ՀՕՄի Երևանի «Կռունկ» Մասնաճիւղ- ARS Yerevan "Groung" Chapter

  • Home
  • Armenia
  • Yerevan
  • ՀՕՄի Երևանի «Կռունկ» Մասնաճիւղ- ARS Yerevan "Groung" Chapter

ՀՕՄի Երևանի «Կռունկ» Մասնաճիւղ- ARS Yerevan "Groung"  Chapter «Ժողովուրդիս հետ , Ժողովուրդիս համար»

15/05/2026
💐 ՀՕՄ-ի Երեւանի «Կռունկ» մասնաճիւղի անդամական 14_րդ ժողով 💐   Երկուշաբթի, 11 Մայիս 2026-ին, ժամը 12-ին, ՀՕՄ-ի  կեդրոնի «...
13/05/2026

💐 ՀՕՄ-ի Երեւանի «Կռունկ» մասնաճիւղի անդամական 14_րդ ժողով 💐

Երկուշաբթի, 11 Մայիս 2026-ին, ժամը 12-ին, ՀՕՄ-ի կեդրոնի «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» սրահին մէջ գումարուեցաւ ՀՕՄ-ի Երեւանի «Կռունկ» մասնաճիւղի անդամական 14_րդ ժողովը։ Ժողովին ներկայ էին մասնաճիւղի գործօն եւ նուիրեալ անդամուհիները։
Ժողովը բացուեցաւ ՀՕՄ-ի քայլերգով՝ այնուհետեւ ընթացաւ ըստ օրակարգի կէտերուն՝ կազմակերպուած, հեզասահ եւ նպատակաուղղուած ընթացքով։
Ատենադպրուհի' ընկհ. Մարինա Խարաճեան ընթերցեց նախորդ ժողովի ատենագրութիւնը, որ միաձայնութեամբ հաստատուեցաւ։
Մասնաճիւղի ատենապետուհի' ընկհ. Մակի Արծիւեան ներկայացուց նախորդ ամսուան գործունէութեան բովանդակալից զեկոյցը՝ ամփոփելով իրականացուած նախաձեռնութիւնները եւ անդրադառնալով յառաջիկայ ձեռնարկներուն։
Դաստիարակչական յանձնախումբէն ընկերուհիներ' Ալին Լէպլէպճեան և Հուրի Սալլաքեան շատ հաճելի ձեւով ներկայացուցին Մայիս ամսուայ կրօնական և ազգային տօներուն' Համբարձման և Մայիս 28 հայաստանի առաջին անկախութեան ընթացքին հայ ազգասէր և դիւցազուն կանանց մասին, որոնք իրենց կարելին ըրած են օժանդակելու և օգնութեան հասնելու ժողովուրդի կարիքներուն։
Հետաքրքրական խաղի ձեւով տեղի ունեցաւ վիճակահանման արարողութիւն, ետքը ընկերուհիները մեծ խանդավառութեամբ երգեցին
"Համբարձում յայլա" և "Սարդարապատ" երգերը։
Ատենապետուհի' ընկհ. Մակի Արծիւեան շնորհակալութիւն յայտնեց դաստիարակչական յանձնախումբի ընկերուհիներուն։
Ժողովի օրակարգի աւարտէն ետք, ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ Մայիս ամսուան ծնած ընկերուհիներուն տարեդարձը 🎂 անոնք արժանանացան սրտագին շնորհաւորանքներու եւ յատկանշական նուէրի մը՝ իբրեւ սիրոյ եւ գնահատանքի արտայայտութիւն։
Հանդիպումը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ․ ընկերուհիները համախմբուեցան սուրճի եւ հաճելի զրոյցներու շուրջ՝ համտեսելով համեղ անուշեղենի հիւրասիրութիւնը։
Սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր նուիրատուներուն եւ աջակիցներուն՝ իրենց ազնիւ մասնակցութեան համար։ 🌷🌹🌷

🙏Ապրիլ 24-ը մեր ազգային յիշողութեան սրբազան օրն է։Խոնարհումով կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակները՝ մեր սրտե...
23/04/2026

🙏Ապրիլ 24-ը մեր ազգային յիշողութեան սրբազան օրն է։
Խոնարհումով կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակները՝ մեր սրտերուն մէջ պահելով անոնց յիշատակը։
Կը յիշենք, կը խոնարհինք եւ կը պահանջենք արդարութիւն։👊👊

23/04/2026

Justice, recognition, and rightful restitution for the Armenian people.

