ARS Australia - Armenian Relief Society Australia

ARS Australia - Armenian Relief Society Australia Contact information, map and directions, contact form, opening hours, services, ratings, photos, videos and announcements from ARS Australia - Armenian Relief Society Australia, Nonprofit Organization, Willoughby.

Հ.Օ.Մ.-ի Օրուան ՏօնակատարութիւնՀովանաւորութեամբ Հ.Օ.Մ.-ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Հ.Օ.Մ.-ի Օր...
14/06/2026

Հ.Օ.Մ.-ի Օրուան Տօնակատարութիւն

Հովանաւորութեամբ Հ.Օ.Մ.-ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Հ.Օ.Մ.-ի Օրուան Յանձնախումբին, Կիրակի, 31 Մայիս 2026-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, North Ryde School of Arts Community Centre-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հ.Օ.Մ.-ի Օր»ուան հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը։
Ձեռնարկին ներկայ էին Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վարդան Եպս. Նաւասարդեան, Արժ. Տ. Աւետիս Քհն. Համբարձումեան, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Աւստրալիոյ ու Հարաւային Ամերիկայի ներկայացուցիչ Ընկհ. Նորա Սեւակեան, Վերապատուելի Տօքթ. Գրիգոր Յումուշաճըքեան, Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Պրն. Գայլար Միքայէլեան, ինչպէս նաեւ պատկան մարմիններու ու ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծաթիւ հայրենակիցներ։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Աւստրալիոյ, Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգներով։ Հանդիսավար Ընկհ. Մարալ Աբրիկեան ողջունեց ներկաները եւ կատարեց օրուան բացումը։
Գեղարուեստական յայտագիրը հարստացուցին՝ Յակոբ Զարմինեան «Իմ Անուշ Մայրիկ» երգով, Նանոր Աշըգեան Չուրուքեան «Այս քոյրերը» ասմունքով, Համազգայինի «Նայիրի» երգչախումբը՝ գեղեցիկ երգեցողութեամբ, եւ Համազգայինի ASDC պարախումբը՝ իր տպաւորիչ պարային ներկայացումով։
Օրուան հիւր բանախօսն էր Ընկհ. Սիւզի Սարաֆեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հ.Օ.Մ.-ի պատմական հիմնադրութեան, ծառայական առաքելութեան եւ միասնական ու հաւաքական աշխատանքի կարեւորութեան։ Ան ընդգծեց, թէ Հ.Օ.Մ.-ի յաջողութիւններն ու աշխարհասփիւռ գործունէութիւնը հիմնուած են նուիրեալ անդամներու կամաւոր ծառայութեան, համախմբուած ուժին եւ ազգային արժէքներուն նկատմամբ անսակարկ հաւատարմութեան վրայ։
Խօսք առին նաեւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Ընկհ. Նինա Գաբրիէլեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Ընկհ. Նորա Սեւակեան, որոնք անդրադարձան կազմակերպութեան անցեալին, ներկային եւ ապագայի տեսլականին։
Ձեռնարկի ամէնէն յուզիչ պահը նուիրուած էր Հ.Օ.Մ.-ի այն վաստակաւոր անդամուհիներուն ու բարերարներուն, որոնք յիսուն տարիներ իրենց կեանքը ձօնած են կազմակերպութեան ծառայութեան։ Անոնց տասնամեակներու անսակարկ նուիրումն ու հաւատարմութիւնը արժանացան յատուկ գնահատանքի եւ պարգեւատրումի՝ ի խորոց սրտի երախտագիտութեան մթնոլորտի մը մէջ։
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Հ.Օ.Մ.-ի ազգանուէր եւ բարեսիրական առաքելութիւնը՝ ընդգծելով կազմակերպութեան անփոխարինելի դերը համայնքային, մշակութային եւ մարդասիրական կեանքին մէջ։ Ան շնորհաւորեց պարգեւատրուած Հ.Օ.Մ.-ուհիները եւ մաղթեց անոնց առողջութիւն ու երկար տարիներու ծառայութիւն, ապա օրհնական աղօթքով փակեց ձեռնարկը։
Յայտագրի աւարտին ներկաները վայելեցին համեղ հիւրասիրութիւն եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ շարունակեցին իրենց զրոյցները։
Շրջանային Վարչութիւնը երախտագիտութեամբ կ՚արձանագրէ բոլոր կամաւորներուն նուիրումը, որոնց աշխատանքը կարելի դարձուց այս յաջող ձեռնարկը։

