայր եւ դաստիարակ, եղած է եւ կը մնայ մեր ազգային գոյատեւման առանցքը։
Խօսք առաւ «Մեղրի» մասնաճիւղի ատենապետուհի Վերա Թիթիզեան, ողջիւնի խօսքէն ետք ըսաւ «Այսօր յարգանքով կը մօտենանք, այն կամաւոր, ծառայասէր, տոկուն կանանց,որոնք սերունդէ-սերունդ կը շարունակեն հզօրացնել ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը։ վարչութիւնս իր 54 անդամներով դիմագրաւեց շատ մը մարտահրաւէրներ, մասնակցելու Շրջանային վարչութեան ծրագիրներու իրագործման։
Վարչութիւնս իր անդամներու եւ բարերարներու շնորհիւ կը հովանաւորէ 10 զոհուած հերոսներու զաւակներ եւ ուսանողներու ծրագրին տակ 3 ուսանողներ»։
Անդրադառնալով «Մեսրոպ Թիթիզեան» շաբաթօրեայ վարժարանին ըսաւ« Ունինք 66 աշակերտներ, 9 ուսուցիչներ եւ 5 ուսումնական խորհուրդի անդամներ։ Գաղութիս հովիւ Տէր Նշան տօնական առիթներով աշակերտներուն կը փոխանցէ հոգեւոր եւ բարոյական պատգամներ»։
Այս զոյգ տօներու առթիւ այստեղ գտնուող բոլոր մայրերուն կ՛արտայայտենք մեր սէրն ու եախտագիտութիւնը,դուք մեր ընտանիքի սիրտն էք եւ համայնքի հիմքը
Յովհաննէս Շիրազ կ՛ըսէ
Մեր յոյսի դուռն է մայրս
Մեր տան ճրագն է մայրս
ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութիւնը կը գնահատէ իր անդամուհիներու տարիներու ծառայութիւնը
35 տարուայ ծառայութեան զարդասեղ ստացաւ ընկհ․ երեցկին Սեդա Փանոսեան
15 տարուայ ծառայութեան զարդասեղ ստացան՝ ընկհ․ Սօսի Ասատուրեան եւ ընկհ․ Արմինէ Եագուպեան
«Մեղրի» մասնաճիւղին կողմէ երկարամեայ ծառայութեան եւ նուիրումին համար յուշանուէրով պարգեւատրուեցաւ ընկհ․ Հուրի Գասամանեան։
Մասնարիւղիս մօտ աւանդութիւն դարձած Մայրերու օրուայ կարկանդակի հատումին համար, հրաւիրուեցան ընկհ․ Աննա Պուլկարեանը եւ ընկհ․ Հուրի Գասամանեանը։
Ապա հրաւիրուեցաւԳանատայի Հայոց թեմի Առաջնորդ Սրբազան հայրը, տալու իր սրտի խօսքը եւ պահպանիչով փակելու ձեռնարկը։
Սրբազան Հայրը գնահատեց ՀՕՄուհիներու նուիրումն ու ծառայութինը Ըսելով « Ան ծնաւ ժողովուրդէն եւ կը գործէ նոյն ժողովուրդին համար»։ Ապա Սրբազան հօր օրհնութեամբ
աւարտեցաւ ձեռնարկը։
Ընկհ. Սալբի Քէլէշեան
Լուսանկարները՝ Վազգէն Քէշիշեանի
The ARS Meghri Chapter recently celebrated ARS Day and Mothers’ Day on Sunday, May 3rd, 2026 in the Bostajian Hall of the Cambridge Armenian Community Centre.
The event took place under the auspices of His Eminence Archbishop Papken Tcharian, Prelate of the Armenian Prelacy of Canada. Also in attendance were clergy members, representatives from the ARS Regional Board and local Armenian organizations, guest speaker Ungh. Anna Boulgarian, ARS members, and local community attendees.
Everyone stood for the national anthems of Canada, Armenia, Artsakh, and the ARS, followed by a moment of silence in honour of the mothers and members who are no longer with us.
After the welcome address by the hosts, Ungherouhis Salpi Keleshian and Lori Takouchian Khabbaz, Ungh. Arshalous Ayanian was invited to light the first candle, in keeping with the Chapter's tradition.
The Armenian Relief Society was born from the heart of the Armenian people at a time when orphaned children and destitute families needed a strong hand to save them from death, loss, and destruction. Preserving the Armenian language and culture, caring for orphans, and supporting needy families were essential priorities. To fulfill these noble and demanding responsibilities, a volunteer organization was established in 1910, serving the homeland to the far-reaching Diaspora. Today, the ARS operates in 27 countries internationally with numerous local Chapters. Its motto remains: “With the People, For the People”.
The Armenian mother was beautifully described as follows: “Your heart is tender and strong; Your love is a guide and protector; Your strength is silent but immense; You are the heart of the family and the light of life”.
Ungh. Maral Misirian, representative of the ARS Regional Executive, emphasized that the Armenian Relief Society has been – and will continue to be – a purposeful organization, always faithful to its mission.
The Cambridge ARS Meghri Chapter is a proud and historic member of the global ARS family, having been one of the first Chapters established in Canada. With its hardworking and dedicated members, the Meghri Chapter plays a vital role in preparing Armenian-speaking generations, a legacy clearly reflected in the students of the ARS Meghri Chapter “Mesrob Titizian” Armenian Saturday School.
Students of the Saturday School, together with the newly formed "Cilicia" Choir of St. Nishan Armenian Apostolic Church, led by Reverend Father Nshan Manougian, performed an artistic program featuring a variety of songs.
Guest speaker Ungh. Anna Bulgarian then delivered her presentation. She reminded everyone that the ARS Day is a renewal of a vow – to serve the people and preserve Armenian national identity. She noted that an organization stands the test of time when it is built on three pillars: a clear mission; organizational discipline; constant renewal. These, she said, have been the secret to the ARS’s endurance.
Reflecting on today's Diaspora, she stated, "Today the Diaspora has changed. The composition of the communities, the way of life of families, and the mindset of the Youth have also changed. We need to create an environment where the Youth feel that their contribution is valued, their ideas are heard, and their profession is useful."
She reiterated that preserving the Armenian language, identity, and traditions remains important, and the Armenian woman – as mother and educator – continues to be at the centre of our national survival.
Ungh. Vera Titizian, Chairwoman of the Cambridge ARS Meghri Chapter, delivered her welcoming remarks, and praised the volunteer, service-loving, and resilient women who continue to strengthen the mission of the ARS from generation to generation. The Meghri Chapter currently has 54 active members who work diligently to support the Regional Board’s various programs and campaigns.
She reported that the “Mesrob Titizian” Armenian Saturday school has 66 students, 9 teachers, and 5 School Board members. Reverend Father Nshan Manougian delivers spiritual messages to the students on festive occasions.
She added: “On this special occasion, we express our love and gratitude to all the mothers here. You are the heart of our family and the foundation of our community.”
Members recognized for their years of service with the Armenian Relief Society were: Ungh. Seta Panossian (35 years); Ungh. Sosi Assadourian (15 years); and Ungh. Armine Yacoubian (15 years). The ARS Meghri Chapter also awarded Ungh. Houry Kassamanian with a commemorative plaque for her long-term service and dedication to the organization.
The traditional cake-cutting ceremony was performed by Ungh. Anna Boulgarian and Ungh. Houry Kassamanian.
Archbishop Papken Tcharian concluded the event with heartfelt words of appreciation for the dedication and commitment of the ARS members and closed the event with his blessing to all.