💐 ՀՕՄ-ի Երեւանի «Կռունկ» մասնաճիւղի անդամական տասնը երրորդ ժողով 💐Երկուշաբթի, 13 Ապրիլ 2026-ին, ժամը 12-ին, ՀՕՄ-ի  կեդրո...
15/04/2026

💐 ՀՕՄ-ի Երեւանի «Կռունկ» մասնաճիւղի անդամական տասնը երրորդ ժողով 💐

Երկուշաբթի, 13 Ապրիլ 2026-ին, ժամը 12-ին, ՀՕՄ-ի կեդրոնի «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» սրահին մէջ գումարուեցաւ ՀՕՄ-ի Երեւանի «Կռունկ» մասնաճիւղի անդամական տասնը երրորդ ժողովը։ Ժողովին ներկայ էր ՀՕՄ Հայաստանի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի և «Կռունկ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ' ընկհ. Մարօ Քէշիշեան ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի գործօն եւ նուիրեալ անդամուհիները։
Ժողովը բացուեցաւ ՀՕՄ-ի քայլերգով՝ այնուհետեւ ընթացաւ ըստ օրակարգի կէտերուն՝ կազմակերպուած, հեզասահ եւ նպատակաուղղուած ընթացքով։
Ատենադպրուհի ընկհ. Մարինա Խարաճեանը ընթերցեց նախորդ ժողովի ատենագրութիւնը, որ միաձայնութեամբ հաստատուեցաւ։
Մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Մակի Արծիւեանը ներկայացուց նախորդ ամսուան գործունէութեան բովանդակալից զեկոյցը՝ ամփոփելով իրականացուած նախաձեռնութիւնները եւ ընդգծելով մասնաճիւղի գործօն մասնակցութիւնը համայնքային եւ ազգային կեանքին մէջ։ Ան ներկայացուց նաեւ յառաջիկայ ձեռնարկները։
Օրուան դասախօսն էր' ՀՕՄ Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի եւ մասնաճիւղիս ներկայացուցիչ ընկհ. Մարօ Քէշիշեան , որ շատ հեզասահ և հետաքրքիր կերպով ներկայացուց ժողովավարական կանոնները, անդրադառնալով ժողովներու կարգապահութեան , օրակարգի կէտերու որոշման, նոր վարչութեան ընտրութեան տարբեր քուէարկութեան ձեւերու և այլ կարեւոր նիւթերու մասին։
Ատենապետուհի ընկհ. Մակի Արծիւեան ջերմ շնորհակալութիւն յայտնեց ընկհ. Մարոյին՝ իր օգտաշատ եւ միութենականի համար խիստ կարեւոր դասախօսութեան համար, փոխանցելով յիշատակի նուէր մը վարչութեան կողմէ։
Ժողովի օրակարգի աւարտէն ետք, ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ Ապրիլ ամսուան ծնած ընկերուհիին տարեդարձը.🎂 ան արժանանացաւ սրտագին շնորհաւորանքներու եւ յատկանշական նուէրի մը՝ իբրեւ սիրոյ եւ գնահատանքի արտայայտութիւն։
Հանդիպումը աւարտեցաւ հաւկթախաղով և հիւրասիրութեամբ․ ընկերուհիները համախմբուեցան սուրճի եւ հաճելի զրոյցներու շուրջ՝ վայելելով նաեւ համեղ անուշեղենի հիւրասիրութիւնը։
Սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր նուիրատուներուն եւ աջակիցներուն՝ իրենց ազնիւ մասնակցութեան համար։
Թող Ամենակարող Աստուած առատապէս վարձատրէ բոլորին եւ օրհնէ մեր աշխատանքները՝ պարգեւելով նորանոր յաջողութիւններ։ 🌷🌹🌷

