07/09/2026
ՄԱՐԶԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Անցնող Շբաթուան ընթացքին դարձեալ բազմաթիւ հիւրեր ունեցանք, որոնք այցելելով ՀՕՄի կեդրոնը մեծապէս տպաւորուեցան հոն ընթացող աշխատանքներով։
Այս հիւրընկալումներէն անկախ Հինգշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2026ին ընկհ. Սօնա Սարաճեան այցելեց ՀՕՄի Հրազդանի «Շուշան Պահլաւունի» մասնաճիւղ եւ ներկայ գտնուեցաւ անոր ընդհանուր ժողովին։ Շաբաթ, 5 Օգոստոսին ընկհ. Մարօ Քէշիշեան հանդիպում մը ունեցաւ Շիրակի մարզի մէջ գործող ՀՕՄի Գիւմրիի, Ախուրեանի եւ Մարալիկի մասնաճիւղերու Վարչութեանց ներկայացուցիչներուն հետ։ Կիրակի, 6 Օգոստոսին ընկհ. Հռիփսիմէ Նահապետեան առանձինն հանդիպումներ ունեցաւ Վայոց Ձորի ՀՕՄի Վայքի, Արենիի եւ Եղեգնաձորի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն հետ։ Բոլոր հանդիպումներուն ալ ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան անդամները լսեցին մասնաճիւղերու գործունէութիւնները եւ իրենց օգտակար խորհուրդները տուին անոնց ապագայ գործունէութեանց մասին։