Homenetmen Västerås - ՀՄԸՄ Վեսթերոս

Ring Webbplats

Homenetmen Västerås - ՀՄԸՄ Վեսթերոս It has 111 chapters and units in 26 countries across 5 continents.

Homenetmen - ՀՄԸՄ Armenian General Union for Physical Education and Scouting, is a non-governmental organization that operates with both scouting and sports sections.

Շաբաթ 10 Հոկտեմբեր 2026-ին, Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսի վարչութեան հրաւէրով, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի ներքոյ տեղի ունեցաւ ճաշի հի...
11/10/2026

Շաբաթ 10 Հոկտեմբեր 2026-ին, Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսի վարչութեան հրաւէրով, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի ներքոյ տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն՝ յատուկ «Հ.Մ.Ը.Մ.» ակումբի բարերար-նուիրատուներու համար։ Հանդիպումը առիթ ընծայեց նաեւ քննարկելու ակումբին, միութեան եւ ընդհանրապէս համայնքին վերաբերող շարգ մը կարեւոր հարցեր։

Պտղաբեր այս հանդիպումը ազգային բարերարներու հետ եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ Վեսթերոսի հայութեան միասնակամութիւնը, ազգային գիտակցութեան բարձր մակարդակն ու հայապահպանման նպատակասլաց ուղղեգիծը անսասան եւ անշեղուն են։

Յառա՜ջ Վեսթերոս, դէպի յաղթանակ։ 🇦🇲

♟️ Ճատրակի Դասընթացք ♟️Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսի վարչութեան մարզական յանձնախումբը, մասնակցութեամբ եղբ. Կարէն Կարապետեանի հետ, ծ...
10/09/2026

♟️ Ճատրակի Դասընթացք ♟️
Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսի վարչութեան մարզական յանձնախումբը, մասնակցութեամբ եղբ. Կարէն Կարապետեանի հետ, ծրագրած է ճատրակի դասընթացք՝ 6 տարեկանէն վեր եւ բոլորովին սկսնակներու եւ շարունակողների համար։
Դասընթացքին տեւողութիւնը շուրջ 6 ամիս է եւ պիտի տրուի շաբաթական դրութեամբ՝ ամէն Ուրբաթ օրերը, երեկոյան ժամը 6:30-7:15 (իւրաքանչիւր պահ՝ 45 վարկեան է), Վեսթերոսի «Հ.Մ.Ը.Մ.» ակումբի սրահին մէջ։
Տեղերը սահմանափակ են, հետեւաբար փափաքողներէն կը խնդրուի ամենաուշը մինչեւ 15-09-2026 թուականը զանգել 0722738430 թիւին եւ արձանագրուիլ։
Դասընթացքը պիտի սկսի Ուրբաթ 18-09-2026 թուականին

30/07/2026
25/07/2026
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վեսթերոս մեկուսի շրջանի վարչութիւնը խոր վիշտով իմացաւ իր շրջանի սիրելի անդամ քոյր Անիթա Ղուկասեանի հօր՝ Արամ ...
15/07/2026

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վեսթերոս մեկուսի շրջանի վարչութիւնը խոր վիշտով իմացաւ իր շրջանի սիրելի անդամ քոյր Անիթա Ղուկասեանի հօր՝ Արամ Ղուկասեանի մահուան գոյժը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի 14 Յուլիս 2026-ին (Քալիֆորնիա, ԱՄՆ):

Վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանեկան բոլոր պարագաներուն, սգակիր հարազատներուն եւ բարեկամներուն:

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին Ուրբաթ 17 Յուլիս 2026-ին, երեկոյան ժամը 6:00 - 9:00, Վեսթերոսի «Հ.Մ.Ը.Մ.» ակումբի սրահէն ներս։

🇸🇪 Այսօր՝ Յունիս 6-ին, Շուէտը կը նշէ իր Ազգային Օրը։Այս օրը կը յիշատակէ շուէտական պատմութեան երկու կարեւոր հանգրուաններ՝...
06/06/2026

🇸🇪 Այսօր՝ Յունիս 6-ին, Շուէտը կը նշէ իր Ազգային Օրը։

Այս օրը կը յիշատակէ շուէտական պատմութեան երկու կարեւոր հանգրուաններ՝ 1523 թուականին Կուսթաւ Վասայի թագաւոր ընտրուիլը եւ 1809 թուականի սահմանադրութեան ընդունումը։ Այս իրադարձութիւնները նշանակալի դեր ունեցան երկրի պետական կազմաւորման, կառավարման համակարգի զարգացման եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման ընթացքին մէջ։

Յունիս 6-ը այսօր կը զբաղեցնէ յատուկ տեղ շուէտական պատմութեան մէջ եւ կը նշուի որպէս երկրի Ազգային Օրը։

Շնորհաւոր Շուէտի Ազգային Օրը։ 🇸🇪

«Այսօր, երբ վտանգուած են հայկական մշակոյթը, հայկական եկեղեցին, հայկական լեզուն եւ հայկական ինքնութիւնը, այստեղ՝ այս ակու...
24/05/2026