🌸🌷🌸Այս գեղեցիկ գարնանային օրը թող ըլլայ նոր կեանքի, նոր յոյսերու և անսպառ սիրոյ սկիզբ։Թող մայրական սէրն ու կանացի քնքշու...
07/04/2026

🌸🌷🌸Այս գեղեցիկ գարնանային օրը թող ըլլայ նոր կեանքի, նոր յոյսերու և անսպառ սիրոյ սկիզբ։
Թող մայրական սէրն ու կանացի քնքշութիւնը շարունակեն լուսաւորել աշխարհը։
Թող ձեր հոգին ըլլայ խաղաղ, իսկ օրերը՝ օրհնուած։🙏🌷🌸🌷

🌿Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց,Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի։🌿Թող Յարութեան կենսատու լոյսը լուսաւորէ ձեր հոգին,լեցնէ զայն հաւ...
04/04/2026

🌿Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց,
Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի։🌿
Թող Յարութեան կենսատու լոյսը լուսաւորէ ձեր հոգին,
լեցնէ զայն հաւատքով, յոյսով եւ աստուածային սիրով։🌿
Թող մեր Տիրոջ հրաշափառ Յարութեան աւետիսը
վերանորոգէ ձեր հոգին,
զօրացնէ ձեր հաւատքը
եւ առաջնորդէ ձեզ դէպի արդարութեան եւ լոյսի ճամբան🙏🌿 և այս սրբազան տօնին պայծառ լոյսին ներքոյ
թող ձեր կեանքը լեցուի օրհնութեամբ,
ձեր ընտանիքը՝ համերաշխութեամբ,
եւ ձեր սիրտը՝ անսահման խաղաղութեամբ։
Շնորհաւոր Ս. Զատիկ 🐣🐰

01/04/2026

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը $440,500 կը յատկացնէ հայրենի եւ սփիւռքեան հաստատութիւններու եւ ծրագիրներու
---

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը Ուաթըրթաունի իր նստավայրին մէջ գումարեց իր լիագումարը, հինգշաբթի մարտ 19, 2026-էն մինչեւ կիրակի մարտ 22, 2026։

Լիագումարին օրակարգը գերյագեցած էր Միութեան բազմաբնոյթ գործունէութեան առնչուած տարբեր նիւթերով, որոնք հանգամանօրէն քննարկուեցան եւ տրուեցան համապատասխան որոշումներ։

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ միաձայնութեամբ կայացուց որոշում, որուն հիմամբ տարբեր հաստատութիւններու եւ ծրագրերու կատարուեցան նիւթական յատկացումներ, այն խոր համոզումով, որ Սփիւռքի տարածքին գործող մեր կառոյցները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ իրականացուող տարբեր բնոյթի միութենական թէ անհատական օգտաշատ ծրագրերը, իրենց կարեւոր ներդրումը ունին հայութեան հաւաքական կեանքին մէջ։

Առ այդ կը յայտարարենք,որ նիւթական օժանդակութիւններ յատկացուեցան՝ Պոսթընի ՀԵԴ «Հայաստան» ճամբարին, Լոս Անճելըսի ՀԵԴ ճամբարին, Ֆրանսայի Կապոյտ Խաչի «Պէլ Ֆոնթէն» ճամբարին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի ՀՕՄ-ի «Նորսիկեան» մանկապարտէզին, Պուլկարիոյ «Սօսէ» մանկապարտէզներուն, ՀՕՄ-ի Արժանթինի եւ Պրազիլի տարէցներու տուներուն, Լիբանանի Պուրճ Համուտ քաղաքին եւ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ գործող՝ Ազգային Միացեալ Վարժարանին եւ Ազգային Քարէն Եփփէ Քոլէճին, ՍՕԽաչի եւ ԼՕԽ-ի «Տաք Ճաշ» ծրագրերուն, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի շողանկարումի սարքին Carestream-CR classic գործիքին գնման, արցախահայ հաշմանդամ երեխաներու հոգատարութեան եւ նշանաւոր դիւանագէտ եւ գործիչ Տիանա Աբգարի մասին վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեան ծրագրին։

