27/09/2026
Սեպտեմբեր 14–15-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աշխատանքային հանդիպումն ու Հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստը։
Հիմնադրամի Աւստրալիոյ ներկայացուցիչները՝ Սիտնիէն եւ Մելպուռնէն, մասնակցեցան հանդիպումներուն թէ՛ անձամբ, թէ՛ առցանց՝ իրենց ներդրումը բերելով համահայկական ծրագիրներու քննարկումներուն։
Միջոցառումներու ծիրէն ներս կազմակերպուեցան նաեւ այցելութիւն Տաւուշի Բերդի բժշկական կեդրոն եւ Սպանդարեանի ջրանցքի վերակառուցման ծրագիրի նուիրատուներու պատուոյ ցուցատախտակի բացման արարողութիւնը։
Միասին կը շարունակենք աջակցիլ Հայաստանին։ ❤️💙🧡
On 14–15 September, the Hayastan All-Armenian Fund held its working meeting and annual Board of Trustees meeting in Yerevan.
Representatives from the Fund’s Australian branch in Sydney and Melbourne took part both in person and online, contributing to discussions on current and future pan-Armenian projects.
The program also included a visit to the Berd Medical Centre in Tavush and the unveiling of the donor recognition board for the Spandaryan Canal reconstruction project.
Together, we continue supporting Armenia and its communities.