Հայաստանի Քեսապցիներու Համախմբում - Kessabtsis in Armenia

  • Home
  • Armenia
  • Yerevan
  • Հայաստանի Քեսապցիներու Համախմբում - Kessabtsis in Armenia

Հայաստանի Քեսապցիներու Համախմբում - Kessabtsis in Armenia Contact information, map and directions, contact form, opening hours, services, ratings, photos, videos and announcements from Հայաստանի Քեսապցիներու Համախմբում - Kessabtsis in Armenia, Community Center, Armenia, Yerevan.

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ֊ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔՍիրելի՛ հայրենակիցներ,Արդէն իսկ Հայաստանի մէջ ալ աւանդութեան վեր...
29/07/2026

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ
ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ֊ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Արդէն իսկ Հայաստանի մէջ ալ աւանդութեան վերածուած է Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխումը տօնական մթնոլորտով տօնելը՝ ինչպէս է պարագան Քեսապի մէջ: Արդարեւ, այս տարի եւս, Երեւանի մէջ, Մխիթարեան Ճեմարանէն ներս (Աւան, Թամրուչի փողոց 36), Շաբաթ 15 եւ Կիրակի 16 Օգոստոս 2026-ին պիտի ունենանք մեր աւանդական մատաղօրհնէքն ու խաղողօրհնէքը:
Անոնք որոնք կը փափաքին Շաբաթ երեկոյեան ներկայ գտնուիլ, կրնայ Մխիթարեան Ճեմարան ներկայանալ երեկոյեան ժամը 19:00-էն սկսեալ:
Իսկ Կիրակի, 16 Օգոստոս առաւօտեան ժամը 11:00-ին, պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ մատաղի (հերսիայի) եւ խաղողի օրհնութիւն:
- Տօնական մթնոլորտ, խրախճանք
Մատաղցու ոչխար, աքլոր կամ սրտաբուխ որեւէ գումար նուիրելու համար կը խնդրուի նկատի ունենալ հետեւեալը.-
- Փոխան ոչխարի 50000 դրամ:
- Փոխան աքլորի 10000 դրամ:
- Սրտաբուխ որեւէ գումար:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ համաժողովրդական ուխտին, կրնան իրենց նուիրատուութիւնները փոխանցել`
- Ռաֆֆի Ղազարեանին 041 09 11 72:
- Խաչօ Նազարեանին 077 71 28 44:
- Մարալ Կարճիկեանին 093 12 87 66:
Կը հաւատանք, որ Քեսապի բարքերն ու սովորութիւնները, տօներն ու աւանդութիւնները վառ պահելն ու ապրեցնելը մեր բոլորին պարտականութիւնն է:
Կը սպասենք բոլորին:

27/07/2026
ԲԱՐԵԿԱՐԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆՍիրելի հայրենակիցներ, Սիրով կը տեղեկացնենք, թէ Աւանի Մխիթարեան Ճեմարանի ...
27/07/2026

ԲԱՐԵԿԱՐԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ

Սիրելի հայրենակիցներ,

Սիրով կը տեղեկացնենք, թէ Աւանի Մխիթարեան Ճեմարանի շրջաբակէն ներս շուրջ մէկ ամիս առաջ սկիզբ առած բարեկարգման աշխատանքները կը մօտենան իրենց աւարտին։

Անոնք որոնք կը փափաքին իրենց օժանդակութիւնը ունենալ ֆիզիքապէս կամ նիւթապէս, կրնան կապ հաստատել յանձնախումբի հետեւեալ անդամներուն հետ.

Խաչօ Նազարեան 077 71 28 44։
Յակոբ Քորթմոսեան 055 70 98 90։

26/07/2026

Այսօր, Կիրակի, 26 Յուլիս 2026֊ին, Աւանի Մխիթարեան Ճեմարանի շրջաբակէն ներս, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք խումբ մը քէսապցի տղաք շարունակեցին բարեկարգման աշխատանքները, որոնք արդէն իրենց աւարտին կը մօտենան։ Մեծ ուրախութիւն էր Քէսապի արժանաւոր զաւակ` Հայր Համազասպ Քէշիշեանի ներկայութիւնը այսօր, որու օրհնութեամբ եւ զօրակցական աղօթքով սկիզբ առին այսօրուան աշխատանքները։
Վարձքը կատար բոլորին։

ԲԱՐԵԿԱՐԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ՄԵԾ ԹԱՓՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ
20/07/2026

ԲԱՐԵԿԱՐԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ՄԵԾ ԹԱՓՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Address

Armenia
Yerevan

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Հայաստանի Քեսապցիներու Համախմբում - Kessabtsis in Armenia posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Shortcuts

Share