Այս յոյժ կենսական յատկացումներուն ընդհանուր գումարը կը կազմէ $440,500 ամերիկեան տոլար։

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը խորապէս կը հաւատայ, որ ազգային, երիտասարդական, կրթական, բարեսիրական թէ այլ կառոյցները եւ հիմնարկները իրենց առանցքային դերակատարութիւնը ունին մեր ժողովուրդին բարօրութեան եւ նորահաս սերունդներուն դաստիարակութեան առաքելութեան մէջ։

Վերոյիշեալ յատկացումները գործնական թարգմանութիւնն են այս համոզման։

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

🌷Թող Ծաղկազարդի օրհնաբեր լոյսը լեցնէ ձեր սիրտերը խաղաղութեամբ,🙏եւ ձեր տուները՝ սիրով ու օրհնութեամբ։Իսկ այս սրբազան օրը ...
28/03/2026

🌷Թող Ծաղկազարդի օրհնաբեր լոյսը լեցնէ ձեր սիրտերը խաղաղութեամբ,🙏
եւ ձեր տուները՝ սիրով ու օրհնութեամբ։
Իսկ այս սրբազան օրը թող նորոգուի ձեր հաւատքը,եւ ձեր կեանքը ծաղկի որպէս գարնան առաջին բողբոջները։🌸🌷🪻

🌿 Բարի և Օրհնեալ Ծաղկազարդ.🌿
Թող Տիրոջ օրհնութիւնը մշտապէս հովանի ըլլայ ձեզի եւ ձեր ընտանիքին։💐💐

💐💐Հայ օգնութեան միութիւնը միշտ կարեւորած է մեր ազգային և եկեղեցական տօները, իսկ ՀՕՄ_ի Երեւանի " Կռունկ" մասնաճիւղը հաւատ...
13/03/2026