Ժողովուրդիս հետ Ժողովուրդիս համար
12/06/2026

Ժողովուրդիս հետ Ժողովուրդիս համար

🇦🇲 Our Home is Open Again! 🇦🇲🇦🇲 Հայ Մշակութային Կեդրոնի դռները վերստին կը բացուին 🇦🇲ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւ...
06/06/2026

🇦🇲 Our Home is Open Again! 🇦🇲

🇦🇲 Հայ Մշակութային Կեդրոնի դռները վերստին կը բացուին 🇦🇲

ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, իր չորս մասնաճիւղերով, ուրախ է ձեզ հետ կիսելու այս յատուկ առիթը՝ նշելու Հայ Մշակութային Կեդրոնի պաշտօնական վերաբացումը։

Միացէ՛ք մեզի ջերմ եւ բարեկամական նախաճաշի, հաճելի հանդիպումներու եւ հայկական ջերմ մթնոլորտով լեցուն առաւօտի մը համար։ Վայելեցէ՛ք համեղ նախաճաշ եւ հաճելի պահեր անցուցէ՛ք ընտանիքի, բարեկամներու եւ սիրելիներու հետ։

📅 Կիրակի, 28 Յունիս 2026
⏰ Առաւօտեան 9։00 – Կէսօրուան 1։00
📍 Ակումբ, 259 Penshurst Street, Willoughby

❤️💙🧡 Սիրով կը սպասենք ձեր բոլորին։

ARS Australia - Armenian Relief Society Australia Armenian Relief Society - Sosseh Chapter Australia Ars Arax Chapter Sydney Armenian Relief Society Nayiri Chapter, Melbourne Australia Ars Araz Chapter Sydney

 #ՆայիրիՄասնաճիւղ
03/06/2026

#ՆայիրիՄասնաճիւղ

💙 Just one day to go!Tomorrow, we come together to celebrate ARS Day and recognise the remarkable members whose dedicati...
30/05/2026

💙 Just one day to go!

Tomorrow, we come together to celebrate ARS Day and recognise the remarkable members whose dedication and service have made a lasting impact on our community.

🗓️ Sunday, 31 May 2026
⏰ 5:00 PM
📍 North Ryde School of Arts Community Centre
201 Coxs Rd, North Ryde NSW 2113

We can’t wait to celebrate with you. See you tomorrow! 💙

💙 ՀՕՄ-ի Օր, Գնահատանքի եւ Նուիրումի Երեկոյ 💙

Կը հրաւիրենք ձեզ միանալու ՀՕՄ-ի Օրուան գեղեցիկ հանդիսութեան՝ նուիրուած ՀՕՄ-ի առաքելութեան, ծառայութեան եւ համայնքային նուիրումին։

🗓️ Կիրակի, 31 Մայիս 2026
⏰ Ժամը 5-ին
📍 North Ryde School of Arts Community Centre, 201 Coxs Rd, North Ryde 2113

✨ Յատուկ պարգեւատրում՝ 50 տարուայ ՀՕՄ-ի ծառայող ընկերուհիներուն
✨ Ձեռնարկի աւարտին՝ համեստ հիւրասիրութիւն

Սիրով կը սպասենք ձեր բոլորին

Armenian Relief Society - Sosseh Chapter Australia Armenian Relief Society Nayiri Chapter, Melbourne Australia Ars Arax Chapter Sydney Ars Araz Chapter Sydney

#ՀՕՄ #ՀՕՄիՕր

Thank you to the City of Ryde for recognising and celebrating Armenia’s Independence Day with our community. We truly ap...
29/05/2026

Thank you to the City of Ryde for recognising and celebrating Armenia’s Independence Day with our community. We truly appreciate the opportunity to come together, honour our heritage, and share this special occasion with the wider community.
We are grateful for your continued support and recognition. ❤️🇦🇲🙏

 #ՆայիրիՄասնաճիւղ
29/05/2026

#ՆայիրիՄասնաճիւղ

Thank you to City of Greater Dandenong for welcoming two of our commitee members to the Leadership Workshop on Tuesday.

It was an enjoyable morning with our commitee members joining in discussions and meeting other community leaders.

We look forward to the next workshop in August and stay committed to advancing our work for our community.

28/05/2026
25/05/2026

MAYIS 28 - Exclusive Broadcast

Join us for a special program celebrating the First Republic of Armenia, presented by Armenia Media.

Tune in for an evening of history, culture, and Armenian pride.
Don’t miss the live Facebook stream as we commemorate together. ❤️💙🧡

Address

Willoughby, NSW
2068

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when ARS Australia - Armenian Relief Society Australia posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Organization

Send a message to ARS Australia - Armenian Relief Society Australia:

Share