«Այսօր, երբ վտանգուած են հայկական մշակոյթը, հայկական եկեղեցին, հայկական լեզուն եւ հայկական ինքնութիւնը, այստեղ՝ այս ակումբէն ներս, մեր պատանիներն ու երիտասարդները պիտի ստանան հայեցի դաստիարակութիւն, պիտի լսեն ու խօսին հայերէն լեզուն, պիտի աղօթեն, երգեն ու պարեն հայերէն, եւ պիտի սորվին ու ծանօթանան Հայաստանի, հայոց պատմութեան եւ հայկական մշակոյթի մասին։

Այստեղ պիտի կասեցնենք օտարութեան մատնուած մեր ժողովուրդին ինքնութեան սպառնացող սպիտակ ջարդը եւ արմատախիլ պիտի ընենք օտարամոլութիւնը, օտար լեզուները հայերէնէն աւելի սիրելու, օտարին հաճոյանալու եւ օտարէն աւելի օտար ձեւանալու ամէն տեսակի հիւանդութիւնները։

Այս բոլորը, սակայն, կարելի է իրականացնել միայն գիտակից ծնողներու եւ ազգանուէր դաստիարակներու անվերապահ ճիգերով, համախմբուած պայքար տանելով, վճռականութեամբ, յստակ ճանապարհային քարտէսներով եւ նիւթաբարոյական շարունակական օժանդակութիւններով։

Եթէ կը հաւատանք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութեան եւ դերակատարութեան, ի մասնաւորի՝ մեր սերունդներու վերելքին, հայակերտմանն ու հայապահպանման մէջ, ժամանակն է, որ հաւաքաբար նեցուկ կանգնինք այս ակումբին եւ անոր ետին կանգնած վարչական, սկաուտական, ընկերային, մարզական, մշակութային եւ ուրիշ զանազան ոլորտներու հսկայական աշխատանքներ տանող կամաւորներուն, որոնք, ի հեճուկս հակառակորդներու, գիշեր-ցերեկ, ամէնօրեայ դրութեամբ կանգնած են պատնեշի վրայ՝ միութեան պայծառ ապագայ ու նորանոր յաղթանակներ կերտելու միտումով։

Մենք այսօր շատ լաւատես ենք, եւ մեր լաւատեսութիւնը երբեք բարի ցանկութիւններէ կամ անիրաւ երազներէ չի բխիր, այլ՝ մեր աշխատանքէն, կամքէն, համոզումէն եւ պատրաստակամութենէն, հայութեան եւ Հայաստանին անմնացորդ ծառայելու մեր երդումէն։ Եւ թող այս ակումբի բացումը ամէնամեծ փաստը ըլլայ այսօր բոլոր կասկածամիտներուն, որ ՀՄԸՄ Վեսթերոսի գնացքը մեծ արագութեամբ ճամբայ ելած է եւ կանգ առնելու նպատակ չունի...»։

- Հատուած՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.» ակումբի բացման պաշտօնական հանդիսութեան Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսի վարչութեան խօսքէն (17 Մայիս 2025, Վեսթերոս):

Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսի վարչութիւնը կազկապերպած է ճաշկերոյթ-պարահանդէս՝ Հայաստանի անկախութեան 108-ամեակի առթիւ, որ տեղի պիտի ...
18/05/2026

Հ.Մ.Ը.Մ. Վեսթերոսի վարչութիւնը կազկապերպած է ճաշկերոյթ-պարահանդէս՝ Հայաստանի անկախութեան 108-ամեակի առթիւ, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի՝ 7 Յունիս 2026-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-էն սկսեալ, Վեսթերոսի «Orient» ճաշարանին մէջ։

Յայտագիրը պիտի ճոխացնէ հանրածանօթ եւ սիրուած երգիչ Յակոբ Մալխասեան։

Տեղերը ապահովելու համար զանգել հետեւեալ թիւերուն, ամենաուշը մինչեւ 25-5-2026՝
Քոյր Սեւան՝ +46 70 635 41 60
Քոյր Վալա՝ +46 76 222 79 25

Սիրով կը սպասենք ձեր բոլորին, ըստ սովորութեան՝ Վեսթերոսի մէջ միասնաբար նշելու եւ տօնելու Մայիս 28-ն։ 🇦🇲

1 տարի առաջ այսօրուան պէս՝ 17 Մայիս 2025-ին, տեղի ունեցաւ Վեսթերոսի «Հ.Մ.Ը.Մ.» ակումբի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, ...
17/05/2026

1 տարի առաջ այսօրուան պէս՝ 17 Մայիս 2025-ին, տեղի ունեցաւ Վեսթերոսի «Հ.Մ.Ը.Մ.» ակումբի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն մասին խօսեցան եւ գրեցին համայն սփիւռքահայութիւնն ու հայկական մամուլը՝ Շուէտէն մինչեւ Ֆրանսա, Լիբանանէն մինչեւ Ամերիկա, Գանատայէն մինչեւ Հայաստան...։

Վերյիշելով այն օրուայ ամենագեղեցիկ պահերը, այսօր կը պատկերացնենք մեր ապագան՝ միշտ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հետ միասին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաջնորդութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հարկին տակ։ 🇦🇲

Adress

Västerås

Öppettider

09:00 - 13:00

Telefon

+46720298469

Aviseringar

Bli först med att veta: vi skickar ett mejl när Homenetmen Västerås - ՀՄԸՄ Վեսթերոս publicerar nyheter och kampanjer. Din e-postadress används inte till något annat, och du kan avsluta prenumerationen när som helst.

Dela