💐💐Հայ օգնութեան միութիւնը միշտ կարեւորած է մեր ազգային և եկեղեցական տօները, իսկ ՀՕՄ_ի Երեւանի " Կռունկ" մասնաճիւղը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, ամէն տարի կը տօնէ Միջինքը' պահպանելու հայկական աւանդութիւնը և փոխանցելու զայն սերունդէ սերունդ։
🌹Այս տարի եւս "Կռունկ" մասնաճիւղի վարչութիւնը, 11 Մարտ 2026_ի կէսօրուան ժամը 12_ին, ընկերուհիներու հոծ բազմութեամբ նշեց Միջինքը "Զէյն" ճաշարանի շքեղ զարդարուած սրահէն ներս։
Օրուայ հանդիսավարն էր ընկհ. Արփի Առաքելեան, որ շնորհաւորելով բոլոր ներկաներուն Միջինքը , հրաւիրեց մասնաճիւղի ատենապետուհի' ընկհ. Մակի Արծիւեանը փոխանցելու բացման խօսքը։ Ընկհ. Մակին իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Միջինքի հետ կապուած աւանդութիւններու մասին " Մեր ժողովուրդը Միջինքը նշած է աղօթքով, ընտանեկան համախմբումով և գեղեցիկ սովորութիւններով' պահպանելով իր հաւատքն ու ինքնութիւնը"։
⚘️🌹🥀Որովհետեւ Միջինքը կը զուգադիպի գարնան ամսուան , կարելի չէր չնշել գարնան գեղեցկագոյն տօները Մարտ 8 , կանանց գեղեցկութեան տօնը և Մայրերու տօնը։ Ուստի ընկհ. Արփին շնորհաւորելով բոլորին տօները, մաղթեց որ մնան միշտ քնքուշ, սիրուած և շրջապատուած սիրելի հարազատներով։
🌷Ընտրուեցաւ օրուայ բախտաւորը սեղաններուն վրայ զետեղուած շնորհաւորական բացկներուն միջոցաւ։
Բախտաւոր էինք որ ձեռնարկին ներկայ էին հինգ գեղեցկուհի հարսնցուներ, որոնք վարչութեան և տիկ. Դալար Արապեանի կողմէ ստացան նուէրներ և մաղթանքներ կազմելու ամուր հայ ընտանիք լի սիրով և համերաշխութեամբ ։ Ապա պարի բացումը եղաւ հանրայատ տի ճէյ Շանթի և թմբկահար Արամ Տաղլեանի ընկերակցութեամբ։
🌸Ֆոթոսեսեան առանցնացաւ իր նրբաճաշակ զատկուայ ձեւաւորմամբ' յարդարուած ընկհ. Գարլա Մասոյեանի կողմէ։ Լուսանկարիչ Ճիմին իր մասնագիտական մօտեցումով կրցաւ որսալ ամենագեղեցիկ և անկեղծ պահերը' զանոնք վերածելով յիշարժան լուսանկարներու։
💐🎉Ձեռնարկը ընթացաւ շատ հաճելի,ջերմ և ճոխ մթնոլորտի մէջ։🐰 Նապիկին այցելութեամբ աւելի եւս ճոխացաւ մթնոլորտը։ Նապիկը բոլոր ներկաներուն հիւրասիրեց Կաթաներ և ըստ աւանդոյթի ընտրուեցան սեղաններու բախտաւոր ընկերուհիներ , որոնք շուրջպարով ճոխացուցին մթնոլորտը։
Շրջանայինի Սրտի խօսք փոխանցեց շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի և մասնաճիւղիս ներկայացուցիչ' ընկհ. Մարօ Քէշիշեան, որ անդրադարձաւ հայ ընտանիքի կարեւորութեան և ՀՕՄ_ի առաքելութեան մասին, նշելով որ ՀՕՄ_ ը միջոց է պահպանելու մեր լեզուն, մեր մշակոյթը և մեր դպրոցը ան մեծ դեռ ունի մշակոյթի զարգացման և պահպանութեան մէջ, ՀՕՄ_ը միշտ իր ժողովուրդին հետ է ինչպէս որ իր կարգախօսը «ժողովուրդիս հետ ժողովուրդիս համար»։
Մասնաճիւղիս ատենապետուհի ընկհ. Մակի Արծիւեան վարչութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց տի ճէյ Շանթին , թմբկահար Արամ Տաղլեանին, նկարիչ Ճիմիին և ընկհ. Գարլա Մասոյեանին , որոնք բոլորն ալ սիրայօժար և նուիրաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին ձեռնարկի յաջողութեան և յատկանշական նուէրներով պատուեց բոլորին։
🙏💗Այս ձեռնարկի յաջողութեան համար կ'ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ իմաստաւորեցին մեր ձեռնարկը, բոլոր նուիրատուներուն և հովանաւորներուն' ի մասնաւորի ընկերային յանձնախումբի ընկերուհիներուն և իրենց կապին ընկհ. Մարինա Պալապանեանին , որոնք մեծապէս օժանդակեցին ձեռնարկին պատրաստութեան և աշխատանքներուն։💗
⚘️🌹🥀Կը մաղթենք որ Մեծ Պահքի երկրորդ կէսը բոլորիս համար ըլլայ խաղաղ , օրհնաբեր և շնորհներով լեցուն։
Բարի Միջինք , բարով հասնինք Սուրբ Յարութեան։🙏💐
La Beaute
Carla V. Andonian Masoyan
Zen restaurant Yerevan
Prestige Media Group Jimmy Hajjar
Dj Shant Kotchian

Address

Yerevan

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when ՀՕՄի Երևանի «Կռունկ» Մասնաճիւղ- ARS Yerevan "Groung" Chapter posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Share