09/04/2026
🤱 «Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօն»՝ լի ջերմութեամբ ու յիշարժան պահերով։ 💖
🙋 «ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ի Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած այս միջոցառումը սկսաւ Տ.Սալբի Գանթարճեանի բարի գալուստի խօսքով, որուն ընդմէջէն գնահատեց հայ մօր կերպարը, անոր անցած ճանապարհն ու անսահման ուժը։
💍 Մուտքին բաժնուած մատանիներու միջոցով, ընտրուեցաւ օրուան բախտաւորը՝ Տ. Անի Նազարեանը։
🌺 Հմայիչ կերպարով ծաղիկներ հագած գեղեցկուհին՝ ներկաներուն նուիրեց ծաղիկներ, հաստատելու իրենց գեղեցկութիւնն ու անփոխարինելիութիւնը։
🤶 Տարեց մօր մեծարանքը անմասն չի մնաց միջոցառման ընթացքին եւ ամենափորձառու մայրը ստացաւ յատուկ նուէր Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէն։
🎶 Մթնոլորտը աւելի հաճելի դարձաւ DJ Սեւակի ուղեկցութեամբ։
🎤 Պարույր Սեւակի՝ «Մօր ձեռքերը» կատարեց Տ.Վանիա Գարաճեանը։
💃 «Մախմուր աղջիկ» երգի ընկերակցութեամբ, գեղեցկուհի Նարե Օհանյանը ներկաներուն սրտերը գրաւեց։
🎊 Տ.Սիւզի Սամուէլը, ինչպէս ամէն միջոցառման, այս անգամ եւս ներկաներուն նուիրեց իր գեղեցկագիտական անակնկալները վիճակահանութեան տեսքով։
🎁 Ներկայ կանայք դարձան օրուան իրական հերոսուհիները,
մասնակցելով խաղերուն, վիճակահանութեան եւ անսպասելի անակնկալներուն։
💐Այս միջոցառումը չէր կրնար այսքան իւրայատուկ ըլլալ, առանց Տիկնանց Յանձնախումբի նուիրեալ աշխատանքին, որոնք իրենց առօրեայ կեանքին կողքին ոչ մէկ ջանք չեն խնայեր կազմակերպութեան ծրագիրները իրականացնելու։
🍽️ Մեծ շնորհակալութիւն O2 GARDENS ճաշարանին՝ ջերմ ընդունելութեան, համեղ հիւրասիրութեան եւ իւրայատուկ վերաբերմունքի համար։
❤️ Շնորհակալական խօսքերը քիչ են երախտագիտութիւն յայտնելու նուիրատուներուն, որոնք իրենց մեծահոգի աջակցութեամբ, անգամ մը եւս, հաստատեցին իրենց հաւատքը «ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ի գործունէութեան։
🌟 Այս օրը ապացուցեց, որ իւրաքանչիւր կին արժանի է սիրոյ, գնահատանքի եւ մեծարանքի 💫
🙏 Շնորհակալութիւն բոլորին՝ այս գեղեցիկ օրը կիսելու համար 🌷
🤞Մինչ նոր հանդիպումներ